ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ,
իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Հայոց տօնացոյցին համաձայն, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը նշուի Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս տօնը սովորական յիշատակի օր մը չէ միայն: Ան մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան խորքերէն բխող սրբազան տօնն է, որ մեզ ամէն տարի կը վերադարձնէ այն մեծ լուսաւորութեան ակունքին, ուրկէ ծնած են` մեսրոպատառ հայոց լեզուն, հայ դպրութիւնը եւ մեր Ոսկեդարու մշակոյթը:
Թարգմանչաց տօնը առիթ մըն է անգամ մը եւս խոնարհելու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Պարթեւի եւ անոնց գործակից թարգմանիչ հայրերու յիշատակին առջեւ եւ վերարժեւորելու այն մեծ առաքելութիւնը, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը ստացաւ ոչ միայն սեփական գիրն ու գրականութիւնը, այլ նաեւ` իր քրիստոնէական հաւատքը, լեզուն, մշակոյթն ու ազգային ինքնութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու հզօր զինանոց-միջոցը:
Թարգմանչաց տօնը նաեւ մեզի ուղղուած հարցում մըն է. ի՞նչ մնացած է մեզի այն մեծ ժառանգութենէն, որ աւելի քան տասնվեց դար առաջ մեզի վստահուեցաւ:
Արդեօք մենք այսօր բաւարար չափով գիտակցա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունեցաւ հայ գիրերու գիւտը մեր ժողովուրդի գոյատեւման պատմութեան մէջ:
Հայ ժողովուրդը, ինչպէս` աշխարհի հնագոյն ժողովուրդները, ունէր` իր լեզուն, բանաւոր աւանդութիւնները, մշակութային յիշողութիւնը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող հոգեւոր ու ազգային ժառանգութիւնը: Սակայն հայերէն գրաւոր լեզուի բացակայութիւնը սահմանափակում մըն էր ազգային մշակոյթի ամբողջական զարգացումին ու փոխանցումին:
Հինգերորդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական ու կրօնական ծանր ժամանակաշրջան մըն էր: Հայոց թագաւորութեան կործանումէն ետք Հայաստանը յայտնուած էր պարսկական եւ բիւզանդական ազդեցութիւններու միջեւ, իսկ օտար լեզուներու ու մշակոյթներու ճնշումը կը սպառնար խորանալ: Առ այդ, հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծին պահպանութիւնը դարձած էր կենսական անհրաժեշտութիւն:
Այս պայմաններուն մէջ հայ գիրի ստեղծումը այլեւս միայն գրական կամ լեզուական անհրաժեշտութիւն չէր: Ան դարձած էր ազգային գոյութենական հրամայական:
Եւ ահա Հայոց պատմութեան բեմին վրայ կը յայտնուի մեծասքանչ մարդ մը` Մեսրոպ Մաշտոց անուն:
Աւանդաբար 405 թուականով թուագրուող հայոց գիրերու գիւտէն ետք, Մաշտոց հայ լեզուին տուաւ գրաւոր արտայայտութեան ինքնուրոյն ու ամբողջական համակարգ մը: Սակայն անոր մեծութիւնը միայն այբուբենի ստեղծումով չի սահմանափակուիր. Մաշտոց եղաւ` ուսուցիչ, քարոզիչ, թարգմանիչ, շարականագիր եւ հայ մշակոյթի մեծ ճարտարապետը: Ան պատրաստեց աշակերտներու այն սերունդը, որ պիտի շարունակէր իր լուսաւոր առաքելութիւնը:
Մաշտոցի կողքին կանգնած էր Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետը, իսկ Վռամշապուհ թագաւորին աջակցութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ այս մեծ ազգային գործի յաջողութեան մէջ:
Այս մեծ դէմքերուն եւ անոնց գործակիցներուն համադրուած ջանքերով հայ ժողովուրդը ստացաւ այն հոգեւոր ու մշակութային զէնքը, որ պիտի օգնէր իրեն դիմադրելու օտար ազդեցութիւններուն եւ ձուլման վտանգին:
Գիրերու գիւտէն ետք սկսաւ հայ թարգմանական մեծ շարժումը:
Եւ հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը դարձաւ Աստուածաշունչի «Առակաց գիրք»-էն առնուած անմահական պատգամը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Ի՜նչ խորախորհուրդ իմաստ կայ այս առաջին իսկ պատգամին մէջ:
Հայ գիրը կարծէք իր առաջին շունչով հայ ժողովուրդին ըսաւ. Ճանչցի՛ր իմաստութիւնը, սորվէ՛ խրատը, իմացի՛ր հանճարին խօսքը:
Ահա՛ հայ դպրութեան մեծ պատգամը:
Հայը գիրով ճանչցաւ զԱստուած, գիրով պահպանեց իր լեզուն, գիրով արձանագրեց իր պատմութիւնը եւ գիրով փոխանցեց իր անցեալի սխրանքներու յուշերը:
Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը իր բացառիկ լեզուական եւ գրական արժանիքին համար հետագային նաեւ պիտի կոչուէր «Թագուհի թարգմանութեանց»:
Սակայն թարգմանիչ հայրերու աշխատանքը չսահմանափակուեցաւ Ս. Գիրքի թարգմանութեամբ: Թարգմանուեցան կրօնական, իմաստասիրական, գիտական եւ գրական մեծարժէք երկեր, իսկ հայոց լեզուով ստեղծուեցաւ նաեւ ինքնուրոյն գրականութիւն մը, որ պիտի դառնար մեր Ոսկեդարու անգնահատելի ժառանգութիւնը:
Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի եւ ուրիշներ շարունակեցին Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի բացած ճանապարհը: Հետագայ դարերուն այդ լուսաւոր շղթան շարունակեցին հայ մշակոյթի մեծերը` Մովսէս Խորենացին, Դաւիթ Անյաղթը, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Ահա թէ ինչո՛ւ Թարգմանչաց տօնը միայն հինգերորդ դարու յիշատակում մը չէ: Ան դարերու ընթացքին վերածուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մտաւոր շարունակականութեան պանծալի վկայութեան:
Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ ծանր փորձութիւններ: Թագաւորութիւններ կործանեցան, հայրենիքներ մասնատուեցան, քաղաքներ ու գիւղեր աւերուեցան, սերունդներ տեղահանուեցան, բայց հայոց մեսրոպածին գիրը մնաց անխախտ ու աներեր:
Հայ ժողովուրդը երբեմն կորսնցուց իր պետականութիւնը, բայց չկորսնցուց իր լեզուն: Կորսնցուց հողեր, բայց չկորսնցուց իր պատմագիրքը: Եւ կարեւորագոյնը` չկորսնցուց իր նահատակ ժողովուրդին անմեռ կտակն ու պահանջատիրական ոգին եւ յիշողութիւնը:
Ահա՛ Մաշտոցի մեծագոյն յաղթանակը. հայ գիրը դարձաւ ոչ միայն հաղորդակցութեան ու բողոքի ղօղանջ եւ միջոց, այլ նաեւ` ազգային ինքնութեան միջնաբերդ ու ամրոց:
Մշակոյթը միայն գիր ու գրականութիւն չէ: Ան ազգի մը հոգեւոր, մտաւոր եւ ստեղծագործ կարողութիւններու ամբողջական արտայայտութիւնն է: Հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակութային ժառանգութիւնը կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդը ստեղծած է իր ինքնուրոյն հոգեւոր ու մտաւոր աշխարհը եւ զայն փոխանցած` սերունդէ սերունդ:
Այդ ժառանգութեան խորքին մէջ կայ քրիստոնէական հաւատքը:
Մեր ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքը ոչ միայն ընդունեց, այլ նաեւ հայացուց` հայերէնով աղօթելով, գրելով, թարգմանելով, երգելով եւ ստեղծագործելով:
Այսօր, Թարգմանչաց տօնին առիթով, ցաւ ի սիրտ, կը հանդիպինք նաեւ այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնք Հայաստանի կարգ մը վարժարաններու միջավայրէն կը հեռացնեն դարաւոր խորհուրդ եւ ազգային յիշողութիւն կրող արտայայտութիւններ:
Վերջերս հրապարակուած տեղեկութիւններու համաձայն` նորակառոյց եւ վերանորոգուած կարգ մը դպրոցներու պատերուն նախկին` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» արձանագրութեան փոխարէն` տեղադրուած է` «Լաւ սովորիր, որ լաւ ապրես»:
Տաւուշի մարզպետի աշխատակազմին տուած պատասխանին համաձայն` այդ գրութիւնը նոր կառուցուած եւ վերանորոգուած դպրոցներու պատերուն կը փակցուի Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:
Այս տեղեկութիւնը, իրաւամբ, մեզ կը մղէ շատ աւելի խոր մտահոգիչ մտածումի մը.
Հայաստանի դպրոցական պատը միայն քար, աղիւս կամ ներկ չէ, ան ալ դարերու ճամբով մեզի հասած ուսուցիչ մըն է:
Անոր վրայ գրուած իւրաքանչիւր բառ տարիներ շարունակ լուռ կերպով կը խօսի աշակերտին հետ: Ան կը ձեւաւորէ մտածողութիւն, կ՛արթնցնէ հետաքրքրութիւն եւ երբեմն` առանց դասագիրք մը բացուելու, կը փոխանցէ աշխարհայեացք մը եւ նահապետական աւանդոյթ մը:
Հետեւաբար, երբ դպրոցին պատերէն կը հեռացնենք մաշտոցեան պատգամը, հարցը միայն մէկ արձանագրութեան փոփոխութիւնը չէ: Հարցը դպրոցի հոգեւոր եւ մշակութային դիմագիծին մասին է:
«Լաւ սովորիր, որ լաւ ապրես»-ը կրնայ ունենալ իր առօրեայ, ընթացիկ մակերեսային իմաստը: Բայց մաշտոցեան պատգամը շա՜տ աւելի խոր հարցադրում մը կը դնէ մարդու առջեւ` ոչ միայն ինչպէ՞ս ապրիլ, այլ նաեւ` ինչո՞ւ ապրիլ, ի՞նչ ճանչնալ, ի՞նչ արժէքներու ծառայել:
Մէկը կ՛ընդգծէ կեանքի ընթացիկ յաջողութիւնը, միւսը` իմաստութիւնը, խրատը եւ մարդկային գոյութեան ներքին չափանիշը:
Եւ ահա այստեղ է մեր մտահոգութեան էութիւնը:
Հայ դպրոցը պէտք չէ ժամանակաւոր կարգախօսներու ցուցափեղկը դառնայ: Ան պէտք է ըլլայ այն վայրը, ուր նոր սերունդը կը հանդիպի անցեալի իր պատմութեան եւ ժամանակը յաղթահարած արժէքներուն:
Դպրոցի պատին գրուած բառը կրնայ փոխուիլ մէկ հրահանգով: Բայց այն պատգամը, որ դարեր շարունակ ապրած է հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, պէտք չէ փոխարինուի քաղաքական օրակարգերու փոփոխական բառապաշարով:
Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց աւելի քան տասնվեց դար առաջ հայ գիրի լուսաւոր ճանապարհը սկսաւ իմաստութիւնը ճանչնալու եւ խրատը իմանալու պատգամով, ապա մեր պարտքն է այդ պատգամը ոչ թէ նահանջի մատնել, այլ` նոր սերունդին համար դարձեալ վերակենդանացնել:
Նոյն մտահոգութիւնը կը վերաբերի նաեւ Հայոց պատմութեան դասաւանդման:
Պատմութիւնը իշխանութիւններու սեփականութիւնը չէ: Ան ժողովուրդի յիշողութիւնն է, եւ դպրոցը այդ յիշողութեան փոխանցման ամենապատասխանատու եւ կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկն է:
Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ այս հարցը դարձած է հանրային քննարկման նիւթ: 2024-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ «Հայոց պատմութիւն» առարկան պէտք է կոչուի «Հայաստանի պատմութիւն» եւ նշեց, որ այդ անուան ներքեւ որոշ հարցերու դիտանկիւնը աւելի համապատասխան պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն: Կառավարութիւնը այնուհետեւ հաստատեց առարկայի վերանուանումը:
Այս մօտեցումը կրնայ ներկայացուիլ պետականութեան գաղափարը շեշտադրելու նպատակով: Սակայն այստեղ կը ծագի շատ աւելի սկզբունքային հարց` կրնա՞յ պատմական գիտութիւնը ժամանակաւոր քաղաքական հայեցակէտի մը ծառայեցուիլ` պատմական իրականութեան ընդգրկումը սահմանափակելու գնով:
Պատմութիւնը պէտք չէ վերագրուի եւ վերաշարադրուի իւրաքանչիւր իշխանութեան պատկերացումին համաձայն, այս պարագային` յագուրդ տալով մեր դարաւոր թշնամիի ախորժակներուն:
Հայոց պատմութիւնը միայն ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական սահմաններուն պատմութիւնը չէ: Ան հայ ժողովուրդի ամբողջական պատմութիւնն է` իր պետականութիւններով ու պետականազուրկ ժամանակաշրջաններով, իր հայրենիքներով, Արցախով, Կիլիկիայով, Արեւմտահայաստանով, սփիւռքի գաղթօճախներով, Եկեղեցիով, մշակոյթով եւ դարերու ընթացքին ապրած ու ստեղծագործած իր ժողովուրդով:
Ասիկա չի նշանակեր պատմութիւնը քարացնել կամ անոր նկատմամբ քննադատական հայեացքը մերժել: Ընդհակառակը, պատմութիւնը պէտք է ուսումնասիրել` գիտական չափանիշներով, աղբիւրներու քննութեամբ եւ տարբեր տեսակէտներու ճանաչումով եւ ոչ` վարչախումբի մը օրուան մաղձոտ կիրքերով:
Մանաւանդ քաղաքական իշխանութիւն մը պէտք չէ իր օրուան քաղաքական հայեցակէտը վերածէ յառաջիկայ սերունդներու պատմական չափանիշի:
Պատմութեան դասագիրքը պէտք է սորվեցնէ երեխային` հարցնել, ուսումնասիրել, համադրել եւ եզրակացնել, բայց առաջին հերթին` ճանչնալ այն իրականութիւնը, որ տեղի ունեցած է հայոց լինելութիւնը: Որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ իր անցեալը կը մոռնայ կամ զայն կը վերաձեւէ ըստ ժամանակի քաղաքական պահանջներուն, վաղը կը կորսնցնէ նաեւ իր գոյութենականութիւնն ու ապագան կառուցելու պատմական գիտակցութիւնը:
Կը գիտակցինք, որ սփիւռքեան մեր պայմանները տարբեր են եւ ունին իրենց իւրայատուկ դժուարութիւնները, սակայն եթէ կը հաւատանք մեր ազգի գոյութեան, եթէ կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդը պէտք է գոյատեւէ եւ զարգանայ ազգերու այս մեծ ընտանիքին մէջ, ապա պարտաւոր ենք վերադառնալ մեր պատմութեան եւ դաս առնել թարգմանիչներու սերունդի օրինակելի ընթացքէն:
Աւելի քան տասնվեց դար առաջ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ թարգմանիչ հայրերը հայ ժողովուրդին յանձնեցին հայ գիրին միջոցով մեր ինքնութեան պահպանման ու գոյեատեւումի բանալին:
Մենք պէտք է խորապէս համոզուած մնանք, որ հայ գիրն ու լեզուն, հայ դպրոցն ու մշակոյթը մեր ժողովուրդի գոյատեւման խարիսխներն են եւ մեր քրիստոնէական հաւատքի անշարժ վէմը:
Պիտի մէջբերեմ նաեւ վեր. Մովսէս Ճանպազեանի` Երեւանի մէջ սփիւռք-հայրենիք առաջին խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքերը. «301 թուականին մեր նախնիները ուխտ մը ըրին Յիսուս Քրիստոսի հետ: Եթէ մեր ժողովուրդը գործադրէ այդ ուխտէն մեզի բաժին ինկած յանձնառութիւնը, այն ատեն Աստուած ալ աւելիով պիտի օրհնէ մեր փոքր, բայց թանկագին ազգը եւ օրհնութեան աղբիւր մը պիտի ընէ ոչ միայն իր բոլոր զաւակներուն, այլ` իր դրացի բոլոր ազգերուն ու համայն մարդկութեան համար: Մենք կը հաւատանք, թէ ա՛յս է մեր ազգին գոյապատճառը, ա՛յս է մեր ժողովուրդին առաքելութիւնը եւ ա՛յս է մեր Հայկազեան ցեղի երկնատուր ճակատագիրը»:
Այս պատգամին մէջ կը խտանայ նաեւ թարգմանիչներու սերունդին ժառանգութիւնը` գիր, լեզու, հաւատք եւ մշակոյթ: Ահա՛ այն սրբազան ժառանգութիւնը, որ մեզի վստահուեցաւ: Մեր պարտքն է զայն ոչ միայն պահպանել, այլ նաեւ` կենդանի պահել, զարգացնել եւ փոխանցել նորահաս սերունդներուն:
Թարգմանչաց տօնը միայն անցեալը յիշելու տօն մը չէ: Ան մեզի ուղղուած պատգամ մըն է` վերանորոգելու մեր հաւատարմութիւնը հայ գիրին, հայ լեզուին, հայ դպրոցին եւ հայ մշակոյթին հանդէպ:
«Թարգմանչաց տօնը եւ մեսրոպեան լոյսի պատգամը» գրութիւնը ոչ միայն կը ներկայացնէ Թարգմանչաց տօնին պատմական ու հոգեւոր խորհուրդը, այլ նաեւ զայն կը կապէ մեր օրերու հայեցի կրթութեան, մեսրոպեան աւանդութեան շարունակականութեան եւ նոր սերունդներուն փոխանցուելիք ազգային տեսիլքին հետ` վերանորոգելու մեր սէրը հայոց լեզուին հանդէպ, մեր հաւատարմութիւնը հայ դպրոցին եւ, մանաւանդ, մեր պատասխանատուութիւնը` նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ:
Թող մեր դպրոցներու պատերուն վրայ կրկին փայլատակէ այն պատգամը, որ աւելի քան տասնվեց դար առաջ դարձաւ հայ դպրութեան առաջին շունչը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Թող այս բառերը չըլլան միայն պատի վրայ փորագրուած հնամենի արձանագրութիւն:
Թող անոնք ապրին մեր զաւակներու մտքերուն եւ սրտերուն մէջ:
Այսօր պատի գրութիւնը կարելի է փոխել կամ ջնջել, սակայն ազգի մը հոգիին մէջ փորագրուած մաշտոցեան պատգամը պէտք չէ երբեք ջնջուի, անոր ոսկեճաճանչ լոյսը երբեք չմարի, եւ հայ գիրը երբեք չլռէ Հայկազեան մեր զաւակներու շրթներէն:
Թող Թորգոմեան ցեղի Աստուածը իմաստութիւն եւ խրատ պարգեւէ մեր բոլոր սերունդներուն, որպէսզի մենք արժանի ըլլանք այն մեծ ժառանգութեան, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Սահակ Պարթեւ, թարգմանիչ հայրերն ու մեր մշակոյթի սրբազան մշակները մեզի կտակեցին:
Թող կանգուն մնան հայրենիքի եւ Արցախ հայաշխարհի մեր սրբավայրերը, մեր վանքերն ու եկեղեցիները, մեր դպրոցներն ու մշակութային օճախները` որպէս փարոսներ հայ հաւատքի, լեզուի եւ մշակոյթի:
Եւ վերջապէս,` թող մեր մանուկներու շրթներէն ու հոգիներէն երբեք չպակսի այն պատգամը, որով սկսաւ հայ գիրի լուսաւոր ճանապարհը.
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Թորոնթօ, 2026


