Մոսկուայի մէջ ոստիկանութիւնը ձերբակալութիւններ կատարած է Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան Սպիտակ տան վրայ յարձակումի 33-րդ տարեդարձի առիթով յիշատակի ցոյցին ժամանակ:
Ձերբակալուած են երկու տասնեակէ աւելի մարդիկ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Նասթոյշչէյէ Վրեմիա» նախագիծը:
Համաձայնեցուած հանրահաւաքի ժամանակ խօսք արտասանած է կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժիւկանով:
Յաջորդած երթի մասնակիցները սկսած են վանկարկել քաղաքական կարգախօսներ, ինչպէս` «Կորչի՛ «Ռոսքոմնատզոր»-ը», «Ո՛չ քաղաքական բռնաճնշումներուն», «Ազատութի՛ւն քաղաքական բանտարկեալներուն», իսկ զանգուածային ձերբակալութիւններու պատճառ դարձած է, ըստ Համայնավար կուսակցութենէն Մոսկուայի քաղաքային տումայի նախկին պատգամաւոր Եւկենի Սթուփինի, «Կորչի՛ ցարը» կարգախօսը:
Ցուցարարները ոստիկանութեան քայլերուն հակադարձած են «ամօ՛թ» վանկարկելով:
Յիշեցնենք, որ 4 հոկտեմբեր 1993 թուականին ռուսական բանակի մասնայատուկ ուժերը յարձակեցան Գերագոյն խորհուրդի շէնքին վրայ, ուր կը գտնուէին Ռուսիոյ նախագահ Պորիս Ելցինն ու ընդդիմադիր երեսփոխանները:
Պաշտօնական տուեալներով` այդ օր սպաննուած է 74 մարդ, որոնցմէ 26-ը զինուորականներ եւ ներքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներ, վիրաւորուած են 172 անձեր:
Տեղի ունեցածը Ռուսիոյ այն ժամանակուան իշխանութիւնները որակած էին իբրեւ պետական յեղաշրջման փորձի կանխարգիլում:


