Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ վերջ գտաւ բռնցքամարտի Եւրոպայի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը:
Վերջին օրուան մրցումներուն, հայ բռնցքամարտիկ Յակոբ Շարբաթեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 50 քկ կշիռի մրցումներուն, աւարտականին յաղթելէ ետք ռումանացի Ալեքսանտրու Պութանի` 3-2 արդիւնքով:
Մինչեւ 66 քկ կշիռի աւարտականին Ռոմիկ Յարութիւնեան 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ իտալացի Ռաուլ Պարոնէէն եւ դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` նուաճելով արծաթէ մետալ:
Նշենք, թէ 52 քկ կշիռի մրցումներուն Էդուարդ Քարամեան պրոնզ մետալ շահած էր: Մետալներու հաշիւով Հայաստան գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց Անգլիա, որ 3 ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզէ մետալներու տիրացած էր:



