Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, մենք պատրաստ ենք քննարկելու այս պատերազմի աւարտը: Այս մասին Ուքրանիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց:
«Սակայն Ուքրանիոյ խաղաղ բնակիչներուն վրայ այս բարբարոսական յարձակումները պէտք է դադրեցուին», յայտարարած է Մերց` դիմելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Գերմանիոյ վարչապետը Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւ հասած էր ոչ պաշտօնական այցելութեամբ:
«Ես այսօր Քիեւ եկած եմ, որովհետեւ Ուքրանիան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին մեր աջակցութեան կարիքը ունի: Եթէ Ռուսիան չկանգնեցնենք, անոր ռազմական մեքենան շուտով մեր դէմ պիտի շրջուի: Շուտով մեր ժողովուրդը պիտի բախի պատերազմի հինգերորդ ձմրան», նշած է Գերմանիոյ վարչապետը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ քանի տակաւին խաղաղութիւնը հաւանական չէ բանակցութիւններու ճամբով հաստատել, Ռուսիան իր ամբողջ ուժով պիտի պայքարի:
«Ռուսիան պիտի պայքարի Տոնեցքի նոյնիսկ մէկ հարիւրերորդ մասի ազատագրման համար, քննարկելու բան չկայ», նշեց Փեսքով:


