Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենը վերջերս հանդիպում ունեցաւ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինք խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը եւ «Թրամփի ուղի» նախագիծը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն:
Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման եւ խաղաղութիւնը տնտեսական կարելիութիւններու վերածելու ջանքերուն, շրջանային փոխկապակցուածութեան ընդարձակման եւ Հայաստանի ու շրջանին համար առաւել բարեկեցիկ ապագայի խթանման:


