Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ֆութպոլիստներու Յաջող Շաբաթավերջը

October 12, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին հայ ֆութպոլիստները վերադարձած էին իրենց ակումբները, եւ ներքին ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան ազգերու լիկայի երկար դադարէն ետք:

Իտալիոյ մէջ Հենրիխ Մխիթարեան` 37 տարեկան, փայլուն ելոյթ ունեցաւ Ինթէր Միլանի հետ եւ Էսիսթ մըն ալ կատարեց Մարքուս Թիւրամի, որ նշանակեց Ինթէրի 3-րդ կոլը: Նախապէս Փեթար Սուչիչ եւ Հաքան Չալհանօղլու նշանակած էին Ինթէրի առաջին երկու կոլերը` Փարմայի դէմ:

Մխիթարեան ամբողջ 90 վայրկեանները խաղցաւ այս մրցումին եւ գրեթէ ամէն յարձակումի ընթացքին ներկայ էր: Ան նոյնիսկ տապըլ քիքով կոլ նշանակելու փորձ մըն ալ ըրաւ, բայց գնդակը քիչ մը շեղեցաւ իր նպատակէն:

Սլովաքիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն, Տիգրան Բարսեղեան շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց ազատ հարուածով, եւ Սլովան Պրաթիսլավա 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց Սքալիցայի հետ իր հանդիպումը:

33 տարեկան Բարսեղեանի համար այս կոլը տարեշրջանի 3-րդն էր Սլովանի հետ: Ան երկու այլ առիթներ ալ ստեղծեց եւ երեք առիթով ալ վտանգեց մրցակիցի բերդը` ընտրուելով մրցումին լաւագոյն մարզիկը:

31 տարեկան Արտեմ Սիմոնեան Ռուսիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն կը շարունակէ իր փայլուն ելոյթները Վոլկոկրատի Ռոթորի հետ:

Սիմոնեան 50-րդ վայրկեանին կրցած է նշանակել հաւասարութեան կոլը (1-1) մրցումը աւարտած է 2-2 արդիւնքով:

Հայ միջնապահին համար այս կոլը եղաւ այս տարեշրջանի 4-րդ կոլը: Ան 13 մրցումներու ընթացքին երեք էսիսթ ալ կատարած է:

Էմ. Էլ. Էս.-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, 21 տարեկան յառաջապահ Հարվի Սարաջեան կարեւոր կոլ մը նշանակած է Օրլանտօ Սիթիի հետ, օգնելով իր ակումբին, որ յաղթէ Քոլոմպուս Քրու-ի` 3-2 արդիւնքով:

Սարաջեան իր ասպարէզի մէջ առաջին անգամն ըլլալով դաշտ ներկայացած էր Օրլանտոյի հիմնական կազմին հետ եւ 46 երկվայրկեանէն կրցաւ նշանակել շատ արագ կոլ մը` օգտուելով ֆրանսացի Անթուան Կրիզմանի փոխանցումէն: Սարաջեանի երկրորդ կոլն էր Օրլանտոյի հետ այս տարեշրջանին:

Թոմաս Ադորեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Արժանթինի քլաուզուրայի ախոյեանութեան մրցումներուն:

25 տարեկան հայ միջնապահը գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց Պանֆիլտի շապիկով` Թիկրէի դէմ մրցումին: Ադորեանի կոլին շնորհիւ Պանֆիլտ 2-1 արդիւնքով յաղթեց: Այս կոլը եղաւ Ադորեանի երրորդը` վերջին 4 մրցումներուն:

Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեան իր ասպարէզի ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով տուպլէ մը իրագործեց (2 կոլեր) եւ յաղթանակ նուիրեց Պարրաքաս Սանթրալին:

Հայաստանի ազգային խումբի 30 տարեկան յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեան եղաւ Ուրաքանի դէմ մրցումին հերոսը` նշանակելով իր ակումբին երկու կոլերը:

Բալեկեան իր նախկին խումբին դէմ 2 կոլեր նշանակեց, 220 պաշտօնական հանդիպումներէ ետք առաջին անգամն ըլլալով տուպլէ մը իրագործելով:

Այս կշիռի կարգէն ներս աշխարհի ախոյեան դարձաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Նուրլան Սերիքպոլը:

Նախորդը

Թենիս. Խաչանով Յաղթական

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Արմէն Կարապետեան Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Վեթերաններու Պրոնզէ Մետալակիր

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Պրոնզ Մետալ Մը Եւս Շահեցաւ

October 12, 2026
Բռնցքամարտ.  Զաւէն Գալստեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Զաւէն Գալստեան Յաղթական

October 12, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Նարէկ Ռաֆայէլեան Աշխարհի Մրցանիշ Հաստատեց
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Նարէկ Ռաֆայէլեան Աշխարհի Մրցանիշ Հաստատեց

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.