Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերածննդեան ու բարոք երաժշտութեան ամենահմուտ` աշխարհի գործող երիցագոյն ձայնային համոյթի, անգլիացի երաժիշտ խմբավար Peter Phillips-ի կողմէ 1973-ին հիմնուած Tհe Tallis Scholars-ի յիսնամեայ գործունէութեան վենետիկեան անդրանիկ համերգի, որ տեղի ունեցաւ 14 յուլիս 2017-ի Վենետիկի Սուրբ Մարկոս մայր տաճարի մէջ, կենդանի նկարահանումն ու ձայնագրութիւնը կրկնակի` Bluray եւ CD խտասալիկներով լոյս տեսաւ, գերմանական անուանի ECM հաստատութեան կողմէ:

Խմբավար Peter Phillips-

Համերգի գլխաւոր շարժառիթն էր վերածննդեան ու բարոք շրջանի մեծանուն երաժիշտ ու նոյնինքն Սուրբ Մարկոս տոճական մայր տաճարի երաժշտապետ` Claudio Monteverdi-ի (1567-1643) ծննդեան 450-ամեակը:

Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնը բացառիկ համերգի կազմակերպութեան ու վաւերագրական նիւթի նախաձեռնողն էր, Կեդրոնի տնօրէն ու երաժշտական բաժնի հիմնադիր վարիչ` Մինաս Լուռեանի մտայղացումով:

Նախաձեռնութեան որոշումը կայացաւ երբ շրջանէ մը ի վեր համոյթի խմբավար` մաէստրօ Պիտէր Ֆիլլիպս կ’ափսոսար որ իրենց համոյթը երբեք առիթը չէր ունեցած համերգով հանդէս գալ, վերծննդեան ու բարոք երաժշտութեան փարոս` Վենետիկ քաղաքի ու անոր ռահվիրայ երաժշտապետ` Մոնտեվերդիի ստեղծագործած վայրերուն մէջ: Իրենց փափաքն ու տարիներու դիմումները տեղւոյն հաստատութեանց կողմէ լրջօրէն նկատի չէին առնուած, այնու որ Վենետիկն ու Իտալիան այլեւս մշակութային ու երաժշտական իր ռազմավարութիւնը տարիներու ընթացքին սեւեռած էր աւելի ժողովրդականութիւն վայելող` օփերային երգեցողութեան դիւրամարս ու աւելի շահութաբեր արտադրութեանց, մեծաւ մասամբ անտեսելով նախորդող դարերու եւ կամ ժամանակակից երաժշտութեան գլուխ գործոցները:

Հաւատարիմ տասնամեակներու ակադեմական, արուեստի ու մշակոյթի բարձրորակ երկխօսութեան ու գործակցութեան իր իւրայատուկ դերակատարութեան, Եւրոպայի սրտին մէջ գործող Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնը, իր հրատարակչական ու երաժշտական մասնաճիւղերով, նման եզակի ձայնային համոյթի մը որ Եւրոպայի ու աշխարհի կարեւորագոյնն ու երիցագոյնն է, բացառապէս նուիրուած միայն բազմաձայնային a cappella երգեցողութեան, չէր կրնար պատմական երաժշտական նախաձեռնութիւն մը ոտքի հանելու այս առիթը փախցնել: Տարիներու գործակից, Բոլոնիա քաղաքի մէջ հաստատուած Universalia մշակութային հաստատութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը երախտագիտութեան նուէր մըն էր` Վենետիկ քաղաքին, յարգանքի տուրք մը Մոնտեվերդիի յիշատակին, Tհe Tallis Scholars համոյթի տասնամեակներու վաստակին, եւ փոխադարձ ստացանք այս աշխարհահռչակ համոյթի առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանութիւնը` Կոմիտաս Վարդապետի մշակած միջնադարեան Սիրտ իմ սասանի տաղի ու Պատարագէն քաղուած` Սուրբ Սուրբին: 2017-ը տարին զուգադիպելով նաեւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքի Սուրբ Ղազար կղզիի վրայ հաստատումի 300-ամեակին, նախաձեռնող զոյգ հասատութիւնները նպատակայարմար նկատեցին հանդիսաւոր այս առիթը նուիրելու նաեւ հայ աշխարհի հոգեւոր ու մշակոյթի վերածնունդին պատճառ դարձած այս կարեւոր օճախին:

Բացառիկ այս համերգի յայտագրին միւս գործերու գլխաւոր բաժինը կը կազմէր Մոնթէվերտիի, Սուրբ Մարկոս տաճարի եզակի ու բարդ ձայնային մթնոլորտին համար յատուկ յօրինուած բազմաթիւ գլուխ գործոցներ (Messa a quattro voci, Cricifixus, Adoramus te Christe, Domine ne in furore, Cantate Domine), G. P. Da Palestrina-էն Magnificat (ութ ձայնի համար), Arvo Pärt-էն Nunc Dimittis, Gregorio Allegri-ի գլուխ գործոց` Miserere-ն, Antonio Lotti-էն` Crucifixus (ութ ձայնի համար) եւ Crucifixus (տասը ձայնի համար):

Հոծ բազմութեամբ լի` Սուրբ Մարկոս մայր տաճարի համերգին եկած էին Եւրոպայի ամէն կողմերէ Մոնթեվերդիի ու մանաւանդ Tհe Tallis Scholars համոյթի երկրպագուները, Վենետիկի ու Իտալիոյ երաժշտական աշխարհի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ ու երաժշտագէտներ, որոնցմէ շատեր համերգի աւարտին խոստովանեցան ըսելով որ իսկապէս երկար տարիներէ սպասուած ու տասնամեակներով յիշատակելի բացառիկ պատմական առիթ մըն էր տեղի ունեցածը:

Նախատեսելով այդ պատմական իրողութեան հանգամանքը, հազար ու մէկ դժուարութիւններ յաղթահարելով որոշած էինք այդ պահը անմահացնել բարձրորակ ձայնագրութեամբ ու նկարահանումով, եւ գրեթէ տասը տարիներ անց, տասնամեկաներէ ի վեր գործակցած ըլլալով 1969-ին Միւնիխի մէջ Manfred Eicher-ի կողմէ հիմանդրուած ECM ընկերութեան հետ որոշեցինք լոյս ընծայելով մատչելի դարձնել պատմական այս զոյգ վաւերագրական նիւթերը, որոնք երաժշտական շուկայ մուտք կը գործեն այսօր իսկ (9.10.2026), նոյն համոյթի երկրորդ` վենետիկեան բացառիկ ելոյթէն մի քանի օր առաջ (17.10.2026), այս անգամ Վենետիկի ժամանակակից երաժշտութեան Բիէննալէի փառատօնի հրաւէրով, դարձեալ Սուրբ Մարկոս մայր տաճարէն ներս: Այսօր նոյն արտադրութեան ձայնային նիւթը մատչելի կը դառնայ նաեւ երաժշտական թուային բոլոր համացանցային հարթակներուն վրայ` (https://ecm.lnk.to/TheTallisScholarsLiveInVenice):

Խտասալիկները որոնց տուեալները ստորեւ կու տանք, կարելի է շուկայի վրայ ձեռք բերել եւ կամ ուղղակի ECM ընկերութեան կայքէջէն ապսպրել:

The Tallis Scholars
Peter Phillips
Live in Venice
ECM New Series 2732/33

https://ecmrecords.com/product/live-in-venice-monteverdi-palestrina-lotti-allegri-komitas-part-the-tallis- scholars-peter-phillips/

Դիւան`
Հայ Մշակոյթի Ուսումասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի
Ի Վենետիկ, 8 հոկտեմբեր 2026

 

Նախորդը

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…
Անդրադարձ

Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.