Հայաստանի հարաւով անցնող հայ-ամերիկեան «Թրամփի ուղի» նախագիծին մէջ ներդրումներու դիմաց մասնաբաժինի փոխանցման ձեւաչափ նախատեսուած չէ, եւ չի նախատեսուիր նման բան: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութիւնը:
Օգոստոսին Հայաստանի վարչապետին եւ Ղազախստանի նախագահին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք խըրխըզական լրատուամիջոցներէն մէկը, առանց որեւէ պաշտօնատարի յղում կատարելու, գրած էր, թէ Նիկոլ Փաշինեանը Կասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւին առաջարկած է, որ Ղազախստանն ու Խըրխըզիստանը «Թրամփի ուղի» նախագիծի բաժնետէր դառնան: Ըստ այս աղբիւրին, Երեւան առաջարկած է այս նախագիծին մէջ 26 տոկոս իր մասնաբաժինէն 5-ական տոկոս փոխանցել Ղազախստանին ու Խըրխըզիստանին` ներդրումներու դիմաց: Մնացած 74 տոկոս մասնաբաժինը, ըստ հայ-ամերիկեան համաձայնագիրին, կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն:
«Ազատութիւն»-ը գրաւոր հարցում յղած էր վարչապետ Փաշինեանին` խնդրելով պարզաբանել, թէ արդեօք այդպիսի առաջարկ ըրա՞ծ է Թոքայեւին: Հարցումը վերահասցէագրած էին նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան, ուրկէ պատասխանած են, որ «Թրամփի ուղի»-ին մէջ ներդրումներու դիմաց մասնաբաժիններ փոխանցելու ձեւաչափ չկայ եւ չի նախատեսուիր:
«Ազատութիւն»-ը վարչապետին նաեւ գրաւոր հարցուցած էր, թէ հայկական երկաթուղիներու ղեկավարումը Ղազախստանին փոխանցելու կարելիութիւն քննարկա՞ծ են: Նախարարութենէն ստացուած գրութեան մէջ այս հարցումին պատասխանը չկայ: Սակայն Փաշինեան քանի մը օր առաջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Ղազախստանին հայկական երկաթուղիին կառավարումը յանձնելու բեմագրութեան «դէմ չէ» Երեւան:
Հայկական կողմը դեռ տարեսկիզբէն Մոսկուային կ՛առաջարկէ հայկական երկաթուղիի 30-ամեայ ռուսական կառավարումը վաճառել բարեկամական երրորդ երկրի մը` պնդելով, որ Արեւմուտքի հետ թշնամական յարաբերութիւններ ունեցող Ռուսիոյ կառավարման պատճառով Հայաստան շրջանին մէջ կորսնցուցած է մրցակցութիւնը: Բայց եւ այնպէս Ռուսիա որեւէ պատճառ չի տեսներ հայկական երկաթուղիի շահագործման իր իրաւունքը ոեւէ մէկուն փոխանցելու համար եւ առայժմ մերժած է Երեւանի առաջարկը:


