Բրիտանիոյ վարչապետ Անտի Պըռնհեմ յայտնեց. «Բրիտանիան պէտք է Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու վերակառուցման իր ջանքերու ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ իր ապագայ յարաբերութիւններու ընտրանքները սերտէ, ներառեալ պլոքին վերամիանալու կարելիութիւնը»:
Պըռնհեմ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Կառավարութիւնը պէտք է Եւրոպական Միութեան հետ երկարատեւ յարաբերութիւններու տարբեր բնորդներ քննարկէ, իւրաքանչիւր ընտրանքի առաւելութիւններն ու խոցելի կէտերը, ինչպէս նաեւ գործնական գետնի վրայ կարելի եղողը քննարկէ»:
«Սեղանի վրայ դրուած ընտրանքները կը ներառեն ներկայ իրավիճակի պահպանումը, Եւրոպական Միութեան հետ մաքսային միութեան հաստատումը կամ միացեալ շուկայ վերադառնալը, հասնելով մինչեւ պլոքին վերամիացման կարելիութիւնը», նշեց Բրիտանիոյ վարչապետը:
Պըռնհեմ նախքան այդ յայտարարած էր, թէ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը «օգուտէն աւելի վնաս պատճառեց»` կոչ ուղղելով «որոնելու ատոր հետեւանքներու կառավարման կարելիութիւնը, Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ անորոշ իրավիճակը շարունակելու փոխարէն»:


