Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը «պատմական մեծ իրադարձութիւն մը» եւ «Դիմադրութեան առանցքին համար ձեռքբերում մըն» է, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ուժերու Արեւմտեան Ասիոյ բոլոր կողմերէն հեռացման «նախաքայլը»:
Յեղափոխական պահակագունդը շնորհաւորեց իրաքցի ժողովուրդը, Իսլամական դիմադրութեան ճակատը եւ Իսլամական աշխարհին մէջ յեղափոխական ժիհատականները` «պատմական յաղթանակ»-ին առիթով:
Պահակագունդը ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացումը նկատեց իրաքցի ժողովուրդի իր անկախութեան ու անսասանութեան հաւատարիմ մնալուն արդիւնք` նշելով, որ իրաքեան փորձառութիւնը, ըստ յայտարարութեան, ապացուցած է, որ ազգային կամքը տիրակալութիւնը դիմակայելու «ամէնէն ուժեղ զէնքն» է, եւ ամերիկեան ներկայութեան նկատմամբ «տիրակալութեան դէմ դիմադրութեան կամքի» յաղթանակը շրջանի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կարեւորագոյն իրադարձութիւն է:
Յեղափոխական պահակագունդը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրաքը լքած են ժողովուրդի տոկունութեան, ժիհատականներու արեան եւ դիմադրութեան կամքին շնորհիւ` աւելցնելով, որ քսանամեայ ամերիկեան ներկայութենէ ետք Իրաքը այսօր «ազատ» է:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` շրջանէն հեռանալու եւ անոր անվտանգութեան ղեկավարումը ձգելու անոր ժողովուրդներուն` ընդգծելով, որ ամերիկեան ուժերու երկու տասնամեակներու ներկայութեան փորձառութիւնը անվտանգութիւն չհաստատեց, այլ արեւմտեան Ասիոյ մէջ անվտանգութեան չգոյութեան, ահաբեկչութեան ու անկայունութեան աղբիւր դարձաւ:
Պահակագունդը նշեց, որ Միացեալ Նահանգները «երբեք ալ վստահելի թիկունք չեն եղած»:


