Սէուտական Արաբիան եւ եմէնեան կառավարական ուժերը յառաջիկայ օրերուն հուսիներուն դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը շղթայազերծումը կը ծրագրեն` փորձելով զանոնք հեռացնել Կարմիր ծովու Պապ Մանտեպ նեղուցին վերահսկող ծովեզերեայ շրջանէն: Այս մասին «Աքսիոս»-ին յայտնած են երկու ամերիկացի պաշտօնատարներ:
Միացեալ Նահանգներ քանի մը շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած է գործողութեան մասնակցելու եւ օդային հարուածներ հասցնելու սէուտական խնդրանք մը, սակայն ամերիկացի պաշտօնատարները յայտնած են, որ այս դիրքորոշումը կրնայ փոխուիլ, եթէ գործողութիւնը խնդիրներ դիմագրաւէ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան կայքին ըսած է, թէ սէուտցիները շաբաթներէ ի վեր գործողութեան կը պատրաստուին, եւ սէուտական ղեկավարութիւնը օրեր առաջ հաւանութիւն տուած է ծրագիրին, որուն պիտի մասնակցին եմէնեան կառավարութեան համակիր ցամաքային ուժեր` սէուտական օդային ծածկոյթով:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալման հինգշաբթի օր հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթին` զինք տեղեակ պահելու համար սպասուող գործողութենէն, եւ անգամ մը եւս հուսիներուն պատկանող թիրախներու դէմ ամերիկեան օդային հարուածներ խնդրած է:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները «ներկայիս զինուորական ուղղակի գործողութիւն մը պիտի չկատարեն»:
«Աքսիոս» կը յիշեցնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ հուսիներուն հարուածելու հրաման արձակելու մօտ էր, երբ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իրմէ այդ մէկը խնդրեց, սակայն ի վերջոյ որոշեց ետ կանգնիլ:
Թրամփ ինքզինք կը գտնէ իր դաշնակիցին ու բարեկամին` Մոհամետ Պըն Սալմանին օգնելու փափաքին, եւ Միջին Արեւելքի մէջ նոր ճակատի մէջ ներքաշուելէ խուսափելու ընտրանքին միջեւ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ ամերիկեան բանակը Սէուտական Արաբիոյ, կռիւին ուղղակի կերպով մասնակցելէն բացի, ամէն բանի մէջ, մասնաւորաբար հետախուզական տեղեկութիւններու եւ թիրախներու ճշդման տուեալներու տրամադրման մէջ կ՛օգնէ:
Պաշտօնատարը նշեց, որ ամերիկեան բանակը անցեալ երկու շաբաթներուն ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած է աւելի քան 200 հուսիական թիրախներու տուեալներ` աւելցնելով, որ այդ հարուածները հուսիներուն վրայ ճնշումը շատ աւելի աւելցուցած են:
Եմէնի մէջ նախագահական խորհուրդի նախագահ Ռաշատ Ալէյմի երէկ «Եմէնի մնացեալ հողերուն վերատիրանալու եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն իշխանութեան տարածման համար զինուորական գործողութիւններու սկիզբը» յայտարարեց:
«Հուսիներու խմբաւորման ոտնձգութիւններու դիմակայման մէջ մեր պատասխանատուութեան տէր պիտի կանգնինք», նշեց ան:
Միւս կողմէ, չորս աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ հուսիները կտրած են Եմէնի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Թաազ քաղաք տանող գլխաւոր ճամբայ մը` նշելով, որ անոնք այժմ քաղաքը պաշարած են:


