Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. 29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը

October 10, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ մարաթոն միութիւնը քանի մը օր առաջ կազմակերպեց հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին կատարեց 2026-ի «Սփինիս մարաթոն»-ի կազմակերպման պաշտօնական յայտարարութիւնը` ներկայութեամբ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնք կը ներկայացնէին լիբանանեան պաշտօնական դէմքեր, նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ բանակային բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Աւստրալիոյ ու Քանատայի դեսպանները եւ մեծ թիւով յայտնի անձնաւորութիւններ:

Մայ Խալիլ իր կարգին խօսք առաւ` իբրեւ միութեան նախագահ խօսելով Պէյրութի մասին ոչ թէ իբրեւ քաղաք կամ մայրաքաղաք, այլ իբրեւ մայր, որ մեծ թիւով զաւակներ ունի, եւ անոնց ոչ բոլորը կը բնակին հոն, այլ բոլոր անոնք, որոնք անոր թաղերէն անցած են, խնդացած են, երազած են եւ վազած են անոր թաղերուն մէջ կամ անոր նկարը իրենց հետ պահած են ուր ալ երթան, եւ «ես այս գիշեր կը զգամ, որ այս քաղաքը իր զաւակներուն կ՛ըսէ` եկէ՛ք իմ մօրս, ես իմ թաղերս բացած ձեզ կը սպասեմ վազելու, խնդալու, ուրախ պահեր անցընելու, ձեր ոտքերուն ձայները արձագանգելով թող ըսեն, թէ կեանքը տակաւին կը շարունակուի հոս, եւ այդ ոտքերուն ձայնը քաղաքին սրտի նոր տրոփումով թող պատճառէ ուրախութիւն, ես մայր մըն եմ, որ կ՛ուզէ, որ իր զաւակները մեծնան երազելով եւ ուրախութեամբ վազելով: Կ՛ուզեմ օտար վազողներն ալ զգան եւ պատմեն օր մը, որ Պէյրութ էի, մարաթոնի մրցումին վազեցի եւ ապրեցայ անմոռանալի վայրկեաններ: Ճիշդ այս պատճառով է, որ 23 տարիէ ի վեր կը վազենք: Մենք միայն մրցում չէինք կազմակերպեր, այլ հաւատք եւ յոյս կը կերտենք, որպէսզի մարզանքի շնորհիւ կարենանք միանալ, որովհետեւ այս թաղերը իրար մօտ կը բերեն անծանօթ մարդիկ: Հոն կան փոքրիկը, տիկինը, տղամարդը, միջազգային աթլեթը եւ պարզ մարդիկ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպին իրար, նոյն ճամբուն վրայ, նոյն գիծին վրայ, նոյն երազով: Անձնապէս ինծի համար պատիւ մըն է ասիկա կատարելը, ո՛չ տիտղոս մըն է, ո՛չ մրցանիշ, այլ բաւարար է լսել այլ մարդոցմէ «կրնանք» բառը, եւ նոր բան մը արթնցնելով այդ փոքրիկին մէջ, կամ այդ կինը, որ իր ուժը եւ կարողութիւնը զգաց, կամ այն աթլեթը, որ փաստեց, որ կրնայ աւելին ընել, եւ բոլոր այդ անձերը, որոնք կը կարծէին թէ ազդանշանի գիծին մօտ չէր իրենց իսկական տեղը: Այս է Պէյրութին մարաթոնը, այս է ապագան, որ կ՛ուզենք կերտել: Չեմ ուզեր անցեալը յիշել, այլ ապրիլ ներկան եւ երազել ապագային մասին, ինչպէս նաեւ կ՛ուզեմ, որ Պէյրութի թաղերը կեանք ապրին, ուր ներկայ պիտի ըլլան փոքրիկներ, որոնց վազելու պահուն պիտի լսենք անոնց զուարճալի խնդուքները, պիտի տեսնենք անոնց երազները, եւ կ՛ուզեմ, որ երբ օտարներ գան Պէյրութ, ոչ թէ գան պատմութիւն դիտելու համար, այլ գան, որպէսզի տեսնեն, թէ կրնանք նոր բան մը ստեղծել:

Այս պատճառով միջազգային աթլեթները, որոնք պիտի գան հետերնիս վազելու, 29 նոյեմբերին հիւր պիտի չըլլան, այլ անոնք Պէյրութի զաւակներուն շարքին պիտի դասուին, որպէսզի քայլ մը առնելով հոսկէ իրենց հետ պատմութիւն մը, նկար մը, սէր մը առնեն, որպէսզի երբ մեկնին իրենց երկիրը, պատմեն, թէ իրենք Պէյրութ եկած են, եւ իրենցմէ լսեն Պէյրութի մասին եւ ոչ թէ լուրերէն… լսեն սրտերէն այդ մարդոց, որոնք ապրեցան այդ վայրկանները եւ վազեցին անոր թաղերուն մէջ, շնչեցին անոր օդը, որովհետեւ Պէյրութ միայն խօսք չէ, այլեւ զգացում եւ հաւատք է, որպէսզի այդ մանուկներուն մէջ ալ ծնի նոր յոյս մը` խաղաղ Պէյրութի մասին:

Ներկայ էր նաեւ լիբանանցի վաստակաշատ երգչուհի Մաժիտա Ռումի, որ Պէյրութի նուիրուած երգ մըն ալ ներկայացուց հանդիսութեան պահուն:

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

Յաջորդը

Նշմար. Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

RelatedPosts

Նշմար.  Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք
Մարզական

Նշմար. Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

October 10, 2026
Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

October 10, 2026
Բռնցքամարտ.  Հայաստան Ապահովեց Առնուազն 3 Մետալներ
Մարզական

Բռնցքամարտ. Հայաստան Ապահովեց Առնուազն 3 Մետալներ

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.