Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունած է Միացեալ Նահանգներու խաղաղապահ առաքելութիւններու գծով յատուկ ներկայացուցիչի աւագ խորհրդական Արիէ Լայթսթոնը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին շուրջ:
Պայրամով զրուցակիցին տեղեկացուցած է խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի քայլերուն մասին` ամերիկեան կողմին ներկայացնելով Պաքուի դիրքորոշումը:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին: Ընդգծուած է, որ ատոր իրականացումը էական ներդրում պիտի ունենայ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու զարգացման, Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն անխոչընդոտ հաղորդակցութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ շրջանային տարանցման համար լայն կարելիութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ:


