Անցնող շաբաթավերջին Հըզպալլայի նախկին ղեկավարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան Բ. տարելիցին առիթով, Հըզպալլա կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը` ոգեկոչելու համար անոնց յիշատակը: Ձեռնարկին ներկայ էին Դիմադրութեան պատասխանատուներ, պետական, քաղաքական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններ, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ ու համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:
Այս առիթով ելոյթ ունեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ, երեսփոխան Ալի Ֆայյատ եւ այլ պատասխանատու անձնաւորութիւններ:
«Դուն համաշխարհային դիմադրող ղեկավար ես, որ կը ներշնչես աշխարհի ազատականները», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ` ակնարկելով սէյիտ Հասան Նասրալլային: Ան բարձր գնահատեց երկու ղեկավարներու գործունէութեան արժանիքները` պարզելով անոնց նկարագրային օրինակելի յատկանիշները:
«Քու կենդանութեանդ կ՛առաջնորդէիր Դիմադրութիւնը, իսկ հիմա նահատակութեամբդ կ՛ոգեւորես ու կը ներշնչես Դիմադրութեան ղեկավարները», ըսաւ շէյխ Քասեմ` նշելով, որ Դիմադրութիւնը հաստատակամ ու ամբողջական վստահութեամբ կը կրէ Նասրալլայի թողած աւանդը: «Նահատակութիւնդ կը լուսաւորէ նորահաս սերունդներու ճանապարհը», ընդգծեց շէյխ Քասեմ:
«Ան, որ կը խորհի, թէ Լիբանանի մէկ մասին կրնայ տիրանալ, զիջելով անոր միւս մասը` կ՛երազէ», շեշտեց շէյխ Քասեմ: «Մենք լիբանաններ չունինք, մենք մէկ Լիբանան ունինք, որ կը գոյատեւէ ազատագրումով, միասնականութեամբ ու իր բաղադրիչ տարրերուն միջեւ գործակցութեամբ», ընդգծեց շէյխ Նայիմ Քասեմ:
Խօսք առաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան դոկտ. Ալի Ֆայյատ: «Հակառակ բոլոր յարձակումներուն եւ ահաբեկչութիւններուն, Հըզպալլա տակաւին կը շարունակէ իր երթը, իր առաջնորդին` շէյխ Նայիմ Քասեմի ղեկավարութեամբ», ըսաւ Ֆայյատ:
Ֆայյատ վերահաստատեց Հըզպալլայի վայելած ժողովրդականութեան տարողութիւնը իր համակիրներուն թէ անդամներուն մօտ` շեշտելով, որ ան պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ իր ժողովուրդին: Ֆայյատ յիշեցուց, թէ հակառակ բոլոր ճնշումներուն, Հըզպալլա իր ղեկավարութեան իմաստուն ու ողջմիտ քայլերով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` ամբողջացնելու համար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սկսած առաքելութիւնը: «Հըզպալլա վերագտաւ ինքզինք, մինչ իշխանութիւնը վտանգեց ազգային որոշումներու կայացման անկախութիւնը», ընդգծեց Ֆայյատ` ակնյայտօրէն քննադատելով լիբանանեան իշխանութիւնը:


