Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկա. Կարեւոր Յաղթանակէն Ետք Այսօր` Հայաստան-Մոնթենեկրօ

September 28, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ իրիկուն Հայաստանի ազգային խումբը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լաթվիան` «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

11 հազարէ աւելի համակիրներ ականատես եղած էին Հայաստանի կարեւոր յաղթանակին` Իրլանտայի դէմ վերջին յաղթանակէն տարի մը ետք:

Դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուէր Հայաստան, մանաւանդ որ 8 վիրաւորներու կողքին տակաւին մրցումի պահուն ալ վիրաւորուեցաւ Խուլիօ Պուենոն, մինչ Գէորգի Յարութիւնեան թեթեւօրէն վիրաւորուելով փոխարինուած էր 82-րդ վայրկեանին:

Ազգային խումբին հետ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին մարզիկներէն Արգիշտի Պետրոսեան, Էրիք Սիմոնեան իր կարգին իր ելոյթը ունեցաւ ազգային խումբին շապիկով: Պէտք է ըսել, որ այժմ Հայաստանի ազգային խումբը միայն 4 կեդրոնի պաշտպաններ ունի յառաջիկայ 3 մրցումներուն համար: Գէորգի Յարութիւնեանի, Արգիշտի Պետրոսեանի եւ Էրիք Սիմոնեանի կողքին Էրիկ Փիլոյեան կը մնայ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի խումբին մէջ:

Ռուսիոյ Ռոտինա խումբի յառաջապահ Արթուր Ղարիբեան իր կարգին առաջին մրցումը կատարեց ազգային խումբին հետ եւ նշանակեց մրցումին երկրորդ կոլը:

Գէորգի Յարութիւնեան, որ ընտրուած էր մրցումին լաւագոյն մարզիկը, 31-րդ վայրկեանին կոլ նշանակած էր խմբապետ Էդուարդ Սպերցեանի օդային փոխանցումէն ետք:

Ժիրայր Շաղոյեանի փոխանցումէն օգտուեցաւ Ղարիբեան, որ դաշտ մուտք գործելէն 6 վայրկեան ետք գնդակը զետեղեց Լաթվիոյ բերդին մէջ` ինքն իր վրայ դառնալով:

Այսօրուան մրցակից Մոնթենեկրօ համեմատաբար աւելի դժուար է, բայց այս մրցումին ալ պէտք է խմբային խաղով դրական արդիւնք ձեռք բերել: Իր առաջին մրցումին, Մոնթենեկրօ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Կիպրոսը:

Ա. կարգի խումբերէն Ֆրանսա պիտի մրցի Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ: Ուրբաթ օր Ֆրանսա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Թուրքիոյ, Քոճաէլիի մէջ, շնորհիւ Քիլիան Էմպափէի կոլին: Էմպափէ վիրաւորուած էր, եւ մօտ 10-12 օր հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն:

Պելճիքա իր կարգին օտար դաշտին վրայ յաղթած էր Իտալիոյ` 2-0 արդիւնքով: Իտալիոյ ազգային խումբը պիտի մեկնի Թուրքիա` մրցելու համար տեղւոյն խումբին դէմ:

Շաբաթ գիշեր հետաքրքրական մրցումի մը, աշխարհի ախոյեան Սպանիա 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոնտոնի Ուեմպլի դաշտէն:

Լամին Եամալ 2-րդ վայրկեանէն բացաւ հաշիւը` գնդակը «գողնալէ» ետք Մարք Կեհիէն: Անթոնի Կորտըն եւ Հերի Քէյն փոխադարձեցին կիսախաղի վերջին 9 վայրկեաններուն, հակառակ անոր որ Սպանիա աւելի լաւ կը խաղար:

Բ. կիսախաղին Անգլիա աւելի վտանգաւո էր, եւ Քէյնի կորսնցուցած փենալթին մեծ դեր ունէր 3 կէտերը կորսնցնելուն մէջ: Քէյն փենալթին հարուածելու ատեն սահելով երկու անգամ դպած էր գնդակին, որ արդէն չէր մտած Սպանիոյ բերդին մէջ:

Ալեքս Պայենա եւ Միքել Օյարսապալ նշանակեցին կոլեր` Անգլիոյ մէջ ձեռք ձգելով 3 կարեւոր կէտեր:

 

Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. Ռասըլ Շահեցաւ Ազրպէյճանի Կրան Փրին

Յաջորդը

«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ  Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը

September 28, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն

September 28, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.