Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբեմն Էրիկ Մարդ Պիտի Ըլլաս»

September 29, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ

ԼՕԽ-ի բարեսիրական ծրագիրներուն մէջ տարիներ շարունակ շաբաթը երկու օր տաքուկ ճաշ կը տրամադրէինք կարիքաւոր ու անտէր տարեցներու: Այս մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի  մինչեւ օրս: Սակայն այդ օրերը ինծի համար միայն ճաշ բաժնելու օրեր չէին: Անոնք դարձած էին մարդկային հանդիպումներու փոքրիկ աշխարհ մը, ուր ամէն մէկ տարեց իրեն հետ կը բերէր կեանքի մը պատմութիւնը երբեմն ժպիտով, երբեմն լռութեամբ, իսկ երբեմն ալ` սրտին մէջ կուտակուած վիշտով: Կը նստէի անոնց քով, կը լսէի, որքան ալ պարզ ըլլար պատմութիւնը, ինծի համար երբեք պարզ չէր, որովհետեւ երբ տարեց մը կը խօսի, ան միայն այսօրուան մասին չի խօսիր, անոր բառերուն ետին կայ կեանքի մը ամբողջ ճանապարհը:

Այդ յուշերուս մէջ յատուկ տեղ մը ունին Սերոբ աղբարն ու անոր կինը` Սրբուկը:

Ութսունհինգ եւ իննսուն տարեկան  ամբողջ կեանք մը միասին անցուցած էին: Տարիներու արեւն ու անձրեւը միասին դիմաւորած, ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնած, միշտ իրարու կողքին:

Ամէն անգամ իրարու ձեռք բռնած  ճաշարան կու գային: Սերոբ աղբարը անցեալին զինուորական եղած էր: Առոյգ էր, ձայնը  տիրական:

Երբեմն իրենց քով կը նստէի: Կը պատմէին հին օրերէն, ու իրենց աչքերուն մէջ կ՛երեւէր այն ուրախութիւնը, զոր մարդ կ՛ունենայ, երբ կը զգայ, թէ տակաւին կայ մէկը, որ իր պատմութիւնը լսելու պատրաստ է:

Մինչեւ այն օրը…

Սերոբ աղբարը մինակ մտաւ սրահ:

Դէմքը մռայլ էր, գլուխը  կախ. Սրբուկը քիչ մը ետեւէն եկաւ:

– Սերոբ աղբա՛ր, ուր է ժպիտդ, բարեւդ ո՞ւր մնաց,- հարցուցի:

Պատասխան չկար:

Գացի Սրբուկին:

– Մամի՛կ, ի՞նչ եղաւ:

Նեղուած ըսաւ.

– Քէն ենք իրարու հետ: Զիս վիրաւորեց: Ա՛լ իրարու հետ պիտի չխօսինք:

Սիրե՜մ, կարծես մանուկներ էին, իսկ պատճառը այնքան փոքր էր, որ առաջին պահուն չգիտցայ` ծիծաղի՞մ, թէ՞ տխրիմ:

Սրբուկը Սերոբ աղբարին մուճակը հագած էր, որովհետեւ աւելի հանգիստ էր: Սերոբ աղբարը ուրիշ մուճակ մը ունէր, բայց այդ օրը իր մուճակը կարծես իր արժանապատուութեան հարցը դարձած էր:

Ձայնը բարձրացուցած էր, Սրբուկն ալ մինչեւ իրիկուն լացած էր:

– Վա՜յ, մամիկ ջան…-  Դարձեալ արցունքն ալ գործի լծուեցաւ:

Բայց այս անգամ գործս դիւրին չէր:

Մեր զինուորը անդրդուելի էր:

Ո՛չ մէկ զիջում: Ո՛չ մէկ բառ:

Երկու անձեր, որոնք ութսունհինգ եւ իննսուն տարեկանին դեռ իրարու ձեռք բռնած կու գային,  ինչպէ՞ս պիտի ապրին իրարու քով` իրարու հետ չխօսելով:

Անկարելի էր. որոշեցի այդ «պատերազմ»-ին վերջ տալ:

Երեք օր շարունակ մէկուն հետ խօսեցայ, միւսին հետ բանակցեցայ: Սրբուկը իրաւացի էր, Սերոբ աղբարը` ինքն ալ իրաւացի: Ամէն մէկը իր փոքրիկ ճշմարտութիւնը ունէր, եւ երկուքն ալ վճռած էին, որ առաջին քայլը իրենք պիտի չառնեն:

– Թող ինքը խօսի,- կ՛ըսէր Սրբուկը:

– Ես ինչո՞ւ խօսիմ, ինքը թող գայ,- կ՛ըսէր Սերոբ աղբարը:

Ես ալ` մէջտեղը խաղաղարար մը, որուն ոչ ոք զինադադար շնորհած էր:

Ա՛լ ճարահատ` Սերոբ աղբարին ըսի.

– Աղբա՛ր, այսքան տարի միասին ապրեցաք, այսքան բաներէ անցաք… հիմա մէկ մուճակի համա՞ր պիտի լռէք:

Բարկացած էի, ճարահատ` ձայնս քիչ մը խստացուցած էի:

Լռեց:

– Մամի՛կ, թող այս անգամ կարծէ, թէ ինք յաղթեց:

– Չէ՛, ես ալ յամառ եմ:

Այդ պահուն հասկցայ, որ այս երկուքը իրարու համար ստեղծուած էին նոյնիսկ իրենց յամառութեամբ:

Երկար խօսակցութիւններէ եւ քանի մը «ես չեմ երթար»-ներէ ետք, ճարահատ`  յանկարծ հրաշքը եղաւ:

Նայեցան իրարու:

Առաջին քայլը ո՞վ ըրաւ չեմ գիտեր:

Բայց քիչ ետք երկու ձեռքեր դարձեալ իրարու մէջ էին:

Եւ ես կողքէն, կարծես  երկար  պատերազմէն ետք խաղաղութեան դրօշը տեսած ըլլայի, խորունկ շունչ մը քաշեցի:

Հաշտութիւնը պէտք էր նշել:

Երեքով պաղպաղակ կերանք:

Այդ պաղպաղակը մինչեւ այսօր քաղցր է յիշողութեանս մէջ:

Յաջորդ օրը նոյն զոյգը սրահ մտաւ:

Նոյն ձեռքերը  իրարու մէջ:

Նոյն ժպիտը իրենց դէմքերուն:

Ես ալ հեռուէն նայեցայ ու ժպտեցայ:

Քիչ ետք Սերոբ աղբարը կամացուկ մը մօտեցաւ ինծի, գլուխը հակեց ականջիս եւ փսփսաց.

– Է՜հ… երբեմն էրիկ մարդ ըլլալդ ցոյց պիտի տաս: Ես յաղթեցի:

Աչքերուն նայեցայ եւ թեթեւ ժպտեցայ:

Այդ մէկ նախադասութիւնը մնաց մտքիս մէջ:

Որքա՜ն տարօրինակ է մարդ արարածը:

Կեանքի մեծ ցաւերը միասին կրած երկու հոգի կրնան երեք օր լռել  մէկ մուճակի մը պատճառով: Բայց նոյն այդ մարդիկը, իրենց տարիքին բոլոր աշունները ապրած, տակաւին ունին այն պարզ կարողութիւնը իրարու ձեռք երկարելու:

Այդ օրը  սիրտս խաղաղ տուն վերադարձայ, եւ ինծի հետ տուն եկաւ նաեւ այդ տեսարանը` երկու ծեր ձեռքեր, որոնք դարձեալ զիրար գտած էին:

Այդ պահուն մտածեցի, որ թերեւս երկար տարիներ միասին ապրիլը միայն կողք կողքի ծերանալ չէ:

Կեանքի ամբողջ իմաստը երբեմն այն է, որ վերջին տարիներուն ալ կողքիդ եղող ձեռքը չկորսնցնես:

Իսկ Սերոբ աղբարին համար, անշուշտ, պատմութիւնը ուրիշ վերջ ունի` ինքը յաղթած էր:

Թող այդպէս կարծէր…

Ես գիտէի, որ այդ օրը յաղթողը ո՛չ Սերոբն էր, ո՛չ Սրբուկը:

Յաղթած էր ՍԷՐԸ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հացին Երգը»-էն Դէպի Վարուժանի Անմահ Աշխարհը

Յաջորդը

Ապրուած Օրեր. Դ. Պէյրութ, 70-ականներ

RelatedPosts

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
Ապրուած Օրեր.  Դ. Պէյրութ, 70-ականներ
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Դ. Պէյրութ, 70-ականներ

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.