Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թոմի Փիկըթ յայտնեց. «Հըզպալլան կը փորձէ` իր շահերուն ծառայող պատճառներով անծանօթ աղբիւրներու ճամբով պատմութիւններ տարածել»` շեշտելով. «Ան կրնայ իր ուզածը պնդել, սակայն անոր խօսած գումարները գոյութիւն չունին»:
Նշենք, որ երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին. «Հըզպալլան տեղահանուածներուն օգնելու համար Իրանէն 200 միլիոն տոլար ստացաւ»:
Փիկըթ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը «ծանր հարուածներ ստացաւ եւ հարիւր հազարաւոր անմեղ լիբանանցիներու տառապանքին պատճառ դարձաւ, եւ ներկայիս կը փորձէ Իրանէն եկող դրամական հոսքի մասին խօսքով շինծու պատմութիւններու ճամբով իր վարկը փրկել»:
Ան աւելցուց, որ իրանեան քարիւղի արտածումները շրջափակման ենթարկուած են, իսկ իրանեան դրամանիշը սուր անկումի կ՛ենթարկուի, եւ իրանեան վարչակարգը մտահոգ ու սպասման վիճակի մէջ է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը, լիբանանեան օրինական կառավարութեան հարաւային շրջաններու վերակառուցման կարողութեան աջակցելուն զուգահեռ, պիտի շարունակէ պատժամիջոցներու ճամբով Հըզպալլայի եկամուտներու խեղդումը խստացնել:
«Հըզպալլան Լիբանանին միայն տառապանք բերաւ», նշեց Փիկըթ` զայն ամբաստանելով Թեհրանի փոխարէն պատերազմ մը մղելու յանցանքով, որ միլիառաւոր տոլարներու վնասներու պատճառ դարձաւ:
«Նոյնիսկ եթէ այդ ենթադրեալ ելեւմտական օժանդակութիւնները ճշմարտութիւն են, անոնք վնասներու ծաւալը դարմանելու համար բաւարար պիտի չըլլան», աւելցուց բանբերը:
Փիկըթ եզրափակեց, որ Հըզպալլան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին օրով, «պիտի չկարենայ ինքզինք վերագտնել կամ իր ահաբեկչական ենթակառոյցը վերակառուցել»:


