Երկուշաբթի իրիկուն Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Հայաստան-Մոթենեկրօ մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, մանաւանդ Բ. կիսախաղի ընթացքին:
Հայաստան 20-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ, քիչ մը անարդար ձեւով, երբ Մոնթենկրոյի յառաջապահը կը փորձէր երկար օվըրի մը հասնիլ, բայց ան հրեց Էրիք Փիլոյեանը, որ սխալմամբ իր բերդին մէջ զետեղեց գնդակը:
34-րդ վայրկեանը կը մօտենար, երբ Հայաստանի բերդապահ Չանչարեւիչ երկար փոխանցում կատարեց Արթուր Սերոբեանին, որ լաւ ձեւով տիրապետելէ ետք գնդակին սուրաց դէպի մեծ քառակուսի եւ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Սակայն ուրախութիւնը երկար չտեւեց, եւ Մոնթենեկրօ անգամ մը եւս նշանակեց այս անգամ Աթալանթայի յառաջապահ Նիքոլա Քրսթովիչի միջոցով:
Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Նարեկ Յովհաննիսեան, Արթուր Ղարիբեան եւ Կարլեն Յովհաննիսեան, որոնք 20-21 տարեկան ըլլալով աւելի աշխուժ կը խաղային: 65-րդ վայրկեանին խմբապետ Էտուարտ Սպերցեան որ իր 30-րդ մրցումին սքանչելի եւ անզսպելի կոլ մը նշանակեց Մոնթենեկրոյի բերդին մէջ:
Պէտք է ըսել, որ այս կոլէն ետք Հայաստան քանի մը ստոյգ առիթներ ունեցաւ, բայց չկրցաւ 3-րդ կոլ մը նշանակել:
89-րդ վայրկեանին Լաթքովիչի հասաւ գնդակ, մը, որ լաւ ձեւով չէր կրցած զսպել բերդապահ Չանչարեւիչ, եւ նշանակուեցաւ Մոնթենկերոյի 3-րդ եւ յաղթանակի կոլը: Ցաւալի էր այս կոլը մանաւանդ տղոց այդ պայքարէն ետք: Բայց դրական է անշուշտ երիտասարդ տղոց համար` փորձառութիւն ստանալու եւ շահելու համար առիթը, որ կու տայ գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան:
Ազգերու լիկայի առաջին կարգի մրցումներուն, Ֆրանսա միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել` շնորհիւ Մայքըլ Օլիսէի, եւ յաղթական վերադարձաւ Պրիւքսելէն Պելճիքայի դէմ մրցումին:
Իտալիա շատ լաւ կազմակերպուած ֆութպոլ ցուցաբերեց եւ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Թուրքիան` այս վերջինիս դաշտին վրայ (Պուրսա):
Պասթոնի, Ֆրաթեզի, Քայորէ եւ Էսփոզիթօ նշանակեցին Իտալիոյ կոլերը, մինչ Եըլմազ նշանակեց Թուրքիոյ միակ կոլը:
Ռոպերթօ Մանչինիի հաւաքականը շատ քաջալերելի ելոյթ ունեցաւ` տակաւին 6 ամիսներ առաջ զտումի մրցումներուն պարտուելէ եւ դուրս մնալէ ետք 3-րդ յաջորդական Մոնտիալէն:


