Միջազգային իրադարձութիւններու եւ աշխարհի քաղաքականութեան մէջ որոշիչ դէմքերու յայտարարութիւններուն հետեւելով` յաճախ կ՛անդրադառնաս, թէ ո՛վ է, ի՛նչ կրնայ ընել, ի՛նչ ըրած է եւ ինչո՛ւ հասած է այդ դիրքին:
Պայման չէ, որ կարողութեան տէր ըլլան: Ոչ ալ պայման է նախապէս ի՛նչ գործ ստանձնած ըլլալը, ինչ պայմաններով այսօր ո՛ւր հասցուցած է իր ստանձնած պարտականութիւնները:
Կարեւորը այն է, որ նախագահական կամ վարչապետական պաշտօններու վրայ են:
Իրենց տեղ մտածող ալ կայ, որոշող ալ կայ, կարեւորը կը վայելեն իրենց քուէարկութեան վստահելիութիւնը:
Այսպէս կը գործեն ներկայիս փոքր պետութիւններէն մինչեւ մեծերը:
Հակասական յայտարարութիւններ, թշնամի-դաշնակից արագ փոփոխութիւններ, պատերազմներ, զինադադարներ, կեղծ խաղաղութիւններ` Միջին Արեւելքէն մինչեւ աշխարհի չորս կողմը ասոնք այսօրուան պատկերը կը կազմեն:
Հիմա, այս բոլորէն ետք գալիք աղէտներուն պատրաստ, միշտ ալ վատին եւ վատագոյնին ակնկալութեամբ, տեսնենք, թէ ո՛ւր պիտի հասնինք:
Սակայն համաշխարհային երեւոյթը այնպէս է, որ ամէն մարդ ամէն բան կրնայ ընել. մարդկային իրաւունքներուն, ժողովուրդներու արդարութեան եւ ինքնիշխանութեան օրակարգ չկայ: Կայ ուժը: Ուժը օրէնքի վերածուած է: Ուժով ամէն բան կը պարտադրուի: Փաստը Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած խօսքն է: Պաղեստինցի կամ Հըզպալլայի անդամ պէտք չէ ըլլաս, որ անպայման ընդվզիս, պարզապէս ամբարտաւան, յարձակողական եւ անմարդկային իր ելոյթին ոչ ոք հակազդեց, նոյնիսկ ՄԱԿ-ի ժողովի նախագահը չմիջամտեց:
Այսպէս պէտք է թարգմանել վերէն վար այսօր միջազգային երեւոյթները:
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ


