Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկա. Անգլիա Բարձր Մակարդակի Ֆութպոլ Ցուցաբերեց

October 5, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգերու լիկայի Եւրոպայի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, երբ 3-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան, եւ սկսաւ 4-րդ հանգրուանը, որ պիտի աւարտի մինչեւ վաղը գիշեր:

Գերմանացի Թոմաս Թուխել, որ Անգլիոյ ազգային խումբը կը մարզէ, առաջին անգամ ըլլալով գոհ մնաց իր խումբի բոլոր մարզիկներէն, որոնք Ռեյիքայի մէջ կրցան 7 անպատասխան կոլեր նշանակել Խրուաթիոյ բերդին մէջ: Խրուաթիա իր ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն պարտութիւնը կրեց: Ճուտ Պելինկհամ մրցումին աստղն էր, ան կոլ մը նշանակեց` 3 էսիսթներ ալ կատարելով: Հերի Քէյն (2), Պուքայօ Սաքա (2), Անթոնի Կորտըն եւ Մորկըն Ռոճըրզ նշանակեցին Անգլիոյ 7 կոլերը:

Գ. խմբակի իր 3-րդ մրցումին Անգլիա շահեցաւ 6-րդ կէտը, բայց 3 կէտերով ետ կը մնայ Սպանիոյ ազգային խումբէն, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան: Լամին Եամալ, Ռոտրի եւ Միքել Մերինօ նշանակեցին Սպանիոյ կոլերը, մինչ Եիրի Սլամա նշանակեց Չեխիոյ միակ կոլը: 85-րդ վայրկեանին Վուլվզի կեդրոնի յետսապահ Լատիսլաւ Քրէյչի, ստանալէ ետք իր 2-րդ դեղին քարտը, վտարուեցաւ դաշտէն:

Ֆրանսա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Իտալիոյ հետ: Մայքըլ Օլիսէ յաջորդական իր երրորդ մրցումին կրցաւ փրկել Ֆրանսան: Արդարեւ, Թուրքիոյ դէմ կարեւոր էսիսթ մը տալէ ետք, ան Պելճիքայի դէմ միակ կոլը նշանակած էր եւ Իտալիոյ դէմ ալ նշանակեց Ֆրանսայի միակ կոլը:

Իտալիա յաջորդաբար երկրորդ մրցումը ըլլալով բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ եւ Ինթեր Միլանի յետսապահ Ալեսանտրօ Պասթոնի կոլ մըն ալ նշանակեց:

Պելճիքա իր կարգին ծանր պարտութեան մատնեց Թուրքիան (3-0): Վեթերան Քեւըն Տը Պրույնէ եւ Ռոմելու Լուքաքու նշանակեցին Պելճիքայի կոլերը: Պելճիքա 6 կէտերով կը գրաւէ առաջին խմբակի Բ. դիրքը` 1 կէտով ետ մնալով Ֆրանսայէն եւ 2 կէտով գերազանցելով Իտալիան: Թուրքիա տակաւին կէտ չունի եւ կը գրաւէ վերջին դիրքը:

Այսօր Հայաստանի ազգային խումբը Փոտկորիցայի մէջ պիտի մրցի Մոնթենեկրոյի դէմ: Անցեալ շաբաթ Հայաստան Երեւանի մէջ դժբախտ պարտութիւն մը կրած է Մոնթենեկրոյէն` կոլ մը ստանալով վերջին վայրկեանին:

Յոյսով, որ Հայաստանի ազգային խումբը աւելի դրական արդիւնք արձանագրէ այսօրուան մրցումին: Վերջին մրցումին ալ Կիպրոսի մէջ խաղարկութեան մակարդակը այդքան վատ չէր, բայց կոլ նշանակելու հարց կայ, եւ ինչպէս մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան միշտ կ՛ըսէ, փորձառու յառաջապահ չունինք: Այժմ 3 կէտերով Հայաստան կը գրաւէ խմբակի 3-րդ դիրքը` 1 կէտով ետ մնալով Կիպրոսէն:

Ստորեւ այսօրուան եւ վաղուան կարեւորագոյն մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Ֆրանսա – Պելճիքա
Իտալիա – Թուրքիա
Պոսնիա – Լեհաստան
Ռումանիա – Շուէտ
Մոնթենեկրօ – Հայաստան

ՎԱՂԸ
Խրուաթիա – Սպանիա
Անգլիա – Չեխիա
Սկովտիա – Սլովենիա
Զուիցերիա – Մակեդոնիա

Նախորդը

Թենիս. Չարայեւա Յաղթեց Թիւ 1 Ռիպաքինային

Յաջորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» Քիթ Գրիգորեան Յաղթեց Եւ Պահպանեց Իր Տիտղոսը

RelatedPosts

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան
Մարզական

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

October 5, 2026
Ասիական Խաղեր.  Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ասիական Խաղեր. Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 5, 2026
Սամպօ.  Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Սամպօ. Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.