Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները այդ երկրի դերակատարութեան մասին հարցականներ կը ստեղծեն: Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին եւ յատկապէս Ծոցի մէջ եղանակ ճշդող պետութիւն կը նկատուի: Ծոցի արաբական երկիրները արբանեակային կարգավիճակի մէջ էին յարաբերակցաբար Ռիատին: Ռիատը ոչ միայն կրօնական առումով կեդրոնի հանգամանք ունէր, այլ նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական: Քաթարի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը օրին կ՛առնչուէր Քաթար-Իրան յարաբերութիւնները բնականոն պահելու Տոհայի որոշումին, հիմնականին մէջ: Թուրքիոյ հետ եւս կար քաղաքական մակարդակի առճակատում, նոյնիսկ թրքական որոշ ապրանքներու ներմուծման սահմանափակում, որ մեծ հաշուով կը բացատրուէր արաբական աշխարհի, յատկապէս սիւննի զանգուածին վրայ ազդեցութեան մրցապայքարով:

Դերի փոփոխութեան համազօր երեւոյթ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը: Ապու Տապին կը շտապէր Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, մինչ Ռիատը դէմ էր այդ շտապողականութեան:

Աւելի ետ երթանք եւ յիշենք Չինաստանի մէջ Ռիատ-Թեհրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հանդիպումն ու համաձայնութիւնը: Փեքինի միջնորդութիւնն ու երաշխաւորութիւնը երկարատեւ խզումին եւ թշնամանքին վերջ դնելու գործընթաց հունաւորող հանգամանքներ կը պարփակէր:

Հաւանաբար ճիշդ այս երեւոյթն էր, որ հետզհետէ սկսաւ սուղ արժել Ռիատին: Իր տարածքին վրայ ամերիկեան ռազմակայաններ ընդունած, զինուորապէս Ուաշինկթընէն կախեալ Ռիատը քայլ կ՛առնէր դէպի Չինաստան եւ անոր միջնորդութիւնն ու երաշխաւորութիւնը կ՛ընդունէր Թեհրանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու: Եթէ Ապու Տապին կը շտապէր դէպի Իսրայէլ, ապա Ռիատը կը շտապէր դէպի Իրան, այն ալ Չինաստանի ճամբով:

Այս քայլը հետեւանքներ կ՛ունենայ հիմա: Իրանը, որ յարաբերութիւններ հաստատելու որոշում ունէր Սէուտական Արաբիոյ հետ, կը հարուածէր Սէուտական Արաբիոյ տարածքին գտնուող ամերիկեան յենակէտեր եւ ուժանիւթի արտադրման առումով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտեր:

Շարունակենք հարուածներ ստանալու երեւոյթներու շարանը, տեսնելու համար հուսիներու անարգել արշաւանքներն ու յարձակումները Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Քաղաքացիական օդակայաններու հրթիռակոծումները արդէն կը հատէին կարմիր գիծերը` Սէուտական Արաբիան խորապէս խոցելի տարածքի վերածելով:

Ուշագրաւ կէտեր կան այս բոլորին մէջ: Նախ այն, որ Միացեալ Նահանգներ մերժեցին ներգրաւուիլ հուսիներ-Սէուտական Արաբիա պատերազմին, անտեսելով Ռիատը պաշտպանելու կոչերը: Իրան հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութեամբ առ այն, որ պատրաստ է միջնորդելու այս հակամարտութեան, հակառակ անոր որ շատ բացայայտ իրողութիւն է հուսիներուն իրանեան օժանդակութեամբ ռազմական միաւոր ըլլալու փաստը: Աւելի ուշ Գահիրէն էր, որ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր, Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութեան կոչին ընդառաջելու «որեւէ տեսակի աջակցութիւն» խոստանալով:

Պատկերը այսպէս է: Սէուտական Արաբիան չի ստանար իր դաշնակից Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը: Հուսիները կը շարունակեն իրենց յարձակումները , թիրախաւորելով նոյնիսկ քաղաքացիական օդակայանները, անդամալուծելու համար ամբողջ երկիրը: Հուսիներու հովանաւոր Իրանը միջնորդութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, իսկ Եգիպտոսը` օժանդակութեան:

Սէուտական Արաբիան գին կը վճարէ: Գուցէ շրջանցելով Ուաշինկթընը Չինաստանի միջնորդութիւնը ընդունելու եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Փեքինի եռակողմ հանդիպումները տեղի ունեցան 6-10 մարտ 2023-ին:

«Ա.»

Նախորդը

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

Յաջորդը

Հետաքրքրական

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։