Աղբիւրներ ու պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին, թէ Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցած են Ուքրանիան, որ անոր հետ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը կրնան դադրեցնել, եթէ ռուսական քարիւղի կառոյցներուն վրայ յարձակումները շարունակուին:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած է Ուքրանիան, որ ամերիկեան հետախուզական աջակցութեան տրամադրումը կրնայ դադրիլ, եթէ ռուսական քարիւղի կառոյցներուն վրայ յարձակումները չդադրին:
Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն»-ի ըսին, թէ Ուաշինկթըն նաեւ զգուշացուցած է, որ եւրոպական պետութիւններու կողմէ Ուքրանիոյ համար ամերիկեան զէնքերու գնման գործողութիւնը կրնայ դադրիլ, եթէ Ուքրանիան ռուսական ուժանիւթի կառոյցներուն վրայ իր յարձակումները չկասեցնէ:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շատ բարկացած է եւ այն զգացումն ունի, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ուաշինկթընի հետ այնպէս կը վարուի` կարծէք անոր աջակցութիւնը բնատուր է:
Բրիտանական «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին` մէջբերելով եւրոպացի պաշտօնատարներ, կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն կը սպառնայ Ուքրանիոյ զինումը դադրեցնել, եթէ ռուսական ուժանիւթային կառոյցներու ռմբակոծումը չդադրեցնէ:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներ եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է` ճնշում բանեցնելու Քիեւի վրայ, որպէսզի Ռուսիոյ մէջ քարիւղի զտարաններուն վրայ իր յարձակումները դադրեցնէ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Ռուսիան առանց դժուարութիւններու համաշխարհային շուկաներուն մէջ մազութ պիտի ծախէ, եւ թէ նաւթամթերքի պահանջարկը հսկայական է:
Միւս կողմէ, Ծերակոյտի եօթը` 4 հանրապետական ու 3 դեմոկրատական անդամներ, Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ուղղեցին` Ռուսիոյ հետ մազութի ներածման համար կնքուած գործարքէն «ետդարձ կատարելու»` նշելով, թէ ատիկա կը հակասէ ամերիկեան օրէնքին, որ կ՛արգիլէ Ռուսիայէն ուժանիւթ ներածել, մինչեւ վերջինը դադրեցնէ Ուքրանիոյ վրայ իր յարձակումը:
Անոնք նշեցին, թէ վարչակազմը, օրէնքին պահանջածին համաձայն, Քոնկրեսին հետ չէ խորհրդակցած եւ իր որոշումին որեւէ բացատրութիւն չէ տուած:
«Միացեալ Նահանգները պէտք չէ Փութինին ֆինանսական փրկարար օղակ տրամադրեն, մինչ Ռուսիան կը շարունակէ ուքրանացի քաղաքայիններ սպաննել: Վարչակազմը պէտք է անյապաղ փոխէ իր ուղղուածութիւնը», շեշտած են ծերակուտականները:
«Աքսիոս»` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ շուրջ ճգնաժամի լոյսին տակ ամերիկացի յատուկ բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները յետաձգած են Մոսկուա նախատեսուած իրենց այցելութիւնը:
Կը նշուի, որ այցելութիւնը յետաձգուած է առնուազն մինչեւ յստակ դառնայ, թէ արդեօք Ուքրանիան ու եւրոպական պետութիւնները պատրա՞ստ են աջակցելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար առաջարկի նոր համաձայնեցուած տարբերակին:
Ռուսիոյ Դէմ` Եւրոպական Միութեան
Նոր Պատժամիջոցներ
Եւրոպական Միութիւնը` Ուքրանիոյ վրայ պատերազմին առնչուած շուրջ 1600 գոյացութիւններու եւ անհատներու դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատեց:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտարարեց. «Ասիկա, Ռուսիոյ կողմէ պատերազմի սկսելէն ի վեր, մեր պատժամիջոցներու ցուցակի մեծագոյն ընդլայնումն է: Եւրոպան դարձեալ իր միասնականութիւնը ցոյց կու տայ»:
«Պատժամիջոցներուն մէջ ներառուածներուն կէսը առնչութիւն ունի բալիսդրական հրթիռներու արտադրութեան հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսիոյ` ուքրանացիներու սպանութեան համար օգտագործած զէնքերու արտադրութիւնը կը դարձնենք աւելի դժուար, աւելի ժամանակ խլող եւ աւելի սուղ արժող»:
Նոր պատժամիջոցներու հիմամբ Եւրոպական Միութեան Ռուսիոյ դէմ հաստատած պատժամիջոցներուն առնչուած անձերուն ու գոյացութիւններուն թիւը բարձրացաւ շուրջ 3500-ի, եւ անոնց շարքին են ականաւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց. «Ես կը կարծեմ, թէ ուժանիւթի հարցերու քննարկման վերադառնալը կարելի չէ, այնքան ատեն որ երկու կողմերն ալ տակաւին իրական զինադադար չեն հաստատած: Վերջին 48 ժամուան ընթացքին ես Ռուսիոյ կողմէ ուժանիւթային զինադադարի որեւէ նշան չեմ տեսած:
«Պէտք է բոլորս լրջօրէն վերաբերինք ասոր հետ: Այսօր մենք բացարձակապէս փաստացի ոչ մէկ հիմք ունինք մեր դիրքորոշումը փոխելու: Ռուսիան կը շարունակէ հարուածներ հասցնել թէ՛ Ուքրանիոյ խաղաղ քաղաքացիներուն, թէ՛ ալ ենթակառոյցներուն», յայտարարեց Մաքրոն:
Գերմանիոյ կառավարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ կառչած կը մնանք Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն, ներառեալ` քարիւղի եւ մազութի դէմ»:


