Եմէնի կառավարական ուժերը յայտարարեցին. «Պապ Մանտեպի մէջ հուսի խմբաւորման դէմ զինուորական վճռական գործողութիւն մը շղթայազերծեցինք»:
Զինուորական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ կառավարական ուժերը Պապ Մանտեպին հսկող Զու Պապ շրջանին մէջ հուսիներու դիրքերուն վրայ յարձակում կը գործեն:
Նշենք, որ հուսիները անցեալ ամիս անակնկալ յարձակում մը շղթայազերծելով գրաւեցին ռազմավարական Պապ Մանտեպ նեղուցը, ինչպէս նաեւ Կարմիր ծովուն վրայ 150 քիլոմեթր երկարութեամբ ծովեզերք մը, ինչ որ անոր միջազգային նաւարկման ուղիին վրայ վերահսկողութիւն շնորհեց:
Եմէնի կառավարական ուժերը աւելի ուշ ալ յայտարարեցին. «Յաջողեցանք Պապ Մանտեպը վերահսկողութեան տակ առնել»` աւելցնելով. «Թաազի արեւմուտքը գտնուող Զու Պապ օդակայանը մեր վերահսկողութեան տակ է»:
«Աքսիոս» մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիան եւ եմէնեան կառավարական ուժերը յառաջիկայ օրերուն հուսիներուն դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը շղթայազերծումը կը ծրագրեն` փորձելով զանոնք հեռացնել Կարմիր ծովու Պապ Մանտեպ նեղուցին վերահսկող ծովեզերեայ շրջանէն:
Անոնք աւելցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներ քանի մը շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած են գործողութեան մասնակցելու եւ օդային հարուածներ հասցնելու սէուտական խնդրանք մը, սակայն ամերիկացի պաշտօնատարները յայտնած են, որ այս դիրքորոշումը կրնայ փոխուիլ, եթէ գործողութիւնը խնդիրներ դիմագրաւէ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան կայքին ըսած է, թէ սէուտցիները շաբաթներէ ի վեր գործողութեան կը պատրաստուին, եւ սէուտական ղեկավարութիւնը օրեր առաջ հաւանութիւն տուած է ծրագիրին, որուն պիտի մասնակցին եմէնեան կառավարութեան համակիր ցամաքային ուժեր` սէուտական օդային ծածկոյթով:
Նշենք, որ Եմէնի մէջ նախագահական խորհուրդի նախագահ Ռաշատ Ալէյմի կիրակի օր «Եմէնի մնացեալ հողերուն վերատիրանալու եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն իշխանութեան տարածման համար զինուորական գործողութիւններու սկիզբը» յայտարարեց:
Եմէնի կառավարական ուժերը աւելի ուշ յայտարարեցին. «Մեր ուժերը սկսան Սանաայի վրայ ռազմավարական յարձակումի գործողութիւն մը շղթայազերծել»:


