Տնտեսագիտութեան 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակը շնորհուած է Ռապըրթ Հոլին եւ Մայքըլ Վուտֆորտին: Այս մասին յայտնեց Նոպելեան յանձնախումբը:
«Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիան որոշած է Ալֆրետ Նոպելի յիշատակի Շուէտի պետական դրամատան 2026 թուականի տնտեսագիտութեան ոլորտի մրցանակը շնորհել Ռապըրթ Է. Հոլին եւ Մայքըլ Վուտֆորտին «մաքրոտնտեսական կայունացման միքրոտնտեսական հիմերու համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ բնախօսութեան եւ բժշկութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուեցաւ գիտնականներ Քարլ Տյէսերոթին, Փեթեր Հեկեմանին եւ Կէորկ Նակելին, բնագիտութեան մրցանակը` ամերիկացի աստղաբնագէտ Ֆրանսիս Հալեսնին, քիմիագիտութեան մրցանակը` Անրի Բ. Մականին եւ Կենսօ Սոաիին, գրականութեան Նոպելեան մրցանակը` քանատացի բանաստեղծուհի Անն Քարսընին, իսկ 2026 թուականի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուեցաւ հարաւային ափրիկեցի, ծագումով հնդիկ Նաւանեթհեմ «Նաւի» Փիլլային:


