Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանին հետ:
Անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ` շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին:
Երկու նախագահները նաեւ քննարկած են տնտեսական ու ներդրումային գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը ընդլայնելու կարելիութիւնները:
Անոնք ընդգծած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ համակարգումն ու հաղորդակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:


