«Մենք մեր կեցուածքը արտայայտեցինք մեկնելով մեր քաղաքական կեցուածքէն», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, նախանցեալ օր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի միջեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի ներկայութեան կայացած հանդիպումէն ետք:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` նախարար Ռաժժի երկխօսութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց առնչակից բոլոր կողմերուն հետ` նշելով, որ ոչ մէկ արգելք կայ ձեռք երկարելու որեւէ կողմի: «Մենք մեր ձեռքերը կ՛երկարենք որեւէ կողմի», ընդգծեց նախարար Ռաժժի:


