«Այն ազգը, որ չի սատարեր եւ չի խրախուսեր իր թատրոնը, եթէ ոչ մեռած է, ապա մահամերձ է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս թատրոնը, որ ծիծաղի ու արցունքի միջոցով չ՛արտացոլացներ հասարակական ու պատմական զարկերակը, իր ժողովուրդին վիճակը, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր ու բնական միջավայրի իրական գոյները, իրաւունք չունի իրեն թատրոն կոչելու` ըլլալով ընդամէնը զուարճանքի վայր»:
ՖԵՏԵՐԻՔՕ ԿԱՐՍԻԱ ԼՈՐՉԷ
Լիբանանահայութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ապրի ձեռնարկներու, ելոյթներու, համերգներու, յոբելենական նշումներու եւ ճաշկերոյթներու վերջին տարիներուն համար աննախադէպ եռուզեռ: Ճիշդ է, որ համադրումի բացակայութիւնը ակներեւ է, ինչ որ կրնայ խաչաձեւումներ ստեղծել, սակայն, այնուամենայնիւ, այլազանութիւնն ու ճոխութիւնը քաջալերական պէտք է ըլլայ` յուսալով, որ ապագային կառոյցները կը ստեղծեն համապատասխան մարմին մը, վարչութիւն մը կամ համախմբում մը, որ թուականներու համակարգում կը կատարէ, որպէսզի լիբանանահայերը կարենան առաւելագոյն մասնակցութիւն-ներկայութիւն ապահովել, եւ` յուսալով, որ ընդհանրապէս այս խրախճանային մթնոլորտին կը յաջորդէ լուրջ աշխատանքի, որակային բարեկարգման ու արդիականացման եւ նոր գործելադաշտերու հաստատման փուլը:
Այս բոլորին մէջ իր յատուկ տեղը ունեցած էր եւ ունի թատրոնը, որ նաեւ արուեստի մարզերուն մէկտեղումն է: ՔԱ 5-րդ դարուն Հին Յունաստանէն Հռոմ եւ մինչեւ մեր օրերը թատրոնը ունեցած է երկու ժանր` ողբերգութիւնն ու կատակերգութիւնը, եւ իրաքանչիւրը միջավայրի, պայմաններու ու մթնոլորտի կարիքներուն համապատասխան ճշդուած եւ իրականացած են: Կարեւորութիւնն ու դերը արժեւորելով եւ ազգին զարգացման մէջ անհրաժեշտութիւնը ամրագրելով` ՔԱ 69 թուականին Մեծն Տիգրան Տիգրանակերտի մէջ կառուցած է թատրոն, որ սկիզբը հանդիսացած է մեր իրականութեան թատերական կեանքին, որ մինչեւ այսօր կ՛ապրի:
Եւ այսպէս, այսօր Լիբանանի ծանր պայմաններուն մէջ, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը «Դող` սիրտը գող» ներկայացումով մեկնարկը կը կատարէ լիբանանահայ թատերական կեանքին նոր տարեշրջանին, այս անգամ` կատակերգութեամբ, որուն ժանրին ընտրութիւնը այսօրուան կացութեան համահունչ է: Այստեղ պէտք է հաստատել, որ կատակերգութեան եւ գռեհիկ ու անմշակ ներկայացումներուն տարբերութիւը շատ մեծ է: Այո՛, կատակերգութիւնը թատրոնին ծնունդէն ի վեր գոյութիւն ունի, անոր անբաժան մասնիկն է, որ ծիծաղով ու ժպիտով ե՛ւ որակ կը ներկայացնէ ե՛ւ ընկերային, քաղաքական եւ ազգային հարցեր կ՛արծարծէ, եւ երբեմն ալ` ա՛յն, ինչ որ մեր «դասական»-ով կարելի չէ փոխանցել, ապա կատակերգութիւնը իրականութիւնները առաւել եւս շեշտակի ձեւով ներկայացնելու պայմանները կ՛ընձեռնէ:
Համազգայինը կատակերգութիւն ներկայացնելով` իր գործելադաշտը կ՛ընդարձակէ, առաւել եւս հանդիսատեսներուն հասանելի նիւթեր կը ներկայացնէ, եւ այս փոփոխութիւնը յառաջիկային անպայմանօրէն պիտի ունենայ իր դրական անդրադարձն ու լիբանանահայ թատրոնին պիտի տայ նոր եռանդ:
Վերջապէս, «Գ. Իփէկեան»-ի նոր ներկայացումին յաջողութիւն մաղթելէն անդին` կ՛արժէ անպայմանօրէն գնահատել ընդհանրապէս թատրոնի եւ ի մասնաւորի Համազգայինի թատերախումբի բոլոր «խենթեր»-ը, որոնք նուիրումով եւ մեծ զոհողութիւններով իրենց դերը կը կատարեն` հակառակ բազմատեսակ տագնապներուն: Այո՛, «խենթեր» են, որովհետեւ երբեմն մէկ, երկու կամ երեք ներկայացումներու համար օրեր հինգ-վեց ժամ փորձ կը կատարեն, ներկայացումներէն երկու-երեք շաբաթ առաջ կ՛անջատուին առօրեայէն եւ մուտք կը գործեն թատերասրահ, ամէն օր, ժամեր, ինչպէս նաեւ կեանքի դժուարութիւնները կ՛անտեսեն, որպէսզի բեմին լոյսերը վառած պահեն, եւ վարագոյրը բաց մնայ…



