ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Թատրոնը երբեմն մարդը կը ծիծաղեցնէ մոռցնելու համար առօրեայ հոգերը, երբեմն ալ կը ծիծաղեցնէ յիշեցնելու համար այն իրականութիւնները, որոնց մասին հասարակութիւնը կը նախընտրէ լռել: Իսկ երբ երկուքը կը հանդիպին նոյն բեմին վրայ, հանդիսականը կը յայտնուի հետաքրքրական կացութեան մը դիմաց. կը խնդայ իր տեսածին վրայ, բայց երբեմն կը մտածէ նաեւ, թէ արդեօք այդ ծիծաղին ետին որքանո՛վ ծանօթ իրականութիւն մը կը պահուըտի:
Այսպիսի ապրում մը ունեցայ ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ուր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց «Դող` սիրտը գող» կատակերգութիւնը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ:
Ներկայացումը յաջող էր իր ամբողջութեան մէջ: Բեմայարդարումը` գեղեցիկ, ճաշակաւոր եւ նիւթին համապատասխան, լուսաւորումը` մտածուած, իսկ դերակատարներուն խաղարկութիւնը` աշխուժ ու համոզիչ: Հանդիսականներուն քաջալերական ներկայութիւնն ալ, իր կարգին, վկայութիւն մըն էր, որ լիբանանահայ մշակութային կեանքը տակաւին ունի իր հաւատարիմ սիրահարները:
Ներկայացման ամբողջ գործողութիւնը կը զարգանար բնակարանի մը մէջ: Սովորական բնակարան մը` իր դռներով, մուտքերով ու ելքերով, ուր սակայն ընտանեկան կեանքը այնքան խճճուած էր, որ պահ մը հանդիսականն անգամ կրնար կորսնցնել իր կողմնորոշումը` ո՞վ որո՛ւն ամուսինն էր, ո՞վ որո՛ւն կինը, ո՞վ որո՛ւն սիրահարը, եւ ամենակարեւորը` ո՞վ ի՛նչ կը պահէր, որմէ՞…
Այնպիսի խառնաշփոթ մը ստեղծուած էր, որ եթէ բնակարանին պատերը լեզու առնէին, վստահաբար առաջին հերթին իրենք պիտի պահանջէին բացատրութիւն…
Դռները կը բացուէին ու կը գոցուէին, գաղտնիքները կը բացայայտուէին, սուտերը իրարու կը յաջորդէին, իսկ անակնկալները շարունակական հետաքրքրութեան մէջ կը պահէին հանդիսականը: Ամէն անգամ, երբ կը թուէր, թէ հանգոյց մը լուծուեցաւ, նոր բարդութիւն մը կը յայտնուէր…
Եւ այս բոլորը` ծիծաղի ընկերակցութեամբ:
Սակայն ներկայացումին արժէքը միայն ստեղծուած զաւեշտական կացութիւններուն մէջ պէտք չէ փնտռել:
Ընտանեկան անհաւատարմութիւնը, մարդկային փոխյարաբերութիւններու անկեղծութեան բացակայութիւնը, սուտի վրայ կառուցուած յարաբերութիւնները եւ հասարակութեան կողմէ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուող յաճախ ներողամիտ վերաբերմունքը կատակերգութեան խորքը գտնուող հարցերն էին:
Բնակարանը, ուր տեղի կ՛ունենային դէպքերը, կարելի էր նաեւ խորհրդանշական իմաստով դիտել: Անիկա, մէկ ընտանիքի պատկանող բնակարան մը ըլլալով հանդերձ, կրնար ներկայացնել բազմաթիւ ընտանեկան յարկեր, որոնց արտաքին խաղաղութեան ետին երբեմն կը պահուըտին մարդկային բարդ ու ցաւալի պատմութիւններ:
Մանաւանդ երբ անհաւատարմութիւնը կը բացայայտուի, շատ անգամ պատրաստ կը գտնուի նաեւ արդարացումի ծանօթ բառապաշարը:
«Թիւրիմացութիւն մըն էր»:
Եւ ահա այդ մէկ բառը երբեմն այնքա՜ն յարմար կը թուի, որ կրնայ ծառայել իբրեւ վարագոյր` ծածկելու ամբողջ ընտանեկան ողբերգութիւն մը:
Կատակերգութեան մէջ, սակայն, այդ վարագոյրը յաճախ կը վերանայ ամէնէն անյարմար պահուն:
Հանդիսականը կը խնդայ, բայց ծիծաղին մէջ կը զգացուի նաեւ մարդկային վարքագիծին հանդէպ հեգնական քննադատութիւն մը: Որովհետեւ անհաւատարմութիւնը, որքան ալ զաւեշտական դրուագներու առիթ տայ բեմին վրայ, իրական կեանքին մէջ կրնայ` քանդել վստահութիւնը, վիրաւորել մարդկային արժանապատուութիւնը եւ խաթարել ընտանիքի բարոյական հիմքերը:
Այս առումով, «Դող` սիրտը գող» ներկայացումը իր զուարթ ընթացքին մէջ կը պարունակէր նաեւ լուրջ ենթախորք մը:
Դերասաններուն եւ բեմադրիչին յաջողութիւնը
Թատերական ներկայացումի յաջողութեան կարեւոր նախապայմաններէն մէկը դերակատարներուն կողմէ իրենց կերպարներուն իւրացումն է:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի դերակատարները յաջողած էին այս ուղղութեամբ:
Անոնք կրցան իրենց մարմնաւորած կերպարներուն տալ` անհրաժեշտ աշխուժութիւնը, կատակերգական իրավիճակներուն համապատասխան արտայայտչականութիւնը եւ բեմական ներկայութիւնը: Յատկապէս գնահատելի էր այն ճիգը, որով կրցան պահպանել ներկայացումին շարժուն ընթացքը` ընտանեկան խառնաշփոթի բազմաթիւ հանգոյցներուն ընդմէջէն:
Ներկայացման նախօրեակին առիթը ունեցայ կարճ զրոյց մը ունենալ` բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ:
Ան շարժապատկերի մասնագիտական ուսում ստացած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ, ուր դոկտորական վկայականի արժանացած է 2020 թուականին: Ուսումնական տարիներուն հետեւած է նաեւ թատերական դասընթացքներու:
2011 թուականէն ի վեր ստանձնած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավարի եւ բեմադրիչի պատասխանատուութիւնը: Անոր բեմադրական վաստակը կը հաշուէ տասը եւ աւելի ներկայացումներ: Թատերական գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ, իսկ իր նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ արաբական թատերախումբի մը ստեղծումը:
Տէր Ղուկասեան իր բեմադրական աշխատանքը բնորոշեց հետաքրքրական բառով մը` «արկածախնդրութիւն»:
Ան այս բնորոշումը կը կապէ իր ընտրած իւրայատուկ նիւթերուն, որոնց բեմադրութիւնը երբեմն կը պահանջէ համարձակութիւն, նոր մօտեցում եւ պատրաստակամութիւն` անդրադառնալու հասարակութեան մէջ զգայուն նկատուող հարցերու:
Կը կարծեմ, թէ բնորոշումը տեղին է:
Որովհետեւ «Դող` սիրտը գող»-ի նման նիւթ մը բեմ բարձրացնելը որոշ չափով իսկապէս արկածախնդրութիւն է: Մարդկային հասարակութիւնը յաճախ պատրաստ է ուրիշներու ընտանեկան պատմութիւնները հետաքրքրութեամբ լսելու, երբեմն նոյնիսկ` մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու, սակայն աւելի դժուարութեամբ կը հանդուրժէ, երբ նոյն երեւոյթները հրապարակաւ կը ներկայացուին եւ քննադատութեան առարկայ կը դառնան:
Հաւանաբար այս է նաեւ թատրոնի արժանիքներէն մէկը. ան կրնայ բարձրաձայնել այն, ինչ որ յաճախ միայն փսփսուքով կը փոխանցուի առօրեայ կեանքի մէջ:
Տէր Ղուկասեան կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը եւ կը պատրաստէ նոր բեմադրութիւններ:
Անոր ընտրած ճանապարհին մէջ հետաքրքրականը այն է, որ ան կը փորձէ թատրոնը պահել իբրեւ ապրող արուեստ` մարդկային վարքագիծը դիտարկելու, հարցադրումներ կատարելու եւ հանդիսականին հետ հաղորդակցելու միջոց:
Մշակութային ծառայութիւն` դժուարին պայմաններու մէջ
Այս ներկայացումին առիթով անհրաժեշտ կը նկատեմ անդրադառնալ նաեւ լիբանանահայ մշակութային միութիւններու գործունէութեան:
Մենք յաճախ կը գնահատենք բեմ բարձրացող դերասանը, կը ծափահարենք ներկայացումի աւարտին եւ կը հեռանանք սրահէն` մեզի հետ տանելով հաճելի երեկոյի մը տպաւորութիւնը:
Սակայն այդ քանի մը ժամուան հաճոյքին ետին գոյութիւն ունի շաբաթներու, երբեմն ամիսներու աշխատանք:
Փորձեր, դերերու ուսումնասիրութիւն, բեմայարդարում, լուսաւորում, կազմակերպչական աշխատանք, անհատական զոհողութիւններ եւ բազմաթիւ կամաւորներու անաղմուկ մասնակցութիւն:
Առաւել եւս` երբ խօսքը լիբանանահայ իրականութեան մասին է:
Տնտեսական ու ընկերային ծանր պայմաններու մէջ, երբ առօրեայ կեանքի հոգերը յաճախ կը խլեն մարդոց ժամանակն ու տրամադրութիւնը, մշակութային գործունէութիւն կազմակերպելը ինքնին գնահատելի իրագործում մըն է:
Մեր համայնքային թատրոնին դերակատարները, մեծ մասամբ, սիրողներ են` բառին ամենագեղեցիկ իմաստով: Անոնք բեմ կը բարձրանան` թատրոնի հանդէպ սիրով, իրենց մշակութային միութեան նուիրումով եւ համայնքին ծառայելու գիտակցութեամբ:
Հետեւաբար իրենց աշխատանքին արժէքը կարելի է չափել նաեւ այն պատրաստակամութեամբ, որով անոնք իրենց անձնական ժամանակէն բաժին մը կը յատկացնեն հայ մշակոյթին:
Այս իմաստով Համազգայինի եւ անոր «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին աշխատանքը կը շարունակէ կարեւոր աւանդութիւն մը` հայ թատրոնը կենդանի պահելու եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը:
Հայկական թատրոնը նաեւ հանդիպման վայր է: Անոր բեմին վրայ կը հնչէ հայերէն խօսքը, կը դրսեւորուի ստեղծագործական միտքը, կը մշակուի գեղարուեստական ճաշակը, եւ կը պահպանուի համայնքային մշակութային հաղորդակցութիւնը:
Այս բոլորին համար գնահատանքի արժանի են մեր մշակութային միութիւնները, որոնք դժուարութիւններու դիմաց կը շարունակեն ստեղծագործել ու ծառայել:
Գնահատանք` բեմին վրայ եւ բեմին ետին աշխատողներուն
«Դող` սիրտը գող» ներկայացումին յաջողութեան առաջին հերթին գնահատանքի արժանի են Համազգայինը եւ անոր «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը:
Գնահատանքի խօսք` բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին, օգնական բեմադրիչ Փաթիլ Գուլաճեանին, ինչպէս նաեւ դերակատարներ` Ժան Պէքէրճեանին, Սարին Պագգալեանին, Վարդան Ազնաւուրեանին, Անի Պարիկեանին, Դալար Արսլանեանին, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանին եւ Մելիք Պետրոսեանին:
Նոյնքան գնահատելի է ձեւաւորումի պատասխանատու Ասպետ Աւետիքեանին աշխատանքը, որուն նպաստը տեսանելի էր բեմական միջավայրի ճաշակաւոր ներկայացման մէջ:
Շնորհակալութեան արժանի են նաեւ օժանդակ աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած` Փաթիլ Զարմէնեանը, Կարօ Պապէթեանը եւ Նանար Անտոնեանը:
Առանձնայատուկ գնահատանք` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, ինչպէս նաեւ` այն բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնց նիւթական, բարոյական կամ կազմակերպչական աջակցութեամբ կարելի դարձաւ այս ներկայացումին իրագործումն ու յաջողութիւնը:
Թատրոնը հաւաքական արուեստ է: Բեմին վրայ երեւցող իւրաքանչիւր յաջողութեան ետին կան նաեւ անուններ, որոնք թերեւս չեն լսուիր ծափահարութիւններու պահուն, սակայն որոնց աշխատանքը անբաժանելի մասն է ամբողջական արդիւնքին:
Երեկոյեան աւարտին հանդիսականները հեռացան ժպիտով` իրենց հետ տանելով հաճելի ժամանցի մը տպաւորութիւնը:
Բայց թատրոնին իսկական յաջողութիւնը երբեմն կը սկսի ճիշդ այն պահուն, երբ ներկայացումը կ՛աւարտի:
Վերջապէս, սորվինք արժեւորել եւ գնահատել մեր համայնքի առօրեան գունաւորող միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն աշխատանքը:




