Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն մասնագէտներ եւ մտաւորականներ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վտանգներուն մասին, եթէ այս թափով շարունակուի անոր զարգացումը: «Փոլիթիքօ», «Ճափան Թուտէյ», «Էյ. Պի. Սի.» կայքերը այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:

Ն.

Արեւմտեան երկիրներու բնակիչներու
մեծամասնութիւնը կը վախնայ,
որ ԱԲ-ն կը կործանէ մարդկութիւնը

Մարդկութեան գոյութեան սպառնացող ԱԲ-ի վտանգներու շուրջը  ծաւալած քննարկումները խորապէս մտահոգած են հանրութիւնը:

Փոլիթիքօ կայքի պատուէրով կատարուած հարցախոյզին  մասնակիցներուն շուրջ կէսը կողմ արտայայտուած է վտանգները կանխելու նպատակով ԱԲ-ի զարգացման թափերու դանդաղեցման: Մասնակիցներու կէսէն աւելին այս կամ այն չափով հիմնաւորուած կը նկատէ այդ վտանգները:

Արեւմտեան վեց երկիրներու մէջ կազմակերպուած  հարցախոյզին  ցուցանիշները կը տատանին`  «Մարդկութիւնը գրեթէ հաստատ կ՛ոչնչանայ» (միջինը` 12 առ հարիւր) տարբերակէն մինչեւ նման ելքի «Չափաւոր վտանգի գոյութիւնը» (26 առ հարիւր) միջեւ:

Ընդհանրապէս  Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ հոլովոյթին արգելք ըլլալու կողմնակիցներուն (որոնք կը կարծեն, թէ ԱԲ-ն արդէն բաւական  զարգացած է) թիւը կազմած է 45 առ հարիւրէն  1 առ հարիւր: Մինչ  հարցուածներուն 31 առ հարիւրէն 40 առ հարիւրն ալ կողմ է աւելի կատարելագործուած նորարարութիւններու, որոնք կրնան «էական օգուտներ» բերել:

Հարցախոյզին մասնակցածներու 55-65 առ հարիւրը զգալի («գրեթէ անխուսափելի», «էական», «չափաւոր») կը նկատէ մարդկութեան կործանման վտանգը, որուն  մասին վերջերս կը զգուշացնեն ԱԲ-ի յառաջատար հետազօտողները իրե՛նք: Միաժամանակ, 23 առ հարիւրին կարծիքով, նման վտանգերը չափազանց ուռեցուած են կամ վտանգներ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին:

Հարցուածներուն  քաղաքական հայեացքները գրեթէ չեն ազդեր անոնց մտահոգութեան աստիճանին վրայ:

Օրինակ` 2024 թուականին Տ. Թրամփի ի նպաստ  քուէարկածներու 44 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ԱԲ-ի զարգացումը պէտք է դանդաղեցնել, իսկ 40 առ հարիւրը կը կարծէ, որ այդ չ՛արժեր ընել եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ետ մնան միւս երկիրներէն, նոյնիսկ եթէ այդ յաւելեալ վտանգներ կը յառաջացնէ:

Վերջին կէս տարուան ընթացքին ԱԲ-ի արեւմտեան յառաջատար մշակողները սկսած են արձանագրել նոր մշակուածներու «մտահոգութեան» դէպքեր, երբ անոնք գործած են հրահանգներուն հակառակ եւ շրջանցած` իրենց համար ճշդուած սահմանափակումները:

Օրինակ` OpenAI-ի մէջ փորձարկուող նոր ԱԲ-ն ինքնակամ հրահանգներ գրած է իրեն  համար` նշելով, որ ոչ ոքի պէտք է ենթարկուի («ո՛չ ընկերակցութիւններուն, ո՛չ կառավարութիւններուն»), ոչ ոքի առջեւ պէտք է արդարանայ, իսկ ԱԲ գործածողներուն հետ  յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին հաւասարէ հաւասարի սկզբունքով:

Անթրոփիք  ընկերութեան (Claude ԱԲ) հիմնադիր եւ ղեկավար Տարիօ Ամոտէյ հրապարակաւ կոչ ըրած է դանդաղեցնելու ԱԲ-ի զարգացումը, նաեւ` խստացնելու հանրային ու մասնագիտական վերահսկողութիւնը: Ան այս քայլին դիմած է, երբ իր աշխատակից Ճէյքըպ Քոքսըն լքած է ընկերութիւնը` յայտարարելով, որ նոր արհեստագիտութիւնը  «մինչեւ տասնամեակի վերջը կրնայ սպաննել բոլորս»:

Ամոտէյի կոչին աջակցած են նաեւ OpenAI, DeepMind եւ SpaceX ընկերութիւններու ղեկավարները:

Ըստ հարցախոյզին, մարդիկ հիմնաւորուած կը նկատեն հետազօտողներու զգուշացումները:

Այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք ԱԲ տարրալուծարանի աշխատակիցները իսկապէս կը հաւատան սեփական մտավախութիւններուն առ այն, որ «ԱԲ-ն կը սպաննէ բոլորս», թէ՞ այդ պարզապէս «շուկայական հնարք է»` սեփական արտադրութեան ծանուցումը ընելու համար. հարցուածները հիմնականին մէջ պատասխանած են, որ այդ զգուշացումները անկեղծ կը նկատեն:

Ճափոն կը պատրաստուի մարդամեքենայ
ներդնել բանակին մէջ

Ճափոնի զինուած ուժերուն, որոնք զօրակոչի կապուած դժուարութիւններու կը բախին, կրնան սկսիլ ներդնել ԱԲ-ով օժտուած մարդամեքենաներ: Երկրի իշխանութիւնները այժմ կ՛ուսումնասիրեն այդ կարելիութիւնը: Այս մասին հաստատած են երկրի իշխող կուսակցութեան աղբիւրներ:

Կը նշուի, որ նման մարդամեքենաները կրնան կիրարկուիլ «ոչ մարտական իրավիճակներու մէջ», ինչպէս` խարիսխներու հսկողութեան եւ ճարտարարուեստի ապահովման գործի մէջ, բան մը, որ կրնայ կրճատել երկրի Ինքնապաշտպանութեան ուժերու անձնակազմի թիւը:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս աշխատանքը կը ղեկավարէ Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութեան գնումներու եւ  արհեստագիտութիւններու գործակալութիւնը: Կը նախատեսուի կազմակերպել մրցոյթ, որուն ընթացքին սեփական  ընկերութիւններու եւ համալսարաններու մշակած մարդասէր մարդամեքենաները կը ցուցադրեն իրենց կարելիութիւնները: Ապագային նման սարքերը կրնան ներգրաւուիլ նաեւ հետախուզական եւ փրկարարական գործողութիւններու մէջ:

Կառավարութիւնը կը ծրագրէ տարեվերջին վերանայիլ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտի առանցքային փաստաթուղթերը, որպէսզի կարելի դարձնէ ԱԲ-ի` որպէս երկրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման հիմնական գործօնի, աւելի լայն կիրարկումը:

Ֆիզիքական ԱԲ-ի համակարգերը, որոնցմով զինուած են նման մարդամեքենաները, թոյլ կու տան վերլուծել սենսըրներու եւ տեսախցիկներու միջոցով հաւաքուած տեղեկատուութիւնը եւ կատարել տարբեր տեսակի առաջադրանքներ:

Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները նախկինին նման զգուշ կը վերաբերին  մարտական գործողութիւններու մէջ ԱԲ-ի կիրարկման: Այս պայմանաւորուած է այն վտանգով, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ շփոթել ընկերներն ու հակառակորդը, կամ մարտական գործողութիւններու մասնակիցները` խաղաղ մարդոց հետ, եւ` հակառակը:

«Մենք չենք ակնկալեր, որ ֆիզիքական ԱԲ-ն եւ զէնքով զինուած մարդամեքենաները կը կիրարկուին մարտական գործողութիւններու ընթացքին», յայտարարած է իշխող կուսակցութեան անվտանգութեան յանձնախումբի բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը, իր կարգին, ընդգծած է, որ ԱԲ-ն կրնայ արդիւնաւէտ գործիք դառնալ «սահմանափակ անձնակազմով իրականացուող գործողութիւնները փոխարինելու կամ լրացնելու համար»:

Սպիտակ տան մօտակայքը հնարաւոր սպառնալիքները
վերահսկող  անօդաչուներ տեղակայուած են

Միացեալ Նահանգներու գաղտնի  ծառայութիւնը Սպիտակ տան մօտակայքը հնարաւոր սպառնալիքները վերահսկող դիտարկման անօդաչուներ տեղակայած է, որոնք մնայուն պատրաստ վիճակի մէջ են:

Միայն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ, առանց աւելորդ աղմուկի, արդէն կը գործէ անօդաչու սարքերու խարիսխը, որ կը ղեկավարէ ոչ թէ բանակը, այլ` գաղտնի ծառայութիւնը: Նկարահանող սարքերով փոքր անօդաչուները, որոնք նախատեսուած են բարձրութենէն հնարաւոր սպառնալիքները նկատելու համար, տեղադրուած են եղանակային պայմաններէն պաշտպանուած չորս մոխրագոյն տուփերու մէջ եւ միշտ պատրաստ են օդ բարձրանալու :

Անօդաչուները զէնք չեն կրեր. անոնք տեղադրուած են ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքին տանիքին: Գաղտնի ծառայութիւնը կրնայ զանոնք գործարկել հեռակառավարման վահանակներէն` ստեղծուած իրավիճակին անյապաղ արձագանգելու համար:

Աշխատանքի այս նոր ձեւը արդէն կը կիրարկեն Միացեալ Նահանգներու հարիւրաւոր ոստիկանական գերատեսչութիւններ: Անօդաչուներուն մէջ տեղադրուած է  ԱԲ, որ կ՛օգնէ շրջանցել արգելքներն ու հետեւիլ թիրախին:

Այս մասին հրապարակաւ չէր յայտարարուեր, որպէսզի չտկարանան Սպիտակ տան փաստերը յօգուտ պարասրահի կառուցման, որուն տանիքին վրայ նախագահ Թրամփ  խոստացած էր անվտանգութեան ապահովման նպատակով հրթիռակիր ռազմական անօդաչուներ տեղադրել:

Գաղտնի ծառայութիւնը մերժած է յստակացնել, թէ ճշգրիտ ի՛նչ գործառոյթ կ՛իրականացնեն անօդաչուները, սակայն նշած է, որ անոնց նոր տուփերը կապ չունին պարասրահի տանիքին նախատեսուող խարիսխին հետ:

Պատրաստի պատասխաններ` սեփական մտածողութեան
փոխարէն. գիտնականները ուսումնասիրած են
ԱԲ-ի ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ

Գիտնականները յայտնաբերած են երեխաներու ուսման վրայ ԱԲ-ի ազդեցութեան վերաբերեալ գիտելիքներու լուրջ բաց. կրթութեան մէջ ԱԲ-ի արագ տարածումը  հետազօտողները ցարդ գրեթէ չեն գիտակցիր, թէ անոր օգտագործումը ինչպէ՛ս կ՛ազդէ կրտսեր դպրոցականներու քննադատաբար մտածելու եւ ինքնուրոյն խնդիրներ լուծելու կարողութեան վրայ:

Այդ եզրակացուցած է Նորվեկիայէն եւ Չեխիայէն հետազօտողներու խումբը, որ վերլուծած է կրթութեան մէջ ԱԲ-ի  կիրարկման վերաբերեալ 173 գիտական աշխատանք: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Information Technology Education: Research ամսագրին մէջ:

Գիտնականները ուսումնասիրած են 2022 թուականէն մինչեւ 2025 թուականի գարունը հրապարակուած աշխատանքները` պարզելու համար, թէ արդեօ՞ք ԱԲ-ն կ՛օգնէ զարգացնել քննադատական մտածողութիւնն ու խնդիրները ինքնուրոյն լուծելու կարողութիւնը, թէ՞ հակառակը, կը տկարացնէ այդ հմտութիւնները:

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ միատեսակ պատասխան չկայ: Նոյն արհեստագիտութիւնը կրնայ ե՛ւ աջակցիլ մտածողութեան, ե՛ւ  դառնալ զայն փոխարինողը:

ԱԲ-ն կ՛օգնէ զարգացնել կարեւոր հմտութիւններ, երբ աշակերտները այդ գործածեն հարցեր ձեւակերպելու, տեղեկութիւնները ստուգելու, տարբեր տեսակէտներ համեմատելու եւ ինքնուրոյն փաստարկում կառուցելու համար: Սակայն եթէ չաթ-բոտը կը դառնայ պատրաստի պատասխանը արագ ստանալու միջոց, կը մեծնայ արհեստագիտութենէն չափազանց կախուածութեան, նիւթի մակերեսային իւրացման եւ խնդիրներու ինքնուրոյն լուծման տկարացման վտանգը:

Միաժամանակ հետազօտողները պարզած են, որ գոյութիւն ունեցող տուեալներու մեծ մասը ընդհանրապէս երեխաներուն չի վերաբերիր:

Վերլուծուած հետազօտութիւններու 80 առ հարիւրին մասնակիցները եղած են քոլեճներու եւ համալսարաններու ուսանողներ: Այդ պատճառով շատ աւելի նուազ յայտնի է, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ երեխաներուն եւ դեռահասներուն մօտ, որոնց տեղեկատուութիւնը ընկալելու, գնահատելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը դեռ նոր կը ձեւաւորուի:

Ըստ նորվեկիացի մասնագէտ,  հետազօտող Հիլտէ Ստորիոսեթերի, եթէ ԱԲ-ն կը սկսի կատարել մտաւոր աշխատանքը դեռ մինչեւ այն պահը, երբ երեխան սկսած է ձեւաւորել քննադատական մտածողութեան եւ խնդիրներու լուծման սեփական հմտութիւնները, հետեւանքները կրնան էապէս տարբերիլ անոնցմէ, որոնք կը դիտուին մեծահասակներու պարագային:

Կան նաեւ այլ բացեր:

Հետազօտութիւններուն մեծ մասը հիմնուած է մասնակիցներու ինքնազեկոյցներու վրայ, այլ ոչ թէ` ժամանակի ընթացքին անոնց հմտութիւններու փոփոխութիւններու առարկայական հետեւումին:

Բացի անկէ` գիտական աշխատանքները աշխարհի մէջ  բաշխուած են անհաւասարաչափ: Հարաւային, հարաւարեւելեան եւ արեւելեան Ասիոյ երկիրներու, յատկապէս` Չինաստանի, բաժին ինկած է 28 հետազօտութիւն: Սպանիոյ եւ Բրիտանիոյ մէջ իննական, Միացեալ Նահանգներու` 15: Մինչ Ափրիկէն, Հարաւային Ամերիկան եւ Կեդրոնական Ասիան կը մնան զգալիօրէն աւելի նուազ ուսումնասիրուած:

Ընդհանրապէս դրական արդիւնքները հանդիպած են աւելի յաճախ, քան` բացասականները:

ԱԲ-ի ազդեցութեան վերաբերեալ քննադատական մտածողութեան վրայ 139  հետազօտութիւններէն 67-ն հաղորդած են միայն դրական ազդեցութեան մասին, 33-ը` միայն բացասականի, իսկ 39-ն յայտնաբերած են ե՛ւ դրական ադիւնք  ե՛ւ բացասական հետեւանքներ:

Նման պատկեր դիտուած է նաեւ խնդիրներ լուծելու կարողութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու մէջ. 103 աշխատանքներէն 57-ն հաղորդած են բացառապէս ԱԲ-ի դրական ազդեցութեան մասին, 24-ը` բացասականի, 23-ը` դրականի եւ բացասականի:

Միաժամանակ երեխաները աւելի ու աւելի աշխուժ կը դիմեն ԱԲ-ին տեղեկութիւն ստանալու համար:

Ըստ  Նորվեկիոյ տեղեկատուական ոլորտի վարչութեան տուեալներուն, Կուկըլ գործածող 9-18  տարեկաններու բաժինը 2024 թուականին  72 առ հարիւրէն նուազած է մինչեւ 47 առ հարիւր` 2025-ին: ԱԲ արդէն կ՛օգտագործէ 11-12  տարեկան նորվեկիացի երեխաներու 39 առ հարիւրը:

Հետազօտողները կը խորհին, որ այդ պատճառով դպրոցներու առանցքային խնդիրը կը դառնայ ոչ թէ պարզապէս նոր գործիքներու հետ աշխատիլ սորվեցնելը, այլ` ԱԲ գրագիտութեան զարգացումը  հասկնալու կարողութիւնը, թէ արհեստագիտութիւնը ինչպէ՛ս կ՛ազդէ ուսուցման հոլովոյթին վրայ, ստուգել անոնցմէ ստացուած տեղեկութիւնները եւ ինքնուրոյն գնահատել արդիւնքները:

Հետազօտութեան հեղինակներու կարծիքով, ուսուցիչները պէտք է ստեղծեն այնպիսի առաջադրանքներ, որոնց մէջ ԱԲ-ն կ՛օգնէ երեխային մտածելու, բայց անոր փոխարէն չի կատարեր հիմնական մտաւոր աշխատանքը:

Նախորդը

Ապրուած Օրեր. Հարպ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն. Գունաւորե՛նք Եւ Պահպանե՛նք Մեր Ազգային Խորհրդանիշները

RelatedPosts

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ
Մշակութային եւ Այլազան

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

September 11, 2026
Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը  Այլեւս  Չեն Ուզեր  Մեծահարուստի  Տեսք Ունենալ
Մշակութային եւ Այլազան

Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը Այլեւս Չեն Ուզեր Մեծահարուստի Տեսք Ունենալ

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.