Սեպտեմբերեան հասարակաքաղաքական տրամադրութիւնները ամփոփուած են «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի սեպտեմբեր ամսուան թիւին մէջ, որ արդէն հրապարակուած է:
Սեպտեմբերը վերջին տարիներուն որոշ յոյզեր ու մտորումներ կը յառաջացնէ, քանի որ ան մէկ կողմէ կը յուշէ Հայաստանի անկախութեան հռչակման մասին` 1991-ին եւ միւս կողմէ` ցաւալի կերպով կը յիշեցնէ, որ սեպտեմբեր 2-ը Արցախի անկախութեան հռչակման օրն է: Ոմանք ի հարկէ շատ կը փափաքէին, որ Արցախի պետականութեան հռչակման այդ օրը եւ ընդհանրապէս Արցախին վերաբերող ամէն ինչ ջնջուէր ու մոռցուէր, բայց եթէ մենք ժառանգորդն ենք հազարամեակներու Հայոց պատմութեան եւ ներկայի, երբեք չենք կրնար ժխտել մենք մեզ եւ մեր ինքնութիւնը:
Այդ ոգով ալ Դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթը իր պարտքը նկատած է այս թիւին մէջ առանձին յօդուածներով եւ ընդհանուր վերլուծութիւններով անդրադառնալու Արցախի բնաբանին, վերջինիս դէմ ազրպէյճանական արշաւի շարունակութեան` այս անգամ հոգեւոր-մշակութային ցեղասպանութեան, պատմակեղծարարութեան ճամբով: Ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ արդէն Հայաստանի դէմ ծաւալող այս արշաւի առջեւ կանաչ լոյս կը վառի` ի դէմս Հայաստանի իշխանութեան աջակցող լռութեան:
Ահա այս ոգիով գրուած յօդուածներ կը գտնէ ընթերցողը «Դրօշակ-»ի այս նոր թիւին մէջ: Անշուշտ մոռցուած չեն նաեւ մերօրեայ կեանքին վերաբերող այլ զգայուն բնաբաններ, ինչպիսիք են` Ամերիկայի նախագահ Թրամփի անունով զարգացող գործընթացները զանգեզուրեան միջանցքի շուրջ, Հայաստանի իշխանութիւններուն փորձերը վերակողմնորոշելու Հայաստանի տնտեսութիւնը, յատկապէս` թուրք-ազրպէյճանական լծակից զոյգին կողմը եւ այլն:
Կարմիր թելի պէս ներկայացուող յօդուածներուն մէջ արտացոլում կը գտնէ Հայաստանի ներքաղաքական, ներհասարակական մթնոլորտը, իշխանութիւններուն հակազգային, հակաօրինական, բռնապետական վարքը:
Ներկայացուող յօդուածներուն մէջ այս իրողութիւնները կը քննուի տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն խորապատկերի վրայ, քանի որ տուեալ իրադարձութիւնները կապուած են մեծ գործընթացներու հետ եւ ինչպէս այսօր, նոյնպէս եւ յառաջիկայ օրերուն ուղղակիօրէն պիտի կրեն անոնց ազդեցութիւնը:
Սեպտեմբերին թիւը կրնաք ընթերցել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/10/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-9-2026%D5%A9-1.pdf


