Կիրակի օր Սամարզանտի մէջ վերջ գտաւ ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատան: Տղոց հաւաքականներու ախոյեան դարձաւ հիւրընկալ երկրի Ուզպեքիստանը, մինչ աղջկանց ախոյեան դարձաւ Չինաստան:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը 11-րդ եւ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիոյ:
10-րդ դասուած Հայաստանէն յաղթանակներ արձանագրեցին Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց ճակատումներուն:
Այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան 17 կէտով (կարելի 22-էն) գրաւեց 6-րդ դիրքը:
Ախոյեան Ուզպեքիստան 20 կէտ հաւաքեց, մինչ Հնդկաստան (2-րդ) եւ Գերմանիա 18 կէտ ձեռք ձգեցին: Միացեալ Նահանգներ, Ազրպէյճան, Հայաստան եւ Հունգարիա 17 կէտ ձեռք ձգեցին:
Աղջկանց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Ուզպեքիստանը: Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիամ Մկրտչեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Էլինա Դանիէլեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին: Պէտք է ըսել, որ Հայաստան որ 16-րդ դիրքի վրայ դասուած էր, 6-րդ պատուաւոր դիրքը գրաւեց:
Տղոց պարագային, հաւաքականը դասուած էր 10-րդ դիրքի վրայ, բայց անոնք ալ կրցան 6-րդ դիրքը գրաւել:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականն ալ 17 կէտ կրցաւ հաւաքել, մինչ ախոյեան Չինաստան 20 կէտով առանձին գրաւեց առաջին դիրքը:
Ղազախստան 18 կէտ հաւաքեց եւ գրաւեց 2-րդ դիրքը, մինչ Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ, Լեհաստան եւ Մոնկոլիա (7-րդ) 17-ականներ հաւաքեցին:


