Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

October 14, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ, մուսալեռցի-այնճարցի Գէորգ Հաճեանին եւ անոր հետ նոյն օրերուն Արցախի համար նահատակուած ութ մուսալեռցի տղոց` Յարութիւն Թիլքեանի, Արմէն Սահակեանի, Գէորգ Բաղդիշեանի, Համլեթ Նգրուրեանի, Նուպար Հանեանի, Ռուբէն Չաթալեանի, Սուրէն Գալոյեանի, եւ Յովհաննէս Ալիշեանի եւ Արցախի բոլոր նահատակներուն յիշատակին:

Ս. պատարագը մատուցեց Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեան, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Այսօր մեր գլուխները կը խոնարհին Արցախի 44-օրեայ պատերազմի յիշատակին առջեւ: Քառասունչորս օրեր, որոնք մեր ժողովուրդին համար դարձան աննկարագրելի ցաւի եւ կորստեան օրեր:  Օրեր, որոնց ընթացքին մայրեր իրենց զաւակներու վերադարձի յոյսով ապրեցան: Անոնցմէ ոմանք վերադարձան, ոմանք վիրաւոր, ոմանք ալ երբեք չվերադարձան, որոնցմէ էր գիւղիս զաւակ Գէորգ Հաճեանը: Գէորգին սէրը մեծ էր Արցախին հանդէպ եւ անոր համար իր թանկագինը` կեանքը զոհեց Արցախի պաշտպանութեան համար: Գէորգ հաւատացողն ու մարմնաւորողն էր մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքին, թէ` «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր ընկերներուն համար» (Յովհաննէս 15-13)»:

Արարողութենէն անմիջապէս ետք բոլոր ներկաները, հայր սուրբն ու Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թօփալեան ուղղուեցան նահատակ Գէորգ Հաճեանի բնակարանը, ուր մուտքի պատին տեղադրուած յուշատախտակին դիմաց հոգեւոր հայրերը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած:

Ապա ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կողմէ խօսք արտասանեց ՀՅԴ- ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի ատենապետ Կարէն Հերկելեանը, որ նշեց, թէ հաւաքուած են ոչ միայն յարգելու մուսալեռցի-այնճարցի նահատակ Գէորգ Հաճեանի յիշատակը եւ խոնարհելու անոր հոգիին դիմաց, այլ` լսելու այն լուռ պատգամը, զոր ան կտակեց մեզի իր կեանքով, իր զոհաբերութեամբ եւ իր արեամբ: Ան յիշեց, որ Գէորգ Հաճեան ինկաւ Արցախի համար` իբրեւ յաւերժօրէն սաւառնող Վարանգաթաղի խիզախ արծիւներէն մէկը:

Կարէն Հերկելեան շեշտեց, որ Արցախը լոկ հողաշերտ մը չէ, պատմութեան մէջ գրուած էջ մը չէ, այլ հայ ժողովուրդի յիշողութեան, մշակոյթի, հաւատքի եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած հայ ինքնութեան ու գոյութեան դարբնոցն է: «Արցախը այն հայրենիքն է, զոր ժողովուրդը կը պահէ իր հոգիին մէջ` իր լեզուով, մշակոյթով, յիշողութեամբ, պատմութեամբ եւ սերունդներուն փոխանցուած պատասխանատուութեամբ: Նահատակ Գէորգ Հաճեանն ու ընկերները այդ սուրբ հողին վրայ իրենց կեանքը զոհաբերեցին` յանուն հայ ժողովուրդի գոյատեւման», ըսաւ ան:

Հերկելեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայ ժողովուրդի ցաւը դարձաւ աւելի խոր, իսկ մեր նահատակներու շարքերը` աւելի երկար, սակայն Գէորգ Հաճեանին ու անոր նման տղոց սխրագործութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ չընկրկիլ եւ շարունակել պայքարը տարբեր բնագաւառներէ ներս` զինուորական-ռազմավարական, դիւանագիտական, քարոզչական, արհեստագիտական, որոնց մէջ գլխաւոր դերակատարները պիտի ըլլան մեր երիտասարդները` ուսումով եւ տարբեր հմտութիւններով: Եզրափակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, որ մենք պէտք է միշտ յարգենք եւ յիշենք մեր նահատակները մեր առօրեային մէջ, սորվինք անոնց պատմութիւնները, պահենք անոնց ընտանիքներուն արժանապատուութիւնը եւ մեր զաւակներուն փոխանցենք ոչ միայն անոնց անձնազոհութիւնը հայրենիքի ազատագրութեան համար, այլ նաեւ` անոնց կեանքը, երազները եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած անյագ սէրը:

«Կը խոնարհինք բոլոր անոնց դիմաց, որոնք իրենց արիւնը թափեցին հայ ժողովուրդի եւ մեր հայրենիքին համար: Թող իրենց յիշատակը մնայ անմահ, հողը` սուրբ, անունը` անջնջելի եւ իրենց զոհաբերութիւնը` մեր խղճին մէջ յաւերժ կենդանի», շեշտեց Կարէն Հերկելեան:

Ապա ներկաները ուղղուեցան «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն կողմէ ծաղկեփունջ մը զետեղուեցաւ նահատակներու յուշակոթողին առջեւ` ի յարգանք Արցախի նահատակներու յիշատակին:

Յիշատակի ձեռնարկը եզրափակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով` յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցելով նահատակներու անմահ յիշատակին:

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրիի Վերադարձը Եւ Աղջկանց Աւարտականը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

October 14, 2026
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով.  Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Գաղութային

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

October 14, 2026
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.