Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի ընկերակցութեամբ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Օլիվիէ Ֆորի հետ, որ կը պատրաստուի մասնակցիլ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ կուսակցական գործիչներ` Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն:
Իշխան Սաղաթելեան շնորհակալութիւն յայտնեց Օլիվիէ Ֆորին` երկարամեայ հայանպաստ աշխատանքին համար եւ արժեւորեց Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող ջերմ ու եղբայրական յարաբերութիւնները:
Օլիվիէ Ֆորը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխատանքները հայութեան համար կենսական հարցերը ֆրանսական քաղաքական օրակարգին վրայ պահելու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները տեղեկութիւններ փոխանակեցին իրենց կուսակցութիւններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Տարբեր ոլորտներու մէջ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու ուղղութեամբ ձեռք բերուեցան պայմանաւորուածութիւններ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի, գերիներու ազատ արձակման եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան խնդիրներու միջազգայնացման ուղղուած քայլեր, որոնց մէջ Օլիվէ Ֆորը մնայուն կերպով ունեցած է մեծ ներդրում:


