ԱՐԱԶ ՆԱՇԱԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կան հոգիներ, որոնք իւրայատուկ են, զանոնք չես կրնար բաղդատել ուրիշի մը հետ կամ նմանցնել ոեւէ մէկուն: Սոնա Ճէրէճեանը այդպիսի անձ մըն էր: Ուսուցիչ, առաջնորդ, ընտանիք, մեծ քոյր, մեծ մայր, երկրորդ մայր, չեմ գիտեր` ո՛ր մէկն է ճիշդ անուանումը: Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս բացատրեմ… Չկայ բառ մը, որ զինք կը ներկայացնէ:
Բախտը ունեցայ տոքթ. Ճէրէճեանին ծանօթանալու մագիստրոսականի տարիներուս: Անոր մէջ գտայ ոչ միայն ուսուցիչ մը, այլ նաեւ` ընկեր, հասկցող անձ, հետաքրքրական եւ ծարաւ միտք, որ չի յագենար սորվելէ եւ յառաջդիմելէ:
Ժամանակի ընթացքին մենք մտերմացանք եւ ուսուցչութենէն դադրելէն ետք յաճախակի կը հանդիպէինք: Իր Պոլոնիայի պատշգամի ծաղիկները ականատես ու ականջալուր էին մեր զրոյցներուն: Ժամե՜ր… ան գիտելիքներու կոյտ մըն էր: Կը մթնէր, տակաւին ես պիտի վերադառնայի Պէյրութ, բայց այնքան սորվելիք կար, որ կարծես չէի ուզեր, որ օրը աւարտէր:
Թէեւ ինձմէ 50 տարի մեծ էր, բայց անոր հոգին մանուկ էր, կեանքի հանդէպ մօտեցումը հետաքրքրական, իսկ խրատները` իմաստուն: Ան գիտէր` ե՛րբ` ինչ ըսէր եւ տարօրինակ կարողութիւն ունէր հասկնալու դիմացինը: Խորապէս կը թափանցէր անձին հոգիին մէջ եւ կարողութիւնները կը տեսնէր նոյնիսկ նախքան անձին կողմէ նկատուիլը: Խոհեմ, ուշիմ, լաւ կը լսէր եւ լաւ կը բացատրէր: Սոնա Ճէրէճեանը ինծի համար ուսուցիչ չէր, ընկեր էր, հոգի մը, որ ճամբաս աւելիով լուսաւորած է: Անոր հետ խօսակցութիւնը շատ դռներ կը բանայ ուղեղիդ մէջ: Շատ յաճախ կ՛ուզէի իմ գաղափարներս հետը արծարծել, ան ամենայն համբերութեամբ կը լսէր, ժամանակ կը տրամադրէր եւ կարծես խորապէս կը սուզուէր նիւթին յատակը եւ կը պարզաբանէր զայն:
Սոնա Ճէրէճեանին կորուստը ինծի համար շատ մեծ ցնցում էր: Նոյն վայրկեանին հեռաձայնեցի իր թիւին` կարծես ուզեցի ձայնը լսել, որպէսզի ալեկոծ հոգիս հանդարտեցնէր: Շատ վստահ էի, թէ չի կրնար ըլլալ, որ Սոնան մեզմէ հեռանար. կեանքին հանդէպ անոր տենչը, սորվելու մնայուն ծարաւը, տալու անսահման սէրը չէին արտօներ իրեն, որ հեռանայ: Չէր կրնար ըլլալ, որ սպառէր անոր կորովը, կենսունակութիւնը, թէեւ մարմինը չէր օգներ, բայց ամէն օր նոր ուսումնասիրութիւններ, նոր ծրագիրներ եւ արհեստագիտութեան վերաբերող նոր հարցումներ ունէր: Ան տակաւին կ՛ուզէր աշխատիլ եւ տալ: Անոր լուսաւոր ուղեղը, անոր ծարաւը` կեանքի իմաստութեան եւ ուսման հանդէպ, անյագ էին:
Ահա արդէն երեք ամիսներ անցան, որ Սոնա Ճէրէճեանը այլեւս մեր մէջ չէ, բայց իմ մտքիս մէջ ան իր փայլուն, խաղաղ դէմքով նստած է իր մեծ բազկաթոռին` շրջապատուած գունաւոր ծաղիկներով, կը խմէ իր «Թաֆեշ»-ի սուրճը, զոր յաճախ նախօրօք ապսպրած կ՛ըլլար. «Արա՛զ, եկած ատենդ «Թաֆեշ»-էն էքսթրա հել քոլոմպիըն սուրճ բեր»: Ականջիս մէջ է անոր ձայնը, երբ տարբեր դասաւորումներ կատարելով` նոր ծրագիր ստեղծած է ու կը պատմէ այդ մասին, եւ կամ պիտի հեռաձայնէ, որ ըսէ` «Արհեստագիտութիւնը թշնամիս է», կամ պարզապէս պիտի հեռաձայնէ, որ կիսէր յիշատակ մը, նիւթ մը:
Ինծի համար Սոնա Ճէրէճեանը տակաւին ներկայ է կեանքիս մէջ: Սոնան ներկայ է իր իւրաքանչիւր խրատով` իմ կեանքիս իւրաքանչիւր փուլին տրուած: Սոնային իմաստութիւնը մէջս է:
Ուսուցիչ ըլլալը ինքնին նուիրում մըն է, բայց ան ուսուցիչէն աւելին է, ան ներկայ է իր քառասունչորս թեզ պատրաստող ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն մէջ: Թէեւ ան համալսարանին մէջ իմ խորհրդատուս չէ եղած, սակայն իմ դասընկերներէս շատերուն զաւակները «օրօրած է», որ անոնք թեզերը պատրաստեն, շատերու մայր եղած է, ուրիշներուն ուժ տուած է, որ շարունակեն, նաեւ ամէն մէկուս մէջ վառած է լոյս մը եւ խոստում մը, որ մենք ալ մեր կարգին փորձենք լոյսի նշոյլ մը տալ յաջորդ սերունդներուն:
Իրական ղեկավարը դրական եւ սիրով ողողող է եւ լոյս սփռողը: Սոնա Ճէրէճեանը ինծի համար իսկական ղեկավարի մը տիպարն է:


