Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան Շքանշանի Տուչութիւն Ճիւնիի Ակումբին Մէջ

June 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ 9 Յունիս 2012-ին ՀՄԸՄ Ճիւնիի «Ժան Ապաճեան» Սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշան եւ գնահատական գիր ստացան ՀՄԸՄ-ականներ ` Սալիմ Չամիչեան եւ Զարեհ Պալեան:

Վերոյիշեալ եղբայրները երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով ներկայ չէին կրցած ըլլալ 21 յունուար 2012-ին տեղի ունեցած նախորդ պարգեւատրման հանդիսութեան:

Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան , Հ.Յ.Դ. «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի, շրջանի մէջ գործող միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ Ճիւնիի վարչութեան կազմը եւ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր, եղբայրներ եւ հրաւիրեալներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄ Ճիւնիի ատենապետ` Րաֆֆի Ատուրեան, որ բարի գալուստ մաղթելէն ետք ներկաներուն, հրաւիրեց Ճիւնիի մասնաճիւղին մօտ ՀՄԸՄ Շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` Րաֆֆի Կէօվողլանեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան հաստատեց,  որ վարչութիւնը աշխուժ աշխատանք կը տանի վերակազմակերպելու համար մասնաճիւղը, այս առիթով ան բարձր գնահատեց երէց եղբայրներու ունեցած  ներդրումը ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց  Հայկ Թապագեան. ան հաստատեց որ 1950-ին ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը  մասնաւորաբար` կ՛ուռճանար նոր մասնաճիւղով մը` ՀՄԸՄ Ճիւնիի հիմնադրութեամբ, եւ այդ թուականէն սկսեալ Ճիւնիի ակումբը ժամադրավայրը եղած է ու պիտի շարունակէ ըլլալ ՀՄԸՄ Ճիւնիի ընտանիքին եւ շրջանի հայութեան: Թապագեան աւելցուց, որ Ճիւնիի մասնաճիւղը տարիներ շարունակ հակառակ  երկրի քաղաքական թէ տնտեսական ծանր պայմաններուն, յաղթահարեց ստեղծուած կացութիւնները, կարողացաւ վերակազմակերպուիլ ու  մասնաճիւղը պահել ամուր հիմերու վրայ:

Իր խօսքի աւարտին Հայկ Թապագեան  Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութիւնը, անդամները, սկաուտական ու մարզական խումբերը նորանոր յաջողութիւններ ու վերելք մաղթելով մասնաճիւղին:

Ապա` ան հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի  Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը, որպէսզի կատարէ Ծառայութեան շքանշաններու տուչութիւնը:

ՀՄԸՄ-ական երկու վաստակաշատ եղբայրներու` Սալիմ Չամիչեանի եւ Զարեհ Պալեանի միութենական գործունէութեան կենսագրականի ընթերցումէն ետք, եղբայրներ Չամիչեան եւ Պալեան բեմ բարձրացան, եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետին ձեռամբ պարգեւատրուեցան ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան շքանշաններով :

Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը  շնորհաւորեց զոյգ եղբայրները` յոյս յայտնելով, որ յաջորդ  սերունդները կը գործեն` օրինակ ունենալով այս պարգեւատրեալ  եղբայրները:

Նախորդը

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբին Հայաշունչ Ելոյթները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.