Հայաստանը ներկայացնող արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Զաւէն Գալստեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» միջազգայիին մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Եգաթերինպուրկ քաղաքին մէջ:
Միջին կշիռի կարգէն ներս, հայ մարզիկը երեք անգամ գետին բերաւ իր մրցակիցը` ռուս Վլատիմիր Պրիսթրովին, անկէ ետք իրաւարարը երկրորդ ռաունտին դադրեցուց մենամարտը:
6 ռաունտ նախատեսուած մենամարտը շատ արագ էր, ուր Պրիսթրով փորձեց նախաձեռնութիւնը ինք առնել, սակայն Գալստեան արագ ձեւով «պատժեց» մրցակիցը չափազանց յարձակողական խաղաոճին համար զայն նաք-տաունի ենթարկելով առաջին ռաունտի երկրորդ վայրկեանին:
Մրցակիցը հաւասարակշռութիւնը վերագտաւ, բայց երկրորդ ռաունտին 2 անգամ ալ «նաք-տաուն»-ի ենթարկուելէ ետք, իրաւարարը դադրեցուց մրցումը: Այս ձեւով Գալստեան իր արհեստավարժ ասպարէզի երկրորդ յաղթանակը տարաւ իր երկրորդ արհեստավարժ մրցումին:
Մենամարտէն ետք, հայ բռնցքամարտիկը ընդգծեց, որ մտադիր է հետագային հանդիսատեսներուն ուրախացնել դիտարժան ելոյթներով եւ Նաութի ենթարկել մրցակիցներուն: «Իմ անունս դեռ շատերը պիտի լսեն», յայտարարեց Գալստեան:
Նոյն մրցաշարքին հանդէս եկան նաեւ Արտեմ Տատոյեան, որուն մենամարտը Էրիք Ռաժեւի դէմ հաւասարութեամբ աւարտեցաւ, եւ Յովհաննէս Ուստեան, որ իրաւարարներու որոշումով պարտուեցաւ Տանիել Պելովէն:


