Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Հորմուզի նեղուցի մէջ անվտանգութիւնը պիտի չվերականգնի, եթէ Իրանի դէմ ամերիկեան շրջափակումն ու տնտեսական պատերազմը շարունակուին` աւելցնելով, որ նեղուցի բացման եւ այս գծով Թեհրանի ճնշումի խաղաքարտը կորսնցնելուն մասին ամերիկեան պնդումները գետնի վրայ տիրող իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Նախարարութիւնը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ կը շարունակուի միջնորդներու ճամբով պատգամներու փոխանակումը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ իրանեան առաջարկին ամերիկեան պատասխանը կը սերտէ, եւ աւարտին արդիւնքը պիտի փոխանցէ միջնորդներուն:
Ան աւելցուց, թէ Միացեալ Նահանգները վերջին շրջանին Իրանի վրայ նոր պատժամիջոցներ հաստատեցին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է զանոնք վերցնել:
Թեհրան նշեց, թէ Իրանի կողմէ Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուած առաջարկը կը պարունակեն փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ նշուած խոստումները:
Ինչ կը վերաբերի շրջանային զարգացումներուն, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թեհրան պատրաստ է Եմէնի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններու կայացման օգնելու աշխատանք կատարելու:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզայի նշեց, թէ Միացեալ Նահանգները Իրանի 7 կէտերէ բաղկացած առաջարկներու միայն մէկ մասը ընդունած են, իսկ միւսները ձգած անպատասխան` նշելով, որ ամերիկեան կողմի պատասխանը «անբաւարար է»:
«Իրանեան դիւանագիտութիւնը փոխուած է, եւ սթաթիւս քոյին վերադարձ պիտի չըլլայ», աւելցուց ան` ակնարկելով, որ Թեհրանը պիտի չհամաձայնի վերադառնալ պատերազմէն առաջ եղած պայմանաւորուածութիւններուն:


