Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրանն ու Օմանը Հորմուզի նեղուցին մէջ ժամանակաւոր նաւարկման ուղիի շուրջ փոխըմբռնում գոյացուցած են:
Նախարարութիւնը նշեց, որ այս փոխըմբռնման գործադրութեան մանրամասնութիւնները տակաւին կը քննարկուին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Օմանի հետ նաւերու անվտանգ անցումի ուղիի ճշդման վերաբերեալ փոխըմբռնումը Հորմուզի նեղուցի վերաբացման հարցէն տարբեր է:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Հորմուզի նեղուցի կառավարման տեւական որեւէ մեքանիզմ պէտք է նկատի ունենայ Իրանի եւ Օմանի գերիշխանական ու ապահովական նկատառումները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ ալ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներուն իր պատասխանին վերջին ճշգրտումները կը կատարէ, եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` բանակցութիւններուն մէջ ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ իր պարտաւորութիւնները կատարելու համար սրբագրական քայլեր որդեգրելու:


