Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատի Համար Կանգուն` 109 Սկաուտներու Անմոռանալի Ճանապարհը «Արարատի Համար Կանգուն» Խորագիրով

September 28, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար դարձաւ բացառիկ փորձառութիւն մը, որուն ընթացքին սկաուտական կեանքը միացաւ հայրենի հողին վրայ հայ երիտասարդներու ապրած խանդավառութեան եւ աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ համախմբուած  ՀՄԸՄ-ականներու հարազատութեան:

Այս մեծ բանակումին իր արժանավայել եւ աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը` 109 հոգինոց պատուիրակութեամբ, որուն մաս կը կազմէին Պէյրութի, Անթիլիասի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերու սկաուտները:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Թալին Ալապաշեան-Փափիրեան եւ փոխխմբապետ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետ Սագօ Եագուպեան:

Բանակումը սկսաւ Հայաստան հասնելէ շատ առաջ իսկ

Լիբանանի պատուիրակութեան համար բանակումը սկսաւ Հայաստան մեկնելու նախորդող աշխատանքներով` երկու նախապատրաստական միօրեայ սեմինարներ, որոնք միայն տեղեկատուական բնոյթ չունէին, այլ դարձան համախմբման, մօտէն ծանօթացման եւ բանակումին ոգին ապրելու առաջին քայլերը:

Առաջին սեմինարի ընթացքին մասնակիցները մանրամասնօրէն ծանօթացան` բանակումի ծրագիրին, աշխատանքներուն, օրէնքներուն, տեղի ունենալիք պտոյտներուն, խաղերուն:

Կազմուեցան խումբերը եւ խմբակներ, յանձնախումբեր` քարոզչականի, մշակոյթի օրուան, զարգացման մրցումի, ձեռային աշխատանքներուն եւ խարուկահանդէսի համար: Այս սեմինարին մասնակիցները առիթը ունեցան Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակցութիւն  բերած խմբապետներու փորձառութիւնները լսելու եւ հարցումներ ուղղելու. առաջին սեմինարէն ետք տեղի ունեցան բազմաթիւ կազմակերպչական եւ գումակային աշխատանքներ` անդամները միասնաբար հաւաքուեցան ու պատրաստեցին գոյքերը, ստուգեցին վրանները եւ կատարեցին անհրաժեշտ դասաւորումները:

Յանձնախումբերը ունեցան իրենց հերթական ժողովները, ծրագրեցին ու պատրաստեցին ձեռայինի յատակագիծը, խարուկահանդէսին եւ մշակոյթի օրուան մանրամասնութիւնները, իսկ երկրորդ սեմինարին դարձեալ բոլորը միատեղ կատարեցին` փորձերը, մրցումներ, ներկայացումներ եւ խարուկահանդէսի փորձեր:

Այս նախապատրաստական շրջանը իր կարեւոր դերը ունեցաւ, որովհետեւ 109 մասնակիցներ Հայաստան չմեկնեցան միայն իբրեւ առանձին սկաուտներ, այլ` իբրեւ մէկ ամբողջական եւ միասնական պատուիրակութիւն:

Եւ վերջապէս հասաւ մեկնումի օրը: Լիբանանի պատուիրակութեան անդամները հաւաքուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոն` իրենց գոյքերով, վրաններով, պայուսակներով եւ ամէնէն կարեւորը` մեծ ոգեւորութեամբ:

Այս պահը սովորական ճամբորդութեան պահու չէր նմաներ. անոնք գիտէին, որ կը մեկնին Հայաստան` մասնակցելու Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մը, հանդիպելու աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն, քանի մը օր ապրելու այնպիսի փորձառութիւն մը, որ երկար պիտի մնայ իրենց յիշողութեան մէջ: Կը մտածէին այդ պահուն, որ պիտի հասնէին Բիւրական` «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայր եւ ի՜նչ պիտի տեսնէին…

«Շաղզոյեան» կեդրոնէն մինչեւ օդակայան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդի անդամներ ընկերակցեցան մասնակիցներուն:

Ուղին լեցուն էր խանդավառութեամբ, երգերով ու ժպիտներով: Իւրաքանչիւրին մտքին մէջ նոյն հարցումն էր` ի՞նչ պիտի ընենք Հայաստան, ո՞ւր պիտի երթանք…

Հայաստան Ժամանում

Երբ հասան «Զուարթնոց», արդէն բոլորին աչքերուն մէջ շատ յստակ էր, որ նոր էջ մը պիտի սկսի, հոն արդէն երազը դէպի իրականութիւն կ՛ընթանար, եւ մթնոլորտը փոխուեցաւ կանչերով ու երգերով, անոնք աւելի ուժեղացան, բոլորին համար Հայաստանը այլեւս հեռուէն երեւցող հայրենիք մը չէր, այլ` իրականութիւն, հայրենի հողին վրայ ուրախութիւն հպարտութիւն, յուզում, խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն միացան իրարու:

Շատերու համար առաջին այցելութիւնն էր ասիկա, անոնց առաջին տպաւորութիւնը եղաւ այն, որ հոն ամէն մարդ հայ է, հայերէն կը խօսի, ամէն տեղ հայերէն գրուած է: Շատերու համար խոր զգացում ստեղծուեցաւ` «Մենք տուն եկանք»-ի, անոնք հայրենի հողին վրայ էին իրենց ՀՄԸՄ-ականի տարազով, փողկապով եւ դրօշով:

Հարազատ Եւ Անմոռանալի Բանակում

Բիւրականի մէջ ՀՄԸՄ-ի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրը դարձաւ այն վայրը, ուր տարբեր երկիրներէ եկած սկաուտներ միացան մէկ մեծ ընտանիքի` մէկ մեծ դրօշակի տակ, եւ «Արարատի համար կանգուն» նշանաբանը աստիճանաբար դարձաւ ոչ միայն բանակումին խորագիրը, այլ նաեւ` ամէն մէկ մասնակիցի ապրած զգացումը:

Աշխարհի տարբեր ծագերէ հայրենի հողին վրայ համախմբուած միութենականները եռանդով դիմաւորեցին զիրար եւ անցան աշխատանքի` բանակավայրը պատրաստեցին երգերով ու բարձր տրամադրութեամբ:

Բանակումի օրերը անցան խիտ, ճոխ եւ բազմազան ծրագիրներով: Ծանօթացումը, աշխատանքները եւ խաղերը մասնակիցներուն օգնեցին` արագ կապեր հաստատելու եւ իրարու հետ մտերմանալու, զբօսնելու եւ միասին յիշատակելի ժամեր անցընելու:

Տարբեր երկիրներէ ժամանած սկաուտները, որոնք առաջին օրը անծանօթ էին, քանի մը օր ետք դարձան…

Comps Olympics-ը, ռելի մրցումը, զարգացման մրցումը եւ «Կինես» մրցանիշի նախաձեռնութիւնները բանակումին տուին մրցակցային, բայց միաժամանակ ընկերական եւ ուրախ մթնոլորտ:

Համաշխարհային սկաուտութեան աշխարհի մեծագոյն շուշանածաղիկը Բիւրականի մէջ 809 մասնակիցներով կազմելով եւ համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրք մուտք գործելը իւրաքանչիւր սկաուտի արժանապատուութիւնն էր, ուժն էր, կամքն էր, շուշանածաղիկին սահմաններուն մէջ կանգնելով` ամէն մէկ սկաուտի սրտի զարկը կը լսուէր, երախտագիտութիւն եւ հպարտութիւն, պարծանք ու յարգանք կային անոնց մտքին ու հոգիին մէջ:

Մրցանակի յայտարարութեան պահուն «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրը թնդաց 940 սկաուտներու ցնծութեան ձայներով: Տօնական մեծ օր էր ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար:

Բանակումը միայն խաղ եւ մրցակցութիւն չէր, այլ առիթ էր նաեւ հայրենիքը ճանչնալու եւ ապրելու բացառիկ պահեր, այցելութիւններ կազմակերպուեցան դէպի Հայաստանի տարբեր վայրեր, ինչպէս` Գիւմրի, իսկ «Սիթի հանթ»-ի միջոցով մասնակիցները աւելի հետաքրքրական ձեւով ծանօթացան քաղաքին:

Այցելութիւններէն տպաւորիչ էր էջմիածինը, ուր մեծ ուրախութեամբ մեզ ընդունեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ յղեց իր պատգամը` հաւատարիմ մնալու մեր ազգին եւ հայրենիքին:

Այցելեցինք նաեւ Օհանավանք, Սաղմոսավանք եւ Տառերու պուրակ: Տպաւորիչ էր Եռաբլուր տրուած այցելութիւնը, երբ ՀՄԸՄ-ականները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակներու շիրիմներուն առջեւ խոնարհելով: Նաեւ կարելիութիւն տրուեցաւ Երեւանի մէջ շրջելու, վայելելու հայրենիքը: Յատկանշական էր բոլոր սկաուտներուն ընդհանուր տողանցքը` Մատենադարանէն դէպի օփերայի հրապարակ, ուր սկաուտները հաստատ եւ հպարտ քայլերով տողանցեցին:

Իսկ Արագած լեռ բարձրանալը դարձաւ յատուկ փորձառութիւն մը, բարձրանալը միայն ֆիզիքական ուժի փորձարկում չէր, այլ սկաուտները ամէն մէկ դժուար քայլի մէջ կը զգային ուժ, զօրութիւն, կամք եւ նպատակ: Անոնք չմտածեցին յոգնութեան կամ դժուարութեան մասին, այլ վճռած էին հասնիլ գագաթ եւ այդ մէկը ընելու համար իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին:

Լիբանանի պատուիրակութիւնը իր յատուկ դերը ունեցաւ տաղաւարներու ներկայացման օրը, երբ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ականները մեծ խանդավառութեամբ, երգով, պարով, զարդարանքներով ներկայացուցին իրենց ապրած երկրի մշակութային ինքնութիւնը, լիբանանեան ուտեստեղէնները ճոխացուցին կրպակը, ծանօթացուցին լիբանանեան տարազները, երգերը, պարերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պատուիրակութենէն խումբ մը տաղանդաւոր եղբայրներ իրենց երաժշտական գործիքներով ճոխացուցին մթնոլորտը` շրջելով եւ այցելելով բոլոր շրջաններու կրպակները:

Խարուկահանդէսները դարձան անմոռանալի յիշատակներով լեցուն, երբ կրակին շուրջ հաւաքուած սկաուտներ երգեցին, պարեցին, պատմեցին, ծիծաղեցան եւ պահ մը մոռցան հեռաւորութիւնները:

Լիբանանի պատուիրակութիւնը մեծ շուքով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուց իր խարուկահանդէսը, որուն նիւթն էր` Լիբանանի մէջ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ը, ապա` մասնաճիւղերը: Աշխարհի չորս ծագերէն հայրենիքի մէջ, ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ համախմբուած մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ականներուն ներկայացուեցաւ լիբանանեան մշակոյթը` երգեր-պարեր, սքեչներ` լիբանանեան մշակոյթին պատկանող: Խարուկահանդէսին իր տեղը ունեցաւ նաեւ հայկական մշակոյթը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան անդամները խորհրդանշական կերպով միասնականութեամբ ջահը վառեցին, դրօշները կազմեցին տարբեր բուրգերով եւ բանակումի նշանաբանով, իսկ ՀՄԸՄ-ի խոստումով փակեցին խարուկահանդէսը:

Այս բոլոր աշխատանքներէն ետք պէտք է յիշենք մեր մրցանակները, որոնք արգասիքն էին հետեւողական, կազմակերպական եւ սկաուտական ոգիով պատրաստուած աշխատանքներուն:

Լիբանանի պատուիրակութիւնը համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը աւարտեց հետեւեալ յաջողութիւններով եւ մրցանակներով.

Զարգացման մրցում` առաջին դիրք,
Մշակութային օրուան մրցում` առաջին դիրք,
Խարուկահանդէս` երկրորդ դիրք,
Ռելի փէյփըր` երկրորդ դիրք,
Ձեռային աշխատանքի մրցանակ` երկրորդ դիրք:

Լիբանանի ՀՄԸՄ-ականները բանակումին ընթացքին չսահմանափակուեցան միայն ընդհանուր ծրագիրին մասնակցելով, այլ Լիբանանի պատասխանատուներն ու սկաուտները իրենց ներդրումը ունեցան խաղերու կազմակերպման, տարբեր աշխատանքներու իրականացման եւ ընդհանրապէս զանազան գործունէութեան օժանդակելու:

Անոնք իրենց աշխուժութեամբ օգնեցին ստեղծելու բարձր տրամադրութիւն եւ համագործակցութեան մթնոլորտ, անդամները իրենց ներկայութիւնը ամէնուր զգալի դարձուցին եւ նոր ընկերութիւններ կերտեցին, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցան մասնակցելու Լիզպոնի նուիրուած ձեռնարկին:

Բանակումի ընթացքին Լիբանանի պատասխանատուները իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան տարբեր աշխատանքներու կազմակերպման եւ իրականացման մէջ, անոնք օժանդակեցին խաղերուն եւ աշխատանքներուն: Լիբանանի պատասխանատուներուն համար կարեւոր էր ոչ միայն մեր պատուիրակութեան հետեւիլը, այլեւ` ամբողջ բանակումին օգտակար ըլլալը:

Լիբանանի պատուիրակութեան կարեւորագոյն ներդրումներէն մէկը եղաւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելու կարողութիւնը. ազատ պահերու Լիբանանի սկաուտները իրենց աշխուժութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ, որ վարակիչ էր, օգնեցին, որ տարբեր պատուիրակութիւններ շատ արագ ու անմիջական կերպով իրարու մօտենան, իսկ կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մէկը եղաւ կամուրջներ կառուցելը. կամուրջ` Լիբանանի եւ աշխարհի տարբեր շրջաններու միջեւ:

«Արարատի համար կանգուն» բանակումը Լիբանանի պատուիրակութեան համար չեղաւ պարզապէս սկաուտական գործունէութիւն մը, այլ` հայրենիքի հետ հանդիպում, նոր կապերու ստեղծում եւ ՀՄԸՄ-ական ոգիի վերանորոգութիւն:

Մեր սկաուտները Հայաստան մեկնեցան մեծ սպասումով եւ վերադարձան իրենց սրտերուն մէջ Հայաստանէն բաժին մը ամփոփած` նոր փորձառութիւններ, նոր ընկերութիւն եւ անմոռանալի յիշատակներ:

Լիբանան միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու եւ իր կարեւոր ներդրումը ունենալու:

Համա- ՀՄԸՄ-ական բանակումի աւարտին, Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ,  տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք մը, որուն ընթացքին համախմբուեցան բոլոր մասնակցողներն ու խմբապետները:

Բանակումին ընթացքին ստեղծուած նոր կապերը աւելի ամրապնդուեցան, երեկոն վերածուեցաւ ուրախութեան ու ցնծութեան առիթի, այս ընթրիքը դարձաւ բանակումի յիշատակներուն գեղեցիկ եզրափակումը:

Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի ծրագիրին զուգահեռ, Լիբանանի պատուիրակութեան համար կազմակերպուեցան երկու յատուկ պտոյտի օրեր:

Պատուիրակութիւնը այցելեց Խոր Վիրապ, ուր մասնակիցները ապրեցան հայրենի հողին եւ քրիստոնէական մեր պատմութեան հետ հաղորդակցութեան գեղեցիկ պահեր, իսկ երկրորդ ուղեւորութիւնը դէպի Սարդարապատ էր, որ իր նշանակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ մեր յիշողութեան մէջ, պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ այս կարեւոր վայրին պատմութեան:

Պտոյտի օրերուն կարեւոր տեղ ունէին ազատ ժամերը, անդամները վայելեցին Երեւանը եւ հաճելի պահեր անցուցին:

Այսպիսով, բանակումը ամբողջացաւ ոչ միայն սկաուտական աշխատանքով եւ բանակումով, այլ նաեւ սկաուտները առիթ ունեցան վայելելու Հայաստանը:

Արարատեան կարգ

Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի նախորդող օրերուն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Արարատեան կարգի գործնական բանակումը եւ տուչութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն 22 միութենականներ: Այս բանակումը տեղի ունեցաւ Աղաւնաձորի մէջ, ուր անդամները ներկայացուցին իրենց պատրաստած աշխատանքները` լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրելով, իսկ անոնք Արարատեան կարգը ստացան Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի բացման հանդիսութեան օրը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանէն «Արարատեան» կարգ ստացան` Սանահին Թովմասեան, Ալիք Մեսրոպեան, Մարիա Վարդանեան, Նելլա Ժըհայէմ, Սարօ Սէրուժեան, Էւա Ղազարեան, Սելին Ղազարեան, Սեւակ Հապէշեան, Մեղեդի Սնապեան, Նանար Հաւաթեան, Արի Աւետիս, Հրակ Մեսրոպեան, Նարօտ Մերտխանեան  եւ Մեղրի Չէրչեան:

 

Նախորդը

Օսմանեան Դարաշրջանի Երկաթուղիին Վերածնունդը Եւ Թուրքիոյ Աշխարհատնտեսական Շահերը Միջին Արեւելքի Մէջ

Յաջորդը

Մեր Առաքելութիւնը Սոսկ Քաղաքական Չէ. Սա Պատմական Պատասխանատուութիւն Է Սերունդների Առջեւ*

RelatedPosts

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»
Հայրենի Կեանք

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»

September 24, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 23, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.