Յարգելի խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Թերթիդ 12 սեպտեմբեր 2026 թիւին մէջ հաճոյքով կարդացի ՀՅԴ Բիւրոյի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագիր Արտաշէս Շահբազեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը:
Վրէժ Արմէն, որ մտաւորականի պատկառելի արժանիքով վարած էր հարցազրոյցը, սապէս, կրցեր է ըստ արժանւոյն լոյսին բերել դաշնակցական մամուլի գաղափարական հանգանակն ու երկար տարիներու անոր ունեցած ներդրումը կուսակցական կեանքի առաւել բիւրեղացման ու գաղափարական աշխարհի աշտարակումին մէջ:
Վրէժ Արմէն իր հարցումներուն ընդմէջէն փորձած է առաւելագոյն համեստութեամբ եւ բծախնդիր մօտեցումով լոյսին բերել «Դրօշակ»-ի պատմականը, անցած ուղին, երկար տարիներու (թէեւ ընդմիջաբար) առաքելութիւնն ու իրերայաջորդ խմբագիրներու վաստակը:
Իր կարգին, խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան հակիրճ, բայց համապարփակօրէն ներկայացուցած է դաշնակցական մեր օրկանին անցեալի պատմութիւնը, ունեցած անյեղլի եւ վճռորոշ դերը` հայ թէ կուսակցական կեանքի քաղաքական ու գաղափարական մտքի զարգացման մէջ:
Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթին կենսագրական տուեալները թէեւ ցոյց կու տան անոր թափառականի կարգավիճակը, Թիֆլիսէն, Ռումանիա, Ժընեւ, Փարիզ, Պէյրութ, Աթէնք ու ապա` Երեւան, այդուհանդերձ, դաշնակցական այս օրկանին ամբողջ մտասեւեռումն ու վարքագիծը հանդիսացած է նախ` դաշնակցական գաղափարական մտքի բացայայտումն ու կենսաւորումը, ապա` ազգային ու համամարդկային հիմնախնդիրներու ներկայացումն ու վերլուծութիւնը:
Հարցազրոյցին մէջ խմբագիր մեր ընկերը անհատ առ անհատ կը նշէ իրերայաջորդ խմբագիր ընկերներու անուններն ու անոնց ստանձնած ժամանակահատուածը:
Ու, հոս, այս բաժինով խմբագիր ընկերոջ ուշադրութենէն կը վրիպի վաստակաւոր ընկերոջ մը անունը, որ դաշնակցական կեանքի ամէնէն դժուար պահերուն ստանձնած էր «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը:
Արդարեւ, «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի եռանուն խմբագրութեան մէջ արժանաւորապէս կը յիշուի Վազգէն Էթիեմեզեանն ու անոր տարած աշխատանքը:
Ականատեսի վկայութեամբ կրնանք հաստատել, որ ինչպիսի վեհանձնութեամբ եւ դաշնակցականի բարձր գիտակցութեամբ մեր ընկերը կը կատարէր իր ուսերուն բեռցուած ծանր աշխատանքը, որպէսզի ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը մնայ իր պատուանդանին վրայ ու շարունակէ լոյսին գալ:
Առ այդ, յանուն պատմական ճշմարտութեան եւ դաշնակցականի հաւատամքին, արդար է յիշել անունը մեր անզուգական ընկերոջ, որուն իրաւ մտաւորականի կոչումն ու անբասիր դաշնակցականի կերպարը մեր յիշողութեան մէջ ամրագրուած պիտի մնայ առյաւէտ:
Խոստովանիլ է պէտք, որ Վազգէն էթիեմեզեանի յօդուածները, որոնք օրին լոյսին կու գային ՀՅԴ պաշտօնաթերթին մէջ, երկիւղածութեամբ եւ ջերմօրէն կ՛ընթերցուէր ատենի երիտասարդականի տղոց կողմէ, որովհետեւ անոնք լիացած կ՛ըլլային ազգային խոր ըմբռնումներով եւ շաղախուած` դաշնակցական գաղափարախօսութեամբ:
Մնամ յարգանօք`
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
23-9-2026


