Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Մտքիս մէջ չկար հայ ինքնութիւնն ու Հայաստանը իրարմէ անջատել կամ տարբերել: Սակայն ներկան իր սուր պահանջները կը բերէ սեղանին` մեր կամքէն անկախ: Եւ կը հաւատամ, որ բոլորս անկեղծութիւնն ու մանաւանդ բարոյական բարձրութիւնը պարտաւոր ենք ունենալ` շղարշները վերցնելու, աչքերը բանալու եւ լուրջ գնահատականի ենթարկելու մեր առջեւ բացուած իրողութիւնները:

Կայ երկու ճանապարհ` խաչմերուկ, ջրբաժան թէ անդունդ: Եթէ ջրբաժան է կամ խաչմերուկ, ապա ուղի մը կը բացուի մեր առջեւ, իսկ եթէ անդունդի ծայրին ենք, ապա այդ ալ մեզ կը տանի ճամբով մը: Երկուքն ալ անգիր են, երկուքն ալ կը տանին նոր վայրեր` կատարելապէս անծանօթ վայրեր: Յամենայն դէպս հիմա, խաչմերուկին կամ անդունդին կանգնած, ժամանակն է` մարտավարական նահանջ ընելու, վերաիմաստաւորելու մեր հաւաքական կեանքը, ճախրելու կամ անդունդ գլորուելու: Ընտրութիւնը ընթերցողինն է, ընտրութիւնը մերն է:

Կը գրեմ` մեկնելով սփիւռքի 2026 թուականի խորհրդաժողովին հետեւող քննարկումներու համատեքստէն: Ախտաճանաչումները ցաւցնող են ու կոտրող, իսկ առաջարկուող լուծումները` անորոշ: Կը գրեմ Հրայր Պալեանի 18 սեպտեմբերի յօդուածի` «Քաղաքացիութիւն, հոգեխոց եւ սփիւռք. Հայաստանի առաջարկած բնակութեան պահանջը` համեմատական հայեցակէտով» խորագիրին ներքոյ:

Վերջին ութ տարիներուն ընթացքին հաւաքական մեր պատմութիւնը, իսկ 2020 թուականին` Արցախի կորուստը, իւրաքանչիւր հայու համար թեքթոնիք իրադարձութեան ժամանակներ էին. շրջադարձային երկու կէտեր ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ` ողջ  հայկական սփիւռքին համար: Ասիկա մեր ինքնութեան կազմաքանդման նախասկիզբն էր, ուր հայ ըլլալու տարրերը մէկ առ մէկ փուլ կու գային, ինքնութեան բոլոր ստորոգելիները` լեզուն, մշակոյթը, ընտանիքը, Եկեղեցին, հաւատքն ու բարոյական համակարգը զանգուածաբար հարցականի տակ առնուելով` կը խորտակուէին: Այս գործընթացը կը շարունակուի անխափան:

Խօսակցութիւններն ու վէճերը կը դառնան երկու առանցքի շուրջ` նոր ճամբայ բռնել, կամ անդունդի եզրէն ցատկիլ դէպի կործանում: Սփիւռքի համար քննարկման առանցքը կը հանդիսանայ վերջին 36 տարիներու որդեգրուած քաղաքական ուղին` «Դէպի Երկիր» շարժումը, անվիճելի նուիրումը հայրենիքին, որուն կը զուգորդուէր ջայլամի քաղաքականութիւնը: Հայաստանեան ներքաղաքական կեանքի յուսալիութեան հաւատալով, սխալները չտեսնելու տալով եւ իշխանական շրջանակներու կողմէ հայկական պահանջատիրութեան նշաձողը իջեցնելու անխոնջ ճիգերը թերագնահատելով` յուսացինք, որ ձեւով մը կը հասնինք մեր երազածին:

Կարեւոր հարցումները յաճախ բազմատարր են. ի՞նչ էր հայրենադարձութիւնը, ի՞նչ իրագործեց դէպի հայրենիք շարժումը, ի՞նչ կը ներկայացնէ անիկա այսօր: Ի՞նչ է կապը սփիւռքի եւ Հայաստանի պետութեան ու վարչակարգին հետ, ի՞նչ է այս վերջինիս կապը սփիւռքի կենսական օրակարգին հետ: Ասիկա, իմ կարծիքովս, քննարկման ամէնէն կարեւոր նիւթն է: Սակայն յաճախ հարցադրումները կը մնան մակերեսային, պատրաստի պատասխաններ կը տրուին` նայած ի՛նչ է նպատակը` մէկ կողմի դիրքորոշո՞ւմը արդարացնել, թէ՞ խնդրայարոյց դարձնել միւս կողմի կեցուածքն ու մօտեցումները:

Կան պահեր, երբ գոյութենաբանական տագնապի մը շուրջ հակադիր խօսքերու քննարկումը կրնայ նպաստել պարզաջրման գործընթացին:

Մեր երազն էր ստեղծել բնական ազգ, բնական պետութիւն կամ նուազագոյնը` մասնակցիլ անոր ստեղծման ու զարգացման: Հայրենեաց տան գաղափարը տասնամեակներու անհնարութենէն ետք, վերջապէս միս ու արիւն ունէր: Բնականին ձգտելու մեր հաւաքական երազը շատերու համար կռապաշտութիւն կամ դիցապաշտութիւն կը համարուէր: Սակայն խնդիրը  միայն նիւթական հայրենիքը չէր.  երազին միս ու արիւն տալու կողքին, հայրենիքի «բնականացման» կողքին, կար նաեւ ազգի բնակչութեան բնականացումը` յար ու նման մնացեալ բոլոր ժողովուրդներուն: Մոռնալով, որ, Հրայր Պալեանի բառերով, ժառանգութեան-գաղթի խումբը` հոգեխոցի ծագումով սփիւռքեան խումբը չէր կրնար սոսկ «բնականացում»  տենչալ: Իսկ շօշափելի նիւթեղէն հայրենիքը` Հայաստանը, իր անկախացումէն ի վեր այդ ճամբան կը բանար:

Եթէ կ’ուզէք` հայաստանեան քաղաքական նոր վերնախաւի պահանջը այլ էր. այն կ՛ուզէր մեզ «ազատագրել» մեր անցեալէն, ձերբազատիլ մեր ծանր պատմութենէն: Ուրեմն ուծացման աննախադէպ նոր ալիք մը ծայր կ՛առնէր, այս անգամ բուն Հայաստանէն ներս` հայկական կեանքը շարունակաբար եւ կոպտօրէն  ծալելով ու ծրարելով, որպէսզի աւարտի բնականացմամբ: «Դէպի երկիր»-ը շարժումը ինքնըստինքեան կ՛երթար  այն Հայաստանը, ուր աշխարհիկը դարձեր էր արդէն, եթէ ոչ` հակաքրիստոնէական, ապա` ձեւական քրիստոնէականութիւն: Քաղաքական մթնոլորտը առաջին իսկ օրէն կը զարգանար նիւթականի եւ հոգեւոր Հայաստանի պատկերացումներու միջեւ բախման գացող գործընթացներով:

Նիւթական Հայաստանի ապահովման ջանքերուն ակամայ միացաւ նաեւ սփիւռքը, եւ միասնաբար գացինք բնականացման եւ հայկական երազի աղճատման ու անդամահատման ուղիով: Այս ձեւով մենք մեզ հեռացուցինք մեր ինքնութենէն, մեր գոյութիւնը իմաստաւորող աշխարհաընկալումէն: Ետին մնաց հսկայական ծակ մը, հոգիի դատարկութիւն մը:

Բնականացումը, փոխանակ իրագործելու քաղաքական ծրագիրներով, ստացաւ նոր բնոյթ, որ այսօր բացայայտ յառաջ կը մղուի` անփութութեամբ ծամելով ամէն ինչ` հայկականութիւնը փոխարինելու համար նոր քաղաքական կրօնով: Փոխել ընտանիքը, փոխել կինը, փոխել պատմութիւնը, արմատապէս փոխել կեանքի բոլոր երեսները` «կրօնական» նոր իմաստ տալով բաներու, որոնք, կարեւոր ըլլալով հանդերձ, հեռու են բուն արժէքներէն, եւ մանաւանդ հակակրօնական են: Փայփայուող եւ դաժանութեամբ գործադրուող չոր լիպերալիզմը դուրս կը մղէ մարդու կեանքը իմաստաւորող հոգեկան եւ բարոյական բոլոր արժէքները: Եւ այս խնճոյքին միանալով` սփիւռքի հայ մարդը Երեւան կ՛երթայ «Տիզնիլենտ» երթալու մտածողութեամբ:

Սփիւռքագիտութեան եւ համաշխարհային պատմութեան մէջ վաղուց ուսումնասիրուած ու հաստատուած օրինաչափութիւն է, որ մեծ ու կազմաւորուած որեւէ սփիւռք վաղ թէ ուշ անխուսափելիօրէն պիտի բախի մայր պետութեան հետ արժեհամակարգային, քաղաքական ու գոյութենաբանական լուրջ հակասութիւններու: Այս խզումը գոյութիւն ունի ի սկզբանէ, քանի որ սփիւռքը` որպէս հոգեխոցի ու հեռացման ծնունդ, կը պահպանէ իրաւատէրի եւ արմատական բարոյական բարձրութիւնը, մինչդեռ պետութիւնը, օրուան գոյատեւման ճնշումներէն մեկնելով, յաճախ կ՛ընտրէ փոխզիջման ու գործնական «բնականացման» ճանապարհը: Հայկական պարագային եւս այսօրուան ցաւոտ ու յանկարծակի թուացող ճգնաժամը բացառիկ կամ միայն մեր ժողովուրդին յատուկ չէ. համաշխարհային միւս մեծ սփիւռքներն անցած են կամ կ՛անցնին նմանատիպ ճանապարհով: Սակայն այս իրողութիւնը բնաւ չի նուազեցներ մեր վիճակի լրջութիւնը. ընդհակառակը, հայութեան համար սա անյետաձգելի, հրատապ խնդիր է` կասեցնելու ներքին այս փլուզումը, սրբագրելու մեր կորուստներու ընթացքը եւ վերագտնելու մեր պատմական ու հոգեւոր կողմնացոյցը, քանի դեռ ուշ չէ:

Ի՞նչ ձեւով սփիւռքի ծրագիրները Հայաստանի մասին  խօսեցան հայ մարդու հոգեկանին հետ: Մեր ծրագիրները յաճախ կապելով պետական-իշխանական ծրագիրին հետ` այսօր «Դէպի Երկիր»-ը կը ներկայացնէ բան մը, որ չկայ: Մեր սփիւռքեան ծրագիրն ու նպատակները ուծացման եզրին, ինքզինք հակասելով, ի հեճուկս իր իսկ ինքնութեան, նաեւ բռնած են Հայաստանի եւ հայկականութեան բնականացման ուղին: Մեր ծրագիրը տկարացած է, դատարկուած է իր բովանդակութենէն, իսկ բովանդակութիւնը իւրացուած է այլոց կողմէ, բռնազաւթուած եւ այլափոխուած:

Ակնյայտ է, որ խնդիրը այս պահուն միայն բովանդակութեան մասին չէ: «Դէպի Երկիր» շարժումը, հակառակ իր գաղափարախօսական անվիճելի ճշմարտութեան, իր այս պարունակով  չի կրնար լուծել մեր երկու` դուրսի եւ ներսի ժողովուրդներու առջեւ դրուած խնդիրները: Հայկականութեան բնականացումը կեղծ օրակարգ էր եւ ցարդ կը մնայ մեծագոյն թակարդ:

Պետութիւնը, եթէ չի նպաստեր հայ մարդուն` ներսի կամ դուրսի, հայ մնալուն, հայ մարդու արարելու գործին, այդ պետութիւնը չի կրնար ներկայացնել հայութիւնը. այն միայն գործիք է` անբովանդակ գործիք:

Անկախ մտածումի ու սթափութեամբ, ժամանակն է վերջապէս խիզախելու եւ պատասխան տալու այս ճակատագրական հարցերուն:

Կը յանդգնիմ քանի մը գործնական առաջարկներ ընել.

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս յառաջ երթալ:

Առաջին` վերաիմաստաւորել սփիւռքի դերակատարութիւնը (առաջնային քայլ). սփիւռքը պէտք է դադրի միայն նիւթական ապահովման կամ կրաւորական աջակցողի գործիք ըլլալէ. ան պէտք է վերագտնէ իր ինքնուրոյն եւ ինքնավար ձայնն ու պահանջատիրական ուղին` օրակարգերը վերադարձնելով հայակեդրոն բովանդակութեան:

Երկրորդ` սկսիլ ներքին ինքնավերլուծական երկխօսութիւն (ախտաճանաչումէն դէպի լուծումներ). սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները դնել զուտ առարկայական, անկեղծ եւ արժեհամակարգային հիմքերու վրայ:

Երրորդ` վերականգնել հոգեւորն ու մշակութայինը` որպէս  հայկական ինքնութեան արդիական  հիմք. մերժել պարտադրանքը հայկականութեան արհեստական «բնականացման» եւ օտարածին ազատական օրակարգերու, որոնք կը միտին դատարկել մեր հաւաքական դիմագիծը:

Չորրորդ` ստեղծել անկախ մտքի եւ քննարկման հարթակներ. ուր բացայայտօրէն կը բարձրաձայնուին այնպիսի ցաւոտ հարցեր, ինչպիսիք են հայրենադարձութեան իրական պատկերն ու պետականութեան բովանդակային կորուստները:

Մէկ խօսքով ` բաց խօսելու ժամանակն է:

 

Նախորդը

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Ե. Տանիքէ Տանիք
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ե. Տանիքէ Տանիք

October 2, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Նամականի

October 1, 2026
ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.