Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անկախներ Լիբանանի համար» հանդիպումին հրաւէրով շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին Պէյրութի «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ համագումար Հարաւի զօրակցութեան համար» խորագրեալ  յատուկ համագումար մը` մասնակցութեամբ լիբանանեան զանազան խմբաւորումներու եւ  կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, հոգեւորականներու, լրագրողներու, մշակութասէր ու քաղաքական դէմքերու:

«Բոլորս հայրենիքին, բոլորս Հարաւի համար» նշանախօսքով սկսած այս համագումարին ընդառաջելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը: Այս առիթով Հարաւի գծով իրենց կեցուածքին մասին ելոյթներ ունեցան զանազան քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Ապու Սաապ, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Մարատա կուսակցութեան ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ներկայացուցիչ Վերա Եամմին եւ այլ մասնակիցներ: Մասնակիցները իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին իրենց զօրակցութիւնը հարաւային Լիբանանին` դատապարտելով իսրայէլեան յարձակումները:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: «Հարաւը Լիբանանի անբաժան մասն է եւ ոչ թէ յատուկ խմբակի մը առնչուող տարածք», յայտարարեց Բագրատունի: Բագրատունի բնորոշեց Հարաւի պատկանելիութիւնը Լիբանանին` դիտել տալով, թէ այդ շրջանը մաս կը կազմէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Բագրատունի մերժեց համայնքային պիտակաւորումով ներկայացնել հարաւային Լիբանանը` նշելով, որ հարաւային Այն Ըպըլ, Ռըմէյշ, Տըպըլ, Քաուզահ եւ Քլէյհա շրջանները քարտէսի վրայ գտնուող սոսկ անուններ չեն, անոնք կը ցոլացնեն լիբանանեան ընկերային-քաղաքական իրավիճակ:

«Ծաւալապաշտական մղումներուն դիմադրելը պէտք չէ նկատել իբրեւ ժողովուրդի մը, կրօնի մը կամ խմբաւորումի մը դէմ ուղղուած յարձակում, այլ անիկա կը բխի հայրենիքի պաշտպանութեան, ժողովուրդի մը իր հայրենական հողամասի եւ անոր սրբավայրերու պաշտպանութեան իրաւունքի արտայայտութենէն, ժողովուրդներու իրենց ճակատագիրի ինքնորոշման, պետութիւններու գերիշխանութեան պաշտպանութեան սկզբունքէն բխող դրսեւորում է, Լիբանանի բազմազանութեան ու համակեցութեան օրինակ ըլլալու արտայայտութիւնն է», շեշտեց Բագրատունի:

Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ զինուորական յարձակումներու կասեցումը բաւարար չէ, աւելին` գետնի վրայ ապահովական ու աշխարհագրական իրողական նոր վիճակներու յառաջացումը հարցականներ կը ստեղծէ, թէ ինչպիսի՛ նոր համակարգ կամ վարչակարգ կ՛ուզենք:

«Բազմազանութիւնը պաշտպանել չի նշանակեր կամ չ՛ենթադրեր տուեալ երկրի կամ շրջանի մը մասնատումը, նմանապէս` հարաւային Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ ներկայութեան  պաշտպանութիւնը զայն իր արաբական կամ միջինարեւելեան շրջապատէն մասնատել չի նշանակեր», դիտել տուաւ ան: «Իսկական պաշտպանութիւնը կը հիմնուի պետութեան, հաւասար քաղաքացիութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդկային իրաւանց, միջազգային օրէնքի յարգումի եւ անխտիր բոլոր բաղադրիչ տարրերու պաշտպանութեան վրայ», ընդգծեց Բագրատունի` իր խոր յարգանքն ու խոնարհումը արտայայտելով բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանեցին եւ կը պաշտպանեն  10.452 քառ. քմ տարածութեամբ լիբանանեան հայրենիքը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

Յաջորդը

Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.