ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի փոխնախագահ, հայ ժողովուրդի լաւ բարեկամ Եանիս Մանեաթիսի հետ քննարկեց փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ, որուն մէջ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ աւելի քան տասը տարուան բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու խորացման վերաբերող հետագայ աշխատանքները:
Նկատի ունենալով Մանեաթիսի կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յունական ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավարի հանգամանքը կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՓԱՍՈՔ-ի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան մօտեցումները` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական ընթացիկ զարգացումներու եւ արտաքին մարտահրաւէրներու վերաբերեալ: Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման հարցին, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ առհասարակ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներուն, որոնց կարգին` վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութեան հարցերուն:
Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս հարցերուն վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի, ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի դիրքորոշումներուն եւ անձնապէս Ե. Մանեաթիսի ներդրած ջանքերուն համար:


