Ֆրանսայի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆայպիէն Մանտոն նշեց, թէ Ֆրանսան ու Սէուտական Արաբիան Եընպոհ քարիւղի նաւահանգիստի պաշտպանութեան օգնելու համար, ֆրանսական զինուորական միջոցներու օգտագործումը ներառող, շարք մը ընտրանքներ կը սերտեն:
Ֆրանսական խորհրդարանի մէջ յայտնեց. «Տակաւին հարցը Սէուտական Արաբիոյ հետ ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է: Մենք տարբեր ընտրանքներ կը քննարկենք` պաշտպանելու Եընպոհ նաւահանգիստը, որ յարձակումի կ՛ենթարկուի, եւ որ նաւթամթերքի առեւտուրի համար հիմնական կը նկատուի»:
Ան աւելցուց, որ Ֆրանսան իրողապէս շրջանին մէջ հազար զինուոր տեղակայած է` Ծոցի մէջ իր դաշնակիցներուն, որոնց շարքին Քաթարի եւ Քուէյթի պաշտպանութեան օգնելու համար:


