Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Շունչը Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել

October 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Ցեղասպանութեան վաթսունամեակ, Հալէպ:

Միջճեմարանական շարադրութեան մրցանք, նիւթ` Տէր Զօրի աւազներուն վրայ այբուբեն սորվեցնող հայ մայրը:

Վաղ երիտասարդութեանս օրերն էին,  երեւակայութեանս մէջ լողալով` հասայ Տէր Զօրի անապատը, տեսայ կարմիր ջարդի եւ թուրքի եաթաղանին ընդառաջ հայ մօր տիպարը, որ նահատակութեան երթին, ջուրէն եւ հացէն աւելի կարեւորելով իր մանկան մեսրոպեան այբուբենը սորվեցնելու ահազանգը, ստանձնած էր ուսուցիչի դերը:

Այս պատկերի քանդակը ՀՕՄ-ի կողմէ զետեղուած է Տէր Զօրի Նահատակաց յուշհամալիրին մէջ:

Այդ հայ մօր  տիպարը սուրբի պսակին արժանացած է: Անոր օրինակները կ՛ապրին հայ գաղութներու մէջ, կարմիր ջարդէն իրենց զաւակները փրկողի դիրքէն, այս անգամ կեցած` սպիտակ ջարդի դէմ յանդիման:

Արդէն տասներեք տարիներէ ի վեր կ՛ապրիմ Ժընեւ, ի տղայ տիոց հասարակական կեանքի ծառայութիւնը նախասիրութիւն համարելով, զուիցերահայ գաղութի ընձեռնած պայմաններու սահմաններուն մէջ իմ լումաս կը ներդրեմ եկեղեցական կեանքէն ներս, երբեմն ալ` չափահասներու մայրենիի ուսուցման գործին:

Երկրի հիւսիսարեւմտեան ծայրամասին մէջ` Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ սահմաններու միացեալ կէտին վրայ մեծագոյն քաղաքներէն  է Պազելը:

Համակ եռանդ, զուիցերահայ թեմի առաջնորդ  Պարթեւ եպս. Բարսեղեանը, լսելով հոն ապրող ընտանիքներու մասին, միշտ գործնական եւ աշխատասէր նկարագիրով, փափաքեցաւ, որ  ընկերակցիմ անոնց այցելութեան, շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին: Շուրջ չորս ժամուան ճամբայ կտրելով` հասանք Պազել:

Մեր ժամադրավայրը քաղաքի կեդրոնէն հեռու գեղակերտ դպրոց մըն էր, ուր նահանգային կառավարութիւնը երկու դասարան տրամադրած էր այնտեղ ապրող հայ ընտանիքներուն, անոնք «ԱՆԻ» մշակութային միութիւնը հիմնելով` ստացած էին այս մենաշնորհը:

Հայրենիքէն արտագաղթած երիտասարդ ծնողները, ընդհանրապէս` երաժշտական մարզի արհեստավարժներ, կ՛ապրէին եւ կը գործէին, այդ արուեստի օրրանին Պազել քաղաքին մէջ:

Եւրոպական չափանիշներով, արդիական ու գեղակերտ դպրոցին դասարանը երբ մտայ, տակաւին աշակերտները չէին հասած, ուսուցչուհին ներս բերած էր դասգիրքերը եւ աշխատանքային տետրակները, որոնք ցնցեցին էութիւնս,  Ս. Մեսրոպի նկարը արդէն ամբողջ հայրենիքի մը խորհրդանիշն էր, այդ դասագիրքերը հայրենի հողն էին, հոն էր Արշակ Բ. թագաւորը, յանձինս աշակերտներու ծնողաց, որոնք կ՛ընկերակցէին իրենց հոգեհատորներուն: Մայրեր ու հայրեր իրենց  սիրասուն զաւակներով` թիւով տասնեօթ աշակերտ:

Իբրեւ նոր առաջնորդ` սրբազանը տեղեկացած էր,  թէ երկար ժամանակէ ի վեր շրջանին մէջ ս. պատարագ չէր մատուցուած: Առաջին հարցումը եղաւ երեխաներուն, թէ որո՞նք մկրտուած են: Ի յայտ եկաւ, որ միայն մէկ աշակերտի ճակտին ս. միւռոն հասած է: Բնականաբար ծնողները ունէին իրենց պատճառները. մին կը փափաքէր իր ծննդավայրի` Գիւմրիի Եօթը վէրք եկեղեցւոյ մէջ կատարել իր երեք մանչերուն մկրտութիւնը, ուրիշ մը` հարազատներու հետ ժամադրուիլ Երեւանի մէջ: Յստակ էր սակայն, որ այս երեւոյթէն անդին` անոնց համար սպիտակ ջարդի դէմ պայքարը նոյնքան եւ աւելի ահազանգային էր:

Մեր զաւակներու բառարանին մէջ «զրկանք» բառը չկայ արտայայտուեցաւ ծնող մը, սակայն մայրենին ճանչնալէ զրկուիլը աղէտ է, ըսաւ ան:

Մտային թռիչքով մը ետդարձ ունեցայ դէպի Տէր Զօրի աւազները, ուսուցիչ հայ մօր տիպարը տեսնելով Պազելի փոքրաթիւ գաղութի ծնողաց մօտ:

Պարթեւ սրբազան այդ օր ստանձնեց ուսուցչի դերը` աշակերտներուն Տէրունական աղօթք եւ խաչակնքել դասաւանդելով ու Ս. Էջմիածինէն բերած խաչեր նուիրեց անոնց:

Բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայուն` Ս. Մեսրոպի ոգին կը սաւառնէր հեռաւոր Պազելի դասարանէն ներս:

Հայրենիքի սովորութիւնները իրենց հետ Զուիցերիա բերած պազելահայերը ճոխ սեղան մը սարքելով հայկական լաւաշով եւ խորովածով հիւրասիրեցին մեզ Հայաստանի աշնանային բնութիւնը յիշեցնող հանրային պարտէզի մը մէջ:

Հայապահպանման առաքեալները մենք տեսանք Պազելի փոքրաթիւ գաղութին մէջ:

Ժընեւ                    

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Մեսրոպեան Լոյսի Պատգամը

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.