Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արարատ լեռը Հայկական Լեռնաշխարհի եւ հայ ազգի հզօրագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա իր էութեամբ մաս կը կազմէ հայկական ինքնութեան: Դարերու ընթացքին հանդիսանալով մեր մշակոյթի, գրականութեան եւ հաւատքի անքակտելի մէկ մասը` դարձած է Հայոց պատմութեան վկան:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը հաստատէ, որ Արարատը սոսկ լեռ մը չէ, այլ Հայկական Լեռնաշխարհի հսկան է, որ սահմանէն անդին կանգնած է իբրեւ վկայ` սերունդներուն վստահեցնելու, որ վերադարձ պիտի ըլլայ, եւ հայը կրկին պիտի ցանէ, հնձէ եւ ապրի հայրենի Երկիրին մէջ:

Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը,  գերադասելով թշնամիին հետ բանակցիլը` ազգային շահերէն, պատրաստակամութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին մոռցնել տալու մեր արժէքները` հայրենի Արցախը, Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի փաստը եւ Հայկական Լեռնաշխարհի հսկան` Արարատը:

Այս մասին բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարուեցան` յայտնելով, որ Արարատը պէտք չէ քաղաքականացնել, որովհետեւ անիկա մաս կը կազմէ հայկական ինքնութեան: Սակայն ՀՅԴ-ԶՈՄ-ը կու գայ յայտնելու, որ ներկայ օրհասական պահերուն հայկական ինքնութեան իւրաքանչիւր տարր մաս կը կազմէ Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշումներուն: Արարատը պահելը,  ինքնութեան պահպանումէ բացի,  քաղաքական դիրքորոշման արտայայտութիւն է:

Արարատը Հայկական Լեռնաշխարհի հսկան համարելը յայտարարութիւն է, որ սահմանէն այն կողմ պատմական Երկիրն է:

Յայտարարութիւն է, որ պիտի՛ վերադառնանք:

Նախորդը

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

RelatedPosts

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
«… Մեզ Սպասող Լեռներ»
Զաւարեանական

«… Մեզ Սպասող Լեռներ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.