ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Համազգայինի ցուցասրահի կողմէ կազմակերպուած եւ Լիւսի Թիւթիւնճեանին նուիրուած «Լիալուսին» հատորի շնորհահանդէսին առիթով կը հրատարակենք արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանիի յօդուածը, որ լոյս տեսած է նոյն հատորին մէջ: Մովսէս Ծիրանի կ՛անդրադառնայ Լիւսի Թիւթիւնճեանի մարդկային արժանիքներուն եւ արուեստի անցած ուղիին:
***
Սիրելի՛ ընթերցող,
Իբրեւ գեղանկարիչ` գրած եւ գնահատած եմ Լիւսի Թիւթիւնճեանի արուեստը… տարբեր առիթներով: Այսօր կարգ մը վկայութիւններ պիտի արձանագրեմ անոր համեստութեան, ազնուութեան եւ նկարագրային կարգ մը այլ գիծերու մասին, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին նաեւ իր ստեղծագործական կեանքին:
Մոնրէալ, Սեն Լորան 2023, ձմեռ
Լաւագոյն ընկերներէս` տաղանդաւոր երաժիշտ եւ համաքանատական առումով կայացած երգահան Պետրոս Շուճունեանին հետ հանդիպման էինք Սեն Լորան քաղաքապետարանի աւագանիի անդամներէն Վանայ Նազարեանին մօտ: Մեր խորհրդակցութեան թեման կը վերաբերէր Քանատայի ժամանակակից մշակոյթին, ի մասնաւորի` կերպարուեստին: Հանդիպումը կայացած էր` նկատի ունենալով «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահին միջազգային գետնի վրայ ձեռք բերած բազմամեայ փորձառութիւնն ու Մովսէս Ծիրանիի` միջազգային թերթերու, յատկապէս «Ֆայն Արթ Մեկեզին»-ի աշխատակցած ըլլալու հանգամանքը: Մինչեւ գրասենեակ հասնիլը, արդէն իսկ տպաւորուած էի մուտքին եւ միջանցքներուն զետեղուած ժամանակակից կերպարուեստի ստեղծագործութիւններով, որոնց բոլորին հեղինակները չէ, որ ծանօթ էին ինծի: Մեր հանդիպումը բեղմնաւոր ըլլալու բոլոր տուեալները ունէր, մանաւանդ որ մշակոյթի հանդէպ ունեցած իր լուրջ կեցուածքով ու բանիմացութեամբ, տիկին Նազարեանը ոչ միայն տպաւորեց, այլ նաեւ քաղաքապետարանի հետ գործակցելու ապագայի նոր յոյսեր ներշնչեց մեզի: Մինչ այդ գրասենեակի պատին կախուած գեղանկարներէն մէկը հանգիստ չէր ձգեր զիս, որովհետեւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի ոճով իրագործուած էր… Պարբերաբար աչքս կը սահէր անոր վրայէն ու մտածել կու տար ինծի, թէ ո՞վ որմէ՛ ազդուած էր արդեօք: Երբ Շուճունեանին հետ կը պատրաստուէինք դուրս գալու, գայթակղութեան չդիմացայ եւ հարց տուի տիկին Նազարեանին, որուն հետ որոշ մտերմական յարաբերութիւն մը սկսած կը թուէր ըլլալ:
– Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս գեղանկարին հեղինակը հայ է:
– Այո՛, բայց…
– Լիւսի Թիւթիւնճեա՞ն:
– Այո՛, կը ճանչնա՞ք:
– Թէ՛ զինք եւ թէ՛ իր արուեստը լաւ կը ճանչնամ: Եթէ քանատահայու մը ստեղծագործութիւնը հոս տեսնէի, պիտի չզարմանայի: Սակայն Լիւսի Թիւթիւնճեանը ուրկէ՜ ո՛ւր…
– Բացատրեմ: Տարիներ առաջ բարեսիրական ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր հոս: Այս նկարը օտար մը գնեց եւ նուիրեց քաղաքապետարանին, որովհետեւ ես շատ սիրեցի, յարմար նկատուեցաւ, որ անիկա իմ գրասենեակս զարդարէ:

Ես յուզուած էի ոչ թէ անոր համար, որ հայու մը ստեղծագործութեան կը հանդիպէի քանատական քաղաքապետարանի մը մէջ, այլ` անոր համար, որ տիկին Լիւսին այնքան համեստ էր ու ազնիւ, երբեք չէր բացայայտած, որ ինք Լիբանանէն դուրս եւս, Փարիզէն մինչեւ Մոնրէալ ու Լոս Անճելըս, բարեսիրական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է` առանց որեւէ տեսակի ցուցադրականութեան:
Այսպէս էր տիկին Լիւսին:
Լեռնալիբանան, Պելվիու, 1982, աշուն
Այդ տարիներուն Զաւէն եւ Սեդա Խտըշեանները գեղեցիկ աւանդոյթ մը ստեղծած էին` պարբերաբար իրենց առանձնատան մէջ կազմակերպելով հաւաքներ, ուր ներկայ կ՛ըլլային լիբանանահայ արուեստագէտներէն ու մտաւորականներէն շատերը: Այդ օր Զաւէնը զիս եւ Էլոյին ծանօթացուց այլ զոյգի մը: Կարպիս Թիւթիւնճեանը ներկայացուց իբրեւ յաջողած գործարար եւ ազգային բարերար, իսկ կողակիցը` տիկին Լիւսին, իբրեւ գեղանկարիչ եւ հիւրասէր տանտիկին, շեշտելով, որ անոր պատրաստած ճաշատեսակները արժէ համտեսել: Ես բնականաբար հետաքրքրուեցայ իր արուեստով, սակայն տիկին Լիւսին խօսակցութիւնը շեղեց եւ կեդրոնացուց ճաշատեսակներու վրայ` աւելցնելով.
– Ես կարելիս կ՛ընեմ հիւրերս զարմացնելու:
Մինչ այդ, սակայն, Սեդան միջամտեց.
– Մովսէ՛ս, Լիւսին իսկապէս տաղանդաւոր արուեստագէտ է, արժէ անոր գործերը տեսնել:
Այդ օր հոն էին նաեւ արուեստաբաններ Սոնիա Նիկոլեանն ու Էտկար Դաւիթեանը, որոնք նոյնպէս հաստատեցին Սեդային կարծիքը: Շաբաթներ ետք, երբ Փոլ Կիրակոսեանին հանդիպեցայ եւ յիշեցուցի իրեն Լիւսի Թիւթիւնճեանին մասին, ըսաւ.
– Ան իմ աշակերտս եղած է, իրեն համար նկարչութիւնը հոպի չէ: Ան իսկական գծել գիտէ:
Փոլ Կիրակոսեանին կարծիքը աւելի տպաւորեց զիս, որովհետեւ ան շատ դիւրին դրական կարծիք չէր յայտներ ուրիշ արուեստագէտներու մասին: Բնականաբար հետաքրքրութիւնս աւելցաւ, եւ օր մը Էլոյին հետ որոշեցինք այցելել անոր եւ զրոյց մը ունենալ տիկին Լիւսիին հետ «Ազդակ»-ի մշակութային էջին համար:
Պաապտաթ, 1983, ձմեռ
Գեղատեսիլ Լեռնալիբանանի այն թաղը, ուր կ՛ապրէին Թիւթիւնճեանները, կը կոչուէր Թելըթ Էլ Արման (Հայկական բլուր), որովհետեւ բացառաբար հայ ընտանիքներու բնակավայր մըն էր, որուն հիմքը դրած էր Լիւսիին հայրը` պրն. Աւետիսը:
Մտանք հիւրասենեակ, որ ընդարձակածաւալ սրահ մըն էր: Կահոյքի արանքներուն եւ անկիւններուն քանդակներ զետեղուած էին, իսկ պատերուն` գեղանկարներ: Աջ անկիւնը կար դաշնամուր մը, որ իր հերթին, առանձին իր պատմութիւնը ունի: Բոլոր արուեստի գործերուն հեղինակները ծանօթ էին ինծի` Փոլ Կիրակոսեան, Զաւէն Խտըշեան, Բիւզանդ Գոճամանեան, Մինաս, Ասատուր, Գառզու, Ժանսեմ, Տիգրան Տատրեան, Յակոբ Յակոբեան, Թորոս Տէր Յակոբեան, Նորիկեան եւ ուրիշներ: Պատկերասրահ մը այցելելու տպաւորութեան տակ, կը փնտռէի ինծի անծանօթ նկար մը, որ ենթադրաբար Լիւսի Թիւթիւնճեանին գործը պէտք էր ըլլար: Ուրիշ արուեստագէտներու բնակարանները եթէ մտնէք, պիտի տեսնէք, որ կա՛մ բոլոր նկարները իրենց ստեղծագործութիւններն են, եւ կա՛մ ալ եթէ ուրիշներէ գործեր ունին, ընդհանրապէս ոչ աչքառու տեղեր կախուած կ՛ըլլան: Տիկին Լիւսին իր ստեղծագործութիւններէն որեւէ մէկը չէր ցուցադրած:
Իմ համեստ ու ազնիւ ընթերցող,
Չե՞ս կարծեր, թէ այս տարօրինակ երեւոյթը առաւել քան խօսուն է ու թելադրական…
Զալքա, «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահ, 2009, ամառ
Չվիրաւորելու համար տիկին Լիւսիին համեստութիւնը, դժուար թէ այս դրուագը պատմէի: Սակայն այս առիթով չհրապարակելն ալ իմ կողմէս յանցանքի համազօր պիտի ըլլայ:
Նստած մեր գրասեղաններուն դիմաց` կլանուած կ՛աշխատէինք Էլոն եւ ես: Յանկարծ անակնկալօրէն մտան պրն. Կարպիսն ու տիկին Լիւսին միասին: Տիկին Լիւսիի այցելութիւնը այնքան ալ անակնկալ չէր, որովհետեւ ինք (յաճախ այլ կիներու ընկերակցութեամբ) կ՛այցելէր մեզի, պարզապէս սուրճի գաւաթի մը շուրջ զրուցելու` մեծաւ մասամբ արուեստի մասին: Երբ միասին էին, յստակ էր, որ կարեւոր հարց մը ունէին: Ան գրեթէ ամէն տարի իր ստեղծագործութիւններով անհատական ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէր եւ եկամուտը ամբողջութեամբ կը նուիրէր բարեսիրական նպատակներու: Նման պարագաներու, երբ հարցը մշակութային ըլլար, երկուքով կու գային մեզի հետ խորհրդակցելու: Սակայն պարզուեցաւ, որ այս անգամ խնդիրը ուրիշ էր: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յատուկ պատուիրակութիւն մը` Սագօ Արմէնեանն ու Յակոբ Հաւաթեանը, այցելած էին իրենց ու իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը խնդրած կերպարուեստի ցուցասրահ մը կառուցելու համար` Համազգայինի գրախանութին կից: Իրենց դրական պատասխանը ստանալէ ետք, անոնք առաջարկած էին (աւելի ճիշդը` որոշած էին) ցուցասրահը մկրտել «Լիւսի Թիւթիւնճեան»-ի անունով, որուն պրն. Կարպիսը դէմ չէր: Սակայն տիկին Լիւսին համաձայն չէր եւ պատշաճ անուն մը կը փնտռէր իր անուան փոխարէն` առաջարկելու համար Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան: Իր առարկութիւնը հիմնաւորելու համար եզրակացուց.
– Կարեւորը իմ անունս չէ, այլ` ցուցասրահին իրականացումը: Մեր նպատակը հայ մշակոյթի զարգացումն ու տարածումն է, որուն համար աւելի ճիշդ եւ նպատակայարմար կ՛ըլլայ, եթէ մեծ արուեստագէտի մը անունը տրուի անոր:
– Օրինա՞կ:
– Շատ պիտի ուզէի, որ իմ յարգարժան ուսուցիչներէս մէկուն անունով ըլլայ: Նկատի ունենալով, որ Փոլ Կիրակոսեանը շատ ծանօթ է, եւ արդէն իսկ իր անունով ցուցասրահ կայ, ես պիտի առաջարկէի Բիւզանդ Գոճամանեանի անունը:
Նկատի առնելով Համազգայինի փափաքն ու պրն. Կարպիսին կարծիքը, ես հարցը լուրջի առի եւ հետեւեալ պատասխան-բացատրականը տուի իրենց:
– Սկզբունքով համաձայմ եմ, այն իմաստով, որ նախընտրելի է, որ ցուցասրահ մը կրէ արուեստագէտի մը անունը եւ ոչ թէ բարերարի մը: Եթէ ոչ ուրիշները, առնուազն ես եւ Էլոն գիտենք, թէ Պուրճ Համուտէն քանի կարիքաւոր ընտանիքներու, հայ ուսանողներու, գրողներու, երաժիշտներու եւ այլ արուեստագէտներու օժանդակած էք… բոլորովին լուռ, առանց որեւէ տեսակի յայտարարութեան կամ բացայայտման: Ես վստահ եմ, որ ձեր կատարած ամէն տեսակի բարեսիրական գործերը կը վկայեն, թէ ձեր ըրածը բոլորովին հեռու է ինքնափառաբանումէ: Այնպէս որ, Համազգայինը իր ցուցասրահը կը մկրտէ արժանաւոր արուեստագէտի մը` Լիւսի Թիւթիւնճեանի անունով եւ ոչ թէ բարերարի մը:
– Օ՜ Մովսէս, ես ի՜նչ արուեստագէտ:
– Տիկին Լիւսի, ես ձեր արուեստի մասին քանի մը անգամ գրած եմ ու արժեւորած: Յատկապէս բարձր գնահատած եմ ձեր թոռնիկներու դիմանկարները եւ բացատրած եմ, թէ` ինչո՞ւ: Պէտք չունիմ կրկնութիւն ընելու: Իմ կողքիս, այլ արուեստաբաններ եւս ձեզ կը համարեն Լիբանանի կին լաւագոյն գեղանկարիչներէն մէկը: Դուք արդէն իսկ ձեր ստեղծագործական ոլորտը ունեցող ու կայացած արուեստագէտ էք եւ արժանի` ձեր անունով ցուցասրահ ունենալու:
Պահ մը լռութիւն տիրելէ ետք, պրն. Կարպիսը եզրակացուց.
– Ուրեմն Համազգայինը չէ սխալած, թող շարունակեն իրենց գործը, մենք ալ մեր պարտականութիւնը կ՛ընենք:
Տիկին Լիւսին լուռ էր, թէեւ լռութիւնը համաձայնութեան նշան է կ՛ըսեն, սակայն կը զգայի, որ ան տակաւին, ներքնապէս համակերպուած չի թուիր ըլլալ կացութեան: Տիրող լարուած վիճակը մեղմացնելու համար փորձեցի կատակել.
– Մենք ձեզ կը ճանչնանք իբրեւ համերաշխ, ներդաշնակ եւ օրինակելի զոյգ մը, սակայն, ըստ երեւոյթին, հոս գալէ առաջ քիչ մը վիճած էք իրարու հետ…
– Այո՛, սակայն հոս եկանք, եւ շնորհիւ ձեր տուած բացատրութիւններուն` Լիւսին չկրցաւ ոչ ըսել… եւ հարցը փակուեցաւ:
Թէեւ այս հարցը փակուած կը համարուէր, սակայն տիկին Լիւսին փորձեց իմ կատակս շարունակել.
– Մովսէ՛ս, երբ գամ հոս, միշտ կը տեսնեմ, որ դուն եւ էլոն նստած` հանգիստ կ՛աշխատիք: Չէ՞ք ձանձրանար իրարմէ, չէ՞ք վիճիր կամ կռուիր իրարու հետ:
– Տիկին Լիւսի մեր եւ ձեր տարբերութիւնը այն է, որ ես եւ Էլոն վիճելու կամ կռուելու պատճառ ունինք, բայց ժամանակ չունինք, իսկ դուք երկուքդ ժամանակ ունիք, բայց պատճառ չունիք: Կեանքի գեղեցկութիւնը այս է: Իսկ եթէ այս քանի մը օրը վիճեր էք իրարու հետ, այդ ալ կեանքի համն ու բոյրը համարեցէք:
Իմ համբերատար եւ ուշիմ ընթերցող,
Վերջացնելէ ետք անդրադարձայ, որ ես այս յուշագրութիւնը խորագրած եմ, «Ինչո՞ւ տիկին եւ ոչ` Լիւսի»: Մեր ցուցասրահ այցելող տիկինները, ըլլան անոնք արուեստագէտներ, արուեստագէտներու կողակիցներ, լրագրողներ թէ արուեստասէրներ, ես սովորութիւն ունէի իրենց անունով կոչելու, յատկապէս երբ որոշ մտերմութիւն մը կը ստեղծուէր մեր մէջ: Լիւսի Թիւթիւնճեանին բնազդաբար «Տիկին Լիւսի» կ՛ըսէի եւ ոչ թէ «Լիւսի»: Թէ ինչո՞ւ… յստակ չեմ գիտեր… կը վարանիմ նաեւ բացատրելու զայն: Սակայն այս յուշագրութենէն ետք կ՛ենթադրեմ, որ այնքան ալ դժուար պիտի չըլլայ ձեզի բացատրել, թէ` «Ինչո՞ւ տիկին, եւ ոչ` Լիւսի»:
Երեւան, 2025, յունիս


