Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խօսելով լիբանանեան ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն մասին` ընդգծեց. «Մեղմութիւն կամ անտեսում պիտի չըլլայ, այլ` ճշմարտութիւն ու հաշուետուութեան ենթարկում»:
«Յայտնի դարձած է, որ քանի մը օր առաջ Տահր Պայտարի մէջ կանգնեցուած է Պեքայէն դէպի Մեծն Պէյրութի շրջան ուղղուող բեռնատար մը, որ կը պարունակէր հարիւրաւոր քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթեր, ներառեալ` բարձր պայթուցիկ «Սի-4» նիւթը», նշեց ան:
«Կը հասկնամ լիբանանցի ժողովուրդին մտավախութիւնը` այս բեռնատարին եւ անոր միջոցով փոխադրուող նիւթերու գրաւման լուրին նկատմամբ, յատկապէս այն պատճառով, որ «Սի-4»-ը օգտագործուած է Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ շարք մը քաղաքական սպանութիւններու ժամանակ», յայտնեց վարչապետը:
Ան դիտել տուաւ. «Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնէս մեկնելով` բոլոր լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղեմ` վստահ ըլլալու, որ մենք պիտի չտատամսինք շարունակելու եւ ընդլայնելու հետաքննութիւնը` այս ոճրային գործողութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերուն եւ անոր ետին կանգնողներուն ինքնութիւնը բացայայտելու, անոնց ծրագիրներն ու նպատակները լոյսին բերելու եւ զանոնք բոլորն ալ, իրենց արժանի պատիժը ստանալու նպատակով արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնելու նպատակով», ըսաւ Սալամ:
«Վստահ եղէք, որ մեր կառավարութիւնը պիտի չհանդուրժէ ոեւէ մէկը, որ կը համարձակի խախտել երկրին անվտանգութիւնը, ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, եւ վճռականօրէն պիտի վերաբերի օրինականութեան շրջանակներէն դուրս որեւէ զէնք ունենալուն, փոխանցելուն եւ օգտագործման նկատմամբ», եզրափակեց վարչապետը:
Միւս կողմէ` արդարադատական աղբիւր մը երէկ «Էմ. Թի.Վի.»-ին յայտնած է. «Լիբանանեան բանակը անցնող ժամերուն գրաւեց 200 քիլոկրամ «Սի-4»: Բեռը կը տեղափոխուէր իշու միջոցով` անցնելով Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ գտնուող լեռներէն»:
Աւելի ուշ լիբանանեան բանակը յայտարարեց. «Բանակէն միաւոր մը Քասր-Հերմել շրջանին մէջ գրաւեց շուրջ 200 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, որ տոպրակներու մէջ զետեղուած էր եւ պատրաստուած` սուրիական հողերէն լիբանանեան հողեր մաքսանենգուելու: Մաքսանենգները սուրիական հողեր փախուստ տուին: Գրաւուած նիւթերը յանձնուեցան համապատասխան հեղինակութիւններուն: Մեղսակիցներու ձերբակալութեան համար քայլերն ու համակարգումը կը շարունակուին»:


