Շանկհայի (Չինաստան) թենիսի բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին, ռուսահայ թենիսմէն Կարէն Խաչանով 1 ժամ 18 վայրկեան պայքարէ ետք պարտութեան մատնեց ֆրանսացի վեթերան Ատրիան Մանարինոն` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով:
Թիւ 27 դասուած Խաչանով մեծ դժուարութիւն ունեցած էր օր մը առաջ յաղթելու թիւ 37 դասուած Արթիւր Ֆերիի (Բրիտանիա)` 7-6, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով, երեքուկէս ժամէ աւելի պայքարէ ետք:
Մանարինօ իր կարգին դուրս ձգած էր աշխարհի թիւ 7 թենիսմէն Ֆլաւիօ Քոպոլին` 6-1, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Նախապէս սերպ վեթերան Նովաք Ճոքովիչ իր կարգին անակնկալ ձեւով պարտուած էր լեհ Հուպերթ Հուրքաչի դէմ մրցումին` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով:
Թիւ 1 դասուած Ալեքզանտր Զվերեւ եւ թիւ 2 դասուած Քարլոս Ալքարաս հանգիստ ձեւով հասան յաջորդ հանգրուան:
Աշխարհի թիւ 23 թենիսմէն Անտրէ Ռուպլեւ իր կարգին անակնկալ պարտութիւն կրած էր ճափոնցի Ռէյ Սաքամոթոյի դէմ, որ պիտի մրցի աւստրալիացի Ալեքս Տէ Մինաորի դէմ: Այս մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ Խաչանովի մրցակիցը:


