44-օրեայ պատերազմի 6-րդ տարելիցի նշումը շատ ծանր զգացողութիւններ կը յառաջացնէ, պատերազմի առթած արհաւիրքին, անոր հետեւանքներուն, զոհերուն եւ յատկապէս հայրենիքի մէկ կարեւոր հատուածին, մեր երկրորդ հանրապետութեան կորուստին առումներով:
Անկախ ներկայացուող կամ ներկայացուելիք զեկուցումներէն եւ եզրակացութիւններէն, փաստեր պէտք է արձանագրել եւ փորձել պարզել այն հանգամանքները, որոնք հասցուցին այս արդիւնքին:
2018-ին պետութեան ղեկը ստանձնած ուժի ներկայացուցիչները տակաւ առ տակաւ փոխեցին մինչ այդ հաստատուած քաղաքական վարքագիծը, Արցախի նկատմամբ վարուած բանակցային քաղաքականութիւնը, վերաբերումը` Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ: Այս ընդհանուր ուղեգիծին վառ ապացոյցներն էին դէպի Արցախ պետական գործուղումներու դադրեցումը, Արցախի փոխարէն Լեռնային Ղարաբաղ ձեւակերումի օգտագործումը, բանակցութիւնները նախ զերօ կէտ վերադարձնելու որոշումը, յայտարարութիւնը առ այն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները լիազօրուած չեն Արցախի ժողովուրդին կողմէ բանակցութիւններ վարելու:
Այս ընդհանուր ուղեգիծի հետեւողականութեան տրամաբանութենէն դուրս հակասական թուացող «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ «յայտարարութիւնը խորքին մէջ բանակցային գործընթացէն դուրս գալ էր: Այս յայտարարութիւնը նաեւ ժխտում էր նախկին յայտարարութեան, որ Երեւանի իշխանութիւնները լիազօրուած չեն յանուն Արցախի ժողովուրդին բանակցելու: Այս յայտարարութիւնը ինքնորոշման այդ իրաւունքի ժխտում էր եւ յաչս միջազգային ընտանիքին Արցախի կցում Հայաստանի Հանրապետութեան: Այսպիսով ամբողջովին կը տապալէր բանակցային գործընթացը, եւ Ազրպէյճանին կը հրամցուէր յարձակելու պատրուակի ամբողջական հիմնաւորումներ: Պատերազմի սանձազերծման սկզբնական օրերուն, «ինչ ալ ըլլայ պատերազմի արդիւնքը մենք պէտք է մենք մեզ յաղթանակած նկատենք» յայտարարութիւնը եւս տարակուսելի մտադրութիւններու մասին հարցականներ կը ստեղծէր:
Այնուհետեւ պատահեցաւ այն, ինչ որ պատահեցաւ: Շրջափակում, կանխամտածուած սովամահութիւն, անցարգելներու վրայ առեւանգումներ, յարձակում, գերեվարումներ, ամբողջական հայաթափում, պարտադրուած լուծարում հանրապետութեան: Հիմա, մշակութային ցեղասպանութիւն, հայկական հետքերու ջնջում, պատմութեան նենգափոխում, հայկական քաղաքակրթութեան աղուանացում: Նոր նախապայմաններ, Սահմանադրութիւն փոխելու, պարտադրանք-ընդառաջում` ռազմական յանցագործութիւններու դէմ բացուած դատական հայցերու յետս կոչում, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի ծրագիրի փայփայում եւ անվերջ յիշեցում:
44-օրեայի 6-րդ տարելիցը սակայն, զոհերու յիշատակի լիարժէք յարգումի եւ անոնց թողած կտակը իրականացնելու եւ մանաւանդ տապալածը վերակերտելու համար, քանի մը ուղերձ կը պարփակէ.
– Ամբողջական գնահատում կատարել աշխարհաքաղաքական-տարածաշրջանային անվտանգութեան համակարգի վերափոխման հանգամանքներուն եւ նոր ճարտարապետութեան կառուցման նախադրեալներուն,
– Համահայկական օրակարգի ձեւաւորում, խորապէս գիտակցելով, որ Երեւանի այսօրուան վարիչները ոչ միայն կը շրջանցեն, այլ նաեւ կը հակադրուին անոնց,
– Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնում եւ ասոր իբրեւ առաջին ենթաօրակարգ` հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացում, միջազգային երաշխաւորութեամբ:
– Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու, անոր իրականացուցած ցեղային զտումի բազմաթիւ փաստագրումներու դատականացում միջազգային քրէական ատեաններու մօտ,
– Հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար միջազգային կառոյցներու մօտ իրաւական աշխատանքներ` Ազրպէյճանը ներկայացնելով իբրեւ քաղաքակրթութիւն բնաջնջող պետութիւն,
– Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու ազատ արձակումի նպատակով տարբեր պետութիւններու մօտ Ազրպէյճանի նկատմամբ ճնշումի քաղաքականութիւն ապահովող համատարած աշխատանքներու զարգացում,
– Արցախի պետական հաստատութիւններու զօրակցութիւն` նպատակ ունենալով ինքնորոշուած Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետութեան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու օրինականութեան պահպանումը,
– Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հաստատուած Արցախի բռնատեղահանուած ժողովուրդի բազմապիսի օժանդակութիւններու կազմակերպում:
Աշխատանքային այս ծրագիրը ունի անշուշտ իր ածանցեալ կէտերը: Բոլորը` յօգուտ Արցախի ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու լիակատար վերականգնումին ծառայող: Միայն այդ ձեւով շրջած կ՛ըլլանք մեր վրայ պարտադրուած ճակատագրորոշ խաղի կանոնները:
Խորհրդային-ազրպէյճանական բռնակցումի որոշումէն 70 տարի ետք, Արցախը վերադարձաւ հայութեան: Հիմա, իրադարձութիւնները արագ են եւ նախապէս երկարատեւ ժամանակ ենթադրող իրականացումները կրնան շատ աւելի կարճաժամկէտ սահմաններու մէջ առարկայանալ: Արցախի վերադարձը եւս, ներկայ արագակշռոյթ գործընթացներուն մէջ: Աշխարհաքաղաքականութիւնը կայուն չէ եւ ներկայ օրինաչափութիւններով յարափոփոխ, արագօրէն: Հրամայականը` մե՛ր պատրաստ ըլլալն է:


